Իւրայատուկ Զատիկ Զէյթունիյէի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Համաշխարհային քրիստոնէութեան կարեւորագոյն երկու տօնէն մէկն է Սուրբ Զատկի տաղաւարը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի յարութիւնը։ Օրացոյցային տարբերութեամբ համաշխարհային Ուղղափառ եկեղեցին այս տօնը նշեց մեր տօնակատարութենէն շաբաթ մը ետք 28 Ապրիլին։ Աշխատանքային ժողովի մը մասնակցելու համար կը գտնուէինք Վաքըֆլըգիւղ եւ առիթէն օգտուելով մասնակցեցանք հարեւան յունական գիւղի՝ Զէյթունիյէի Սուրբ Զատկի տօնակատարութեանց։ Տեղւոյն յոյն համայնքը յարգելով հին սովորութիւնը Սուրբ Զատկի տօնակատարութիւնը կը կատարէ կիրակի առաւօտուայ առաջին ժամերուն։ Այսպէս մենք ալ առաւօտուայ երեքին փութացինք հարեւան գիւղի եկեղեցին, ուր արդէն մէկտեղուած էր խուռներամ բազմութիւն մը։ Նշենք որ Զէյթունիյէ արդէն բաւականին ընդարձակ եւ զարգացած գիւղ մըն է, որու բնակիչները կը հաշուեն աւելի քան 2500 շունչ։ Արդարեւ առաջին հերթին մեզ տպաւորողը եղաւ այդ խուռներամ բազմութիւնը, որ փութացած էր եկեղեցի Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուելու համար։ Հարկ է նշել թէ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ պաշտամունքի լեզուն արաբերէն է։ Արդարեւ շարականները հնչեցին արաբերէն լեզուով, որու ընթացքին բացառաբար կը հանդիպէինք «Քիրի Էլէիսոն» կամ «Քրիստոս Անեստի» յունարէն արտասանութիւններուն։ Անշուշտ մեզի համար հաճելի անակնկալ էր քրիստոնէական ծիսակատարութեան հետեւիլ արաբերէնով։ «Տէր Ողորմիա»ի փոխարէն լսել «Եա Ռապ Էրհամ»։

Տպաւորիչ էր նաեւ ուխտաւորներու վայելուչ հագուստեղէնը։ Բոլոր կանայք խիստ վայելուչ տարազներով փութացած էին եկեղեցի, իսկ այրեր մուգ գոյն քոստիւմներով։ Սակայն ամենատպաւորիչ պահը ապրեցանք, երբ հոգեւորականներու թափորը դուրս եկաւ տաճարէն «Անդաստան» կատարելու համար։ Այդ պահուն երկինքը թնդաց հրավառութեան հրաշալի աղմուկով։ Երկարատեւ հրավառութիւնը բոլորին կը յուշէր հայրենի երկրի վրայ ազատ ու անկաշկանդ պատարագ մատուցելու հոգեբանութիւնը։ Մենք որ միշտ ճնշուած զգացած ենք մեր բոլոր ուրախութիւններու պահուն, այդ օր բարի նախանձով հետեւեցանք Անտիոքի յոյն ուղղափառներու տօնական ապրումին։

Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ ձուածեծութիւն, որ իր կարգին ոգեւորութեան նոր ալիք մը կը ստեղծէր ամբողջ ժողովուրդին համար։

Նոյնպէս մեզի համար անսովոր, բայց նաեւ հաճելի պահ էր դռնբացէքը, երբ քահանաներ «Անդաստան»էն ետք կը թակէին տաճարի դռները աղօթքներով ու շարականներով։

Եթէ պահ մը զանց առնենք մեր մանկութեան տարիներուն Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մուտքին կազմուած օրօրոցները, խաղավայրերը մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին առաջին անգամ 2000 թուին էր, ուր Պճնի գիւղի մէջ վայելած էինք Զատիկը, իբրեւ ժողովրդական տօն նշելու հրաշալի ապրումը։ Սամանտաղ գաւառի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ նման ապրումը ունենալ իսկապէս գերազանց հաճոյք էր, ե ոչ թէ միայն հաճոյք, այլ կատարեալ վայելք։ Այդ տպաւորութիւններու մէջ մեծ ոգեւորութեամբ կը ձայնակցինք յոյն ուղղափառ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն իրենց հետ գոչելով «Եա Ռապ Էրհամ», «Քիրի Էլէիսոն եւ «Քրիստոս Անեստի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ