«Կը Հաւատամ Յարութեան»

Անգամ մը եւս նշեցինք «Ակօս»ի հիմնադրութեան տարեդարձը, որ կը զուգադիպէր 1996 թուականի Սուրբ Զատկին։ Այդ տարի Զատիկը նշած էինք 5 Ապրիլին եւ նորավախճան Մեսրոպ Պատրիարք ալ այս առթիւ թերթիս համար շարադրած էր Զատկի խորհուրդին մասին իր զգացումները ցոլացնող շահեկան յօդուած մը։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք այդ յօդուածը անգամ մը եւս յիշելով երջանկայիշատակ Պատրիարքի թանկագին աւանդը, շնորհաւորելով նաեւ մեր ընթերցողներու 
Սուրբ Զատիկը «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս»։

ՄԵՍՐՈՊ ՍՐԲԱԶԱՆ

 

Ուղիղ յիսուն տա­­րիներ առաջ Իս­­րա­­­յէլա­­ցի աշ­­խարհահռչակ հնա­­գէտ փրո­­ֆէօսէօր Է. Լ. Սու­­քե­­­նիք Երու­­սա­­­ղէմի արո­­ւար­­ձաննե­­րէն Թալ­­փիոթի պե­­ղումնե­­րու ըն­­թացքին յայտնա­­բերեց շի­­րիմ մը։ Ան­­շուշտ ինք այդ պա­­հուն չէր գի­­տեր թէ յայտնա­­բերա­­ծը Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի պա­­տումնե­­րէն դուրս առա­­ջին փաս­­տա­­­ցի գտա­­ծոն էր Յի­­սու­­սի գո­­յու­­թիւնը փաս­­տե­­­լու հա­­մար։ Շի­­րիմին վրայ կար շատ կարճ եր­­կու աղօթք։ «Յի­­սուս օգ­­նէ զմեզ» եւ «Յի­­սուս կեն­­դա­­­նացուր այստեղ ննջո­­ղը»։

Այս եր­­կու աղօթ­­քը կը փաս­­տեն թէ իր ժա­­մանա­­կակից­­նե­­­րը իսկ կը պաշ­­տէին Յի­­սու­­սին եւ անոր հե­­տեւող­­նե­­­րը կը հա­­ւատա­­յին Դա­­տաս­­տա­­­նի օրո­­ւան։

Հրեայ պատ­­մա­­­բան Յո­­սէփոս 93 թո­­ւին գրի առած պատ­­մութեան մէջ կը գրէ հե­­տեւեալը. «Եթէ կա­­րելի է զինք մարդ հա­­մարել, Յի­­սուս անուն գի­­տուն մը յայտնո­­ւեցաւ։ Հրաշքներ գոր­­ծեց եւ ու­­սուցչու­­թիւն ըրաւ իրո­­ղու­­թիւնը ըն­­դունիլ ու­­զողնե­­րուն։ Գրա­­ւեց բազ­­մա­­­թիւ հրեաներ եւ օտար­­ներ։ Փրկիչ էր։ Հրէից աւա­­գանին բո­­ղոքեց իր դէմ եւ Պի­­ղատո­­սի հրա­­մանաւ խա­­չելու­­թեան դա­­տապար­­տո­­­ւեցաւ։ Բայց իրեն հա­­ւատա­­ցող­­նե­­­րը չհրա­­ժարե­­ցան այդ հա­­ւատ­­քէն, քան­­զի ան խա­­չելութեան եր­­րորդ օրը երե­­ւեցաւ իրենց։ Մին­­չեւ այ­­սօր անոր հա­­ւատա­­ցող քրիս­­տո­­­նեաներ կան»։ Յո­­սէփոս որ քրիս­­տո­­­նեայ չէր, իր գիր­­քե­­­րու արա­­բերէն եւ յու­­նա­­­րէն թարգմա­­նու­­թիւննե­­րու շնոր­­հիւ հա­­սած է մեր օրե­­րուն։ Ան հոգ­­չէ թէ մի քիչ պղտոր եղա­­նակով, իր ժա­­մանա­­կի ան­­ցուդարձնե­­րը փո­­խան­­ցած է մեր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն։

Վե­­րեւ նշո­­ւած­­նե­­­րը Յի­­սու­­սի յա­­րութեան մա­­սին վկա­­յու­­թիւննե­­րուն չնչին մէկ մա­­սը կը կազ­­մեն։ Անոնք Աս­­տուածա­­շունչի մէջ նշո­­ւած գի­­տելիք­­ներ չեն։ Ոչ ալ իր աշա­­կերտնե­­րուն կող­­մէ գրո­­ւած։ Խոս­­տո­­­վանիմ որ ինչքան ալ հե­­տաքրքրա­­կան թո­­ւին, իմ Յի­­սու­­սի յա­­րու­­թեան հա­­ւատա­­լու գոր­­ծօննե­­րը այս պա­­տումնե­­րը չեն։ Իմ վրայ ազ­­դո­­­ղը անոր առա­­քեալ­­ներն են։ Ոմանք բժիշկ, ոմանք ձկնորս, ոմանք պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեայ, այ­­սինքն մեզ նման սո­­վորա­­կան մար­­դիկ։ Յի­­սու­­սը ճանչնա­­լէ ետք բո­­լորն ալ աշա­­կերտ դար­­ձած։ Առանց յե­­տին նա­­յելու։ Մերթ կաս­­կա­­­ծամիտ, իրենց աչ­­քե­­­րով տե­­սած­­նե­­­րուն իսկ հա­­ւատա­­լու դժո­­ւարա­­ցող, մերթ տե­­ղի ան­­տե­­­ղի սխալ բա­­ներ ըսող եւ այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ յան­­դի­­­մանո­­ւող­­ներ։

Յի­­սու­­սի հրա­­շագոր­­ծութիւննե­­րը տես­­նե­­­լով զար­­մանքի մատ­­նո­­­ւող­­ներ, ու­­րա­­­խացող­­ներ, միայն մէկ բա­­ցառու­­թեամբ՝ բո­­լորն ալ ուղղա­­միտ մար­­դիկ։

Հա­­պա՛ կա­­նայք, անոր քա­­րոզ­­նե­­­րը լսե­­լով կեան­­քերնին նոր իմաս­­տներ ստա­­ցող կա­­նա՞յք։ Բայց բո­­լորն ալ հաս­­տատ գի­­տեն, ան է իրենց սպա­­սած փրկի­­չը։ Նա­­խապէս եր­­բեք չէին տե­­սած իր նման հռե­­տոր։ Կը դի­­մեր հա­­զարա­­ւոր­­նե­­­րու, բայց իւ­­րա­­­քան­­չիւրը այնպէս կը տպա­­ւորո­­ւէր թէ խօս­­քը ուղղո­­ւած է միայն իրեն։ Նա­­խապէս ոչ ոք գա­­լիլեացի այս ու­­սուցի­­չի նման պատ­­մած էր Աս­­տուծոյ մա­­սին։ Այո, ան թան­­կարժէք էր եւ պէտք էր ծա­­ռայել իրեն։ Պէտք էր ծա­­ռայել, որ­­պէսզի ինք կա­­րողա­­նար ու­­սուցչա­­գոր­­ծել, շա­­րու­­նա­­­կել իր դա­­սերը։ Կե­­րակ­­րե­­­ցին զինք, խնա­­մեցին։ Կարկտնե­­ցին մա­­շած տա­­րազ­­նե­­­րը եւ ընդմիշտ հե­­տեւե­­ցան անոր ճա­­նապար­­հին։ Իրենց հա­­ւատ­­քը հե­­րոսա­­ցուց նաեւ զի­­րենք։ Իսկ խա­­չելու­­թեան պա­­հուն, երբ բո­­լորը լքած էին զինք, կա­­նայք էին, որ Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածած­­նի քովն էին, չէին հե­­ռացած։

Յի­­սուս Փրկի­­չի մե­­րել­­նե­­­րու մէ­­ջէն ող­­ջա­­­նալու աւե­­տարար­­ներն ալ այդ նոյն կի­­ները եղան։ Վեր­­նա­­­տու­­նի մէջ հա­­ւաքո­­ւած սգա­­ւոր աշա­­կերտնե­­րուն փու­­թա­­­ցին։ «Փառք» գո­­ռացին՝ «Ան կ՚ապ­­րի»։ Վեր­­ջին ընթրի­­քին անոր բաժ­­նած հա­­ցը ճա­­շակող աշա­­կերտնե­­րը կրկին ան­­գամ շրջա­­պատե­­ցին զինք։ Փոր­­ձե­­­ցին անոր ոտ­­քե­­­րուն եւ ձեռ­­քե­­­րուն վրայ գո­­յացած սոս­­կա­­­լի վէր­­քե­­­րը։ Տե­­սան կուրծքին վրայ գե­­ղար­­դին հետ­­քը։ Դէմ­­քը դար­­ձեալ լոյս կը ճա­­ռագայ­­թէր։ Այդ լոյ­­սով վախն ու ու­­րա­­­խու­­թիւնը իրա­­րու մէջ ձու­­լո­­­ւեցան։ Այ­­լեւս կա­­րելի չէր այս տե­­սած­­նե­­­րը մո­­րանալ։ Կա­­րելի չէր ու­­րա­­­նալ։ Այո, զիս հա­­մոզո­­ղը ոչ Փրո­­ֆէսէօ Սու­­քե­­­նիքի յայտնա­­բերած գտա­­ծոներն են եւ ոչ ալ Յո­­սէփո­­սի պատ­­մագրու­­թիւնը։ Զիս հա­­մոզո­­ղը աշա­­կերտնե­­րու հա­­ւատքն է։ Ես կը հա­­ւատամ Յի­­սու­­սի յա­­րու­­թեան։ Կը հա­­ւատամ, որով­­հե­­­տեւ իր աշա­­կերտնե­­րը եկան ու պա­­պերուս աւե­­տեցին այդ յա­­րու­­թիւնը։ Կը հա­­ւատամ, որով­­հե­­­տեւ անոնք յա­­րու­­թեան խոր­­հուրդը հա­­ղոր­­դե­­­լու հա­­մար յանձն առին նա­­հատա­­կու­­թիւնը։ Ես մին­­չեւ օրս չեմ հան­­դի­­­պած մէ­­կու մը, որ սու­­տի հա­­մար նման զո­­հողու­­թիւն յանձն առ­­նէ։

Հա­­պա դո՞ւք։

Իրո­­ղու­­թեան հա­­մար զո­­հողու­­թիւն ընե­­լու տրա­­մադ­­րութիւն ու­­նե­­­ցող քա­­նի՞ հո­­գի կը ճանչնաք։ Անոնք իրո­­ղու­­թեան հա­­մար առանց վհա­­տելու քա­­լեցին դէ­­պի մահ։ Ե. դա­­րու պատ­­միչ Եղի­­շէ «Մահ իմա­­ցեալ ան­­մա­­­հու­­թիւն» հաս­­տա­­­տած էր։ Ու­­րեմն անոնք չեն մե­­րած։ Կ՚ապ­­րին իրենց կա­­ռու­­ցած եկե­­ղեցի­­ներով։ Անոնցմէ ոմանց արիւ­­նը հա­­յոց, ոմանց ասո­­րեց­­ւոց, ոմանց Երու­­սա­­­ղէմի, Անա­­տոլո­­ւի, Եգիպ­­տո­­­սի, Հնդկաս­­տա­­­նի եկե­­ղեցի­­ներուն հիմ­­քե­­­րուն է։ Զատ­­կի տօ­­նին եւ ամէն կի­­րակի առա­­ւօտ աշ­­խարհի չորս ծա­­գերու եկե­­ղեցի­­ներու զան­­գակնե­­րը անոնց հե­­րոսա­­կան վկա­­յու­­թիւննե­­րուն կ՚ար­­ձա­­­գան­­գեն։

«Քրիս­­տոս յա­­րեաւ Ի Մե­­ռելոց, Օրհնեալ է Յա­­րու­­թիւնը Քրիս­­տո­­­սի» ան իս­­կա­­­պէս ող­­ջա­­­ցաւ Ալէ­­լուիա։

Պահ մը խոր­­հինք։ Յի­­սուս խա­­չելու­­թեամբ յաղ­­թեց մա­­հը, եր­­րորդ օր մարմնա­­ցաւ եւ աշա­­կերտնե­­րը այս դէպ­­քը աւե­­տելու հա­­մար մա­­հը յանձն առին։ Պօ­­ղոս առա­­քեալ կը հարցնէ. «Ո՜վ մահ ո՞ւր է քո յաղ­­թա­­­նակը», «Ո՜վ մահ ո՞ւր է քու փու­­շը»։

Փառք Աս­­տուծոյ բա­­զում դա­­րերով ան­­ցանք։ Յի­­սու­­սի հա­­ւատ­­քի պատ­­ճա­­­ռաւ վայ­­րի գա­­զան­­նե­­­րուն զոհ չենք դառ­­նար։ Մեր հա­­ւատ­­քը աւե­­տելու հա­­մար պար­­տա­­­ւոր չենք կեան­­քէն հրա­­ժարե­­լու։ Պէտք է ապ­­րինք։ Պէտք է լի ու լի ապ­­րինք միշտ զի­­նուած ըլ­­լա­­­լով Յի­­սու­­սի սէ­­րով, հա­­ւատ­­քով եւ յոյ­­սով։

Այո, կը հա­­ւատամ յա­­րու­­թիւն առ­­նո­­­ղին, Ալէլուիա։ 


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ