Ոտնձգութիւն Հրանդի յիշատակին դէմ

19Յունուարի, Հրանդ Տինքի մահուան յիշատակման նախօրէին Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան կղզիներու մասնաճիւղը վերտառութիւն մը տեղադրած էր Հրանդ Տինքի անունը կրող զբօսայգիին մէջ։ Այդ վերտառութիւնը յարձակումի ենթարկուեցաւ ու պատրուեցաւ կղզիաբնակ պարտիզպանի մը կողմէ։ Պարտիզպանին ինքնութիւնը պարզուեցաւ տեսախցիկներու միջոցաւ։ Ապա յայտնի դարձաւ, որ յարձակումը իրականացնողը Օսման Եէթեր անունով անձ մըն է, որ իբրեւ պարտիզպան կ՚աշխատի նաեւ Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Անձը նախ բերման ենթարկուեցաւ կղզեաց ոստիկանութեան կողմէ, ապա ազատ արձակուեցաւ։ Դէպքի մասին պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարութիւն մը ըրաւ, ըսելով թէ կարելի չէ նման դէպքի մը դիմաց անտարբեր մնալ։ «Գնալը կղզի այն վայրն է, ուր յատկապէս ամառնային ամիսներուն մեծ թիւով հայեր կը բնակին։ Այսպիսի վայրի մը մէջ Հրանդ Տինքի յիշատակին դէմ անարգանքը կարելի չէ, որ իւրացուի»։ Փայլան աւելցուց ըսելով, թէ ինք անձամբ պիտի հետապնդէ այս դէպքը։

Միւս կողմէ կարծիքը լսելու համար դիմեցինք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւոր Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանին։ Շատեան յայտնեց, թէ այս դէպքէն ետք վերջ տրուած է պարտիզպանի պաշտօնին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ