ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Եթէ բան մը փոխուէր ընտրութիւնը կ՚արգիլէին

Կարելի չէ ընտրութեան ճամբով որեւէ բան փոխել։ Եթէ կարելի ըլլար արդէն կ՚արգիլէին ընտրութիւնները»։ Այս տողերը կը պատկանէին անիշխանականի մը։

Նախադասութիւնը կառչած է մտքիս, երբ համատարած ոգեւորութիւն մը կը տիրէ Իսթանպուլի քաղաքապետարանի ընտրութիւններու աւարտին։ Իրականութեան մէջ սա իշխանութիւններու կամայականութեան դէմ ապահովուած կատարեալ յաջողութիւն մըն է։ Չէ որ 6 Մայիսին անգոյ համարուած մերժուած ընտրութիւններէն ետք ընդդիմադիր ճակատը շատ աւելի փայլուն յաղթանակ մը տարաւ Էրտողանի ներկայացուցած խմբակի դէմ, գոյացնելով աւելի քան 800 հազարանոց հսկայ տարբերութիւն մը։ Պիտի յիշենք թէ Էրտողան նախապէս առարկած էր երկու թեկնածուներու միջեւ գոյացած 13 հազար ձայներու տարբերութեան եւ յայտարարած, թէ այսքան նուազ տարբերութիւնով կարելի չէ Իսթանպուլի քաղաքապետարանի նման լուրջ աթոռի մը իշխանափոխութիւնը։ Մինչդեռ խաղի կանոնը պարզ էր եւ այդ կանոնի համաձայն նոյնիսկ մէկ ձայնի առաւելութիւնը բաւարար պիտի ըլլար իշխանափոխութեան համար։ Ուրեմն ժողովուրդը՝ պոլսեցիները կրցան արժանի պատասխանը ապտակի մը նման իջեցնել եւ հաշիւը փակել բոլոր հաւանականութիւնները գերազանցող արդիւնքով։

Այս ընտրութեան մէջ կայ ուշագրաւ ուրիշ երեւոյթ մը եւս։ Ընդդիմադիր թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու իր քարոզարշաւին մէջ յաճախ գործածեց «Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ» կարգախօսը։ Այս խօսքը ինքնին բաւականին սնամէջ ըլլալով հանդերձ կը համապատասխանէր հասարակութեան ակնկալութիւններուն։ Չէ որ երկար ատենէ ի վեր հասարակութեան մէջ հիմք դրած էր իշխանափոխութեան համարեայ անկարելի ըլլալուն մասին համոզումը։ Մարդիկ հետզհետէ աւելի հաստատ կը հաւատային թէ օրինական կերպով, ձայներու մեծամասնութիւնը ապահովելով կարելի պիտի չըլլայ շարժել Էրտողանի իշխանութիւնը։ Բայց ընտրութիւնը տուաւ բոլորովին տարբեր արդիւնք։ Հիմա լաւատեսութիւնն է, որ թռիչք առած է երկրի հորիզոնին վրայ եւ մարդիկ առանց գիտնալու թէ, երբ ու ինչպէս տրամադրուած են ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայի ունայն յոյսին։

Նախ եւ առաջ մարդիկ չեն ուզեր հարցնել, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ բանը։ Կառավարութիւնը չէ փոխուած։ Կը շարունակուի նախագահի միահեծան վարչութիւնը։ Իսկ քաղաքապետը ո՞ր միջոցներով, ո՞ր լիազօրութիւններով պիտի կրնայ բարեփոխել աւելի քան 15 միլիոնանոց քաղաքի մը ամենօրեայ հոգերը։

Բայց շատ պարզ եւ հասկնալի է, այս պահուն ոչ ոք պիտի փափաքի նման հարցումներ լսել։ Չէ որ մարդիկ բոլոր սնունդներէն աւելի կարիքը ունին յոյսով սնանելու։ Ուրեմն չենք կրնար ժողովուրդը զրկել այդ յոյսէն։ Ինչպէս որ է մօտ ապագային ամէն ինչ դարձեալ պարզ կը դառնայ եւ մենք կը մնանք մեր իրողութիւններու հետ դէմհանդիման։

Ուրեմն մենք ալ գոչենք «Յոյսդ բարձր պահէ հայ ժողովուրդ, ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»։ Երանի ամէն ինչ այսքան պարզ ըլլար, բայց ո՛չ, ընտրութիւն կոչուած խաբկանքի հետ մեր խնդիրը կը շարունակուի։ Չէ որ օրակարգի վրայ ունինք պատրիարքի ընտրութիւն, եւ հոն ալ բազմատեսակ խաղեր ու դաւադրութիւններ։ Կողքի սիւնակներու վրայ կը տեսնէք տեղապահի ընտրութեան թուականի յետաձգման մասին լրատուութիւնը, որ ինքնին կը խոստանայ բազմաթիւ նոր խնդիրներու յայտնութիւնը։

pakrates@yahoo.com