Յունաց հիմնարկները ընտրութեան դիմում կատարեցին

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Քաղա­քիս յոյն հիմ­նարկնե­րու միաս­նա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ ՌՈՒՄՎԱ­ՏԷՐ դի­մում կա­տարեց Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թեան, պա­հան­ջե­լով ոչ մահ­մե­տական հիմ­նարկնե­րու վար­չութիւննե­րու ընտրու­թիւնը։ 17 Մա­յիս 2019 թո­ւակիր դի­մումնագ­րին տակ ստո­րագ­րած են զա­նազան հաս­տա­տու­թիւննե­րու նա­խագահ­նե­րէ կամ վար­չա­յին­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ 50 անուններ։

Դի­մումնագ­րին մէջ նշո­ւած է, թէ նա­խապէս Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թեան բա­ցակա­յող ան­դամնե­րու հա­մար նշա­նակու­մի մի­ջոցը չի պատ­շա­ճիր աւան­դութիւննե­րու եւ չի կրնար դի­մագ­րա­ւել ներ­կայ պա­հանջնե­րը։

Ոչ մահ­մե­տական հիմ­նարկնե­րու ընտրու­թիւնը կար­գադրող կանոնագրութիւնը չե­ղեալ հա­մարո­ւած էր 2013-ին, եւ բա­րեփո­խուած օրի­նակն ալ մին­չեւ օրս չէ աւար­տած։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թիւնը այս մա­սին աշ­խա­տու­թիւննե­րու շա­րու­նա­կուե­լուն պատ­ճա­ռաբա­նու­թեամբ առա­ջար­կած էր մա­հուան կամ հրա­ժար­ման հե­տեւան­քով թա­փուր մնա­ցող աթոռ­նե­րը լրաց­նել նշա­նակ­ման դրու­թեամբ։