Աւանդական Համբարձումը Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ

Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի մէջ աւանդական ճաշկերոյթով նշուեցաւ Համբարձման տօնը։ Եկեղեցական արարողութիւնը կատարեց Զաքէոս Ծ. Վարդապետ Օհանեան, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ Ատուշան Հալաճեանի։ Արարողութեան նախագահեց Արամ Արք. Աթէշեան։ Հոգեւոր արարողութենէն ետք բացումը կատարուեցաւ Հիւանդանոցի նորակառոյց շտապօգնութեան եւ ֆիզիք դարմանման բաժնին։ Համբարձման աւանդական սեղանին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի հանրապետութեան Սեւ ծովեան տնտեսական գործակալութեան ներկայացուցիչ Սահակ Սարգիսեան, իր տեղակալը Նաղաշ Յակոբեան, քաղաքիս Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Լեւոն Գերապայծառ Զէքիեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան եւ այլ կրօնական եւ աշխարհիկ հրաւիրեալներ։

Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ անդրադարձաւ համայնքի առկայ խնդիրներուն։ Իբրեւ առաջնահերթ խնդիր ան նշեց պատրիարքի եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան նիւթը։ Խոստացաւ ամենակարճ ժամանակին ընտրութեան գործի ի կատար բերուիլը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ