Հապա՞ համալսարանէն ետք

5 Օգոստոս Երեքշաբթի երե­­կոյեան յայ­­տա­­­րարո­­ւեցաւ երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէ շրջա­­նաւարտ աշա­­կերտնե­­րու այս տա­­րուայ հա­­մալ­­սա­­­րանի մտից քննու­­թեան ար­­դիւնքնե­­րը։ Քա­­ղաքիս հայ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու շրջա­­նաւարտնե­­րու ար­­դիւնքնե­­րը կա­­յացած են հե­­տեւեալ կեր­­պով։

Ա. Կեդ­­րո­­­նական Ազ­­գա­­­յին վար­­ժա­­­րանը տո­­ւած է 63 շրջա­­նաւարտներ, որոնցմէ երե­­քը նա­­խընտրու­­թիւն մը չեն կա­­տարած։ Հինգ աշա­­կերտներ յա­­ջողած են մուտք գոր­­ծել բժշկա­­գիտա­­կան դպրոց։ Մէկ աշա­­կերտ ընտրած է ատամ­­նա­­­բու­­ժութեան բա­­ժինը։ 18 աշա­­կերտներ յա­­ջողած են պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րան­­ներ յա­­ճախե­­լու։ Մէկ աշա­­կերտ նա­­խընտրած է Երե­­ւանի Ամե­­րիկեան հա­­մալ­­սա­­­րանի հա­­ղոր­­դակցու­­թեան բա­­ժինը, իսկ մէկ աշա­­կերտ Քոչ հա­­մալ­­սա­­­րանի ըն­­կե­­­րաբա­­նու­­թեան բա­­ժինը ամ­­բողջա­­կան կրթա­­թոշա­­կով։

Բ. Մխի­­թարեանի հունձքը եղած է 8 աշա­­կերտ, որոնցմէ երե­­քը յա­­ջողած են մուտք գոր­­ծել պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րան։ Նա­­խորդ տա­­րուայ շրջա­­նաւարտնե­­րէն եր­­կու աշա­­կերտ եւս այս տա­­րի յա­­ջողած են հա­­մալ­­սա­­­րան մտնե­­լու։Մխի­­թարեանի սա­­ներէն մէ­­կը ընտրու­­թիւն չէ ըրած իսկ մէկն ալ կը սպա­­սէ մարմնա­­մար­­զա­­­կան ակա­­դեմիայի յա­­տուկ ու­­նա­­­կու­­թեան քննութեան ար­­դիւնքը։

Գ. Դպրե­­վան­­քի շրջա­­նաւարտ 13 սա­­ներէն 9 աշա­­կերտ յա­­ջողած են հա­­մալ­­սա­­­րան մտնել, որոնցմէ 6-ը պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րան­­ներ։ Այստեղ աշա­­կերտ մըն ալ նա­­խընտրու­­թիւն չէ կա­­տարած։ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցի աշա­­կերտ մըն ալ օրի­­նական զրկանքնե­­րու բե­­րու­­մով չէ կրցած մաս­­նակցիլ քննու­­թեան։ Ան­­ցեալ տա­­րուայ հունձքէն երեք աշա­­կերտներ եւս յա­­ջողած են հա­­մալ­­սա­­­րան մտնե­­լու։

Դ. Սա­­հակեանի այս տա­­րուայ հունձքը եղած է 30 աշա­­կերտ, որոնցմէ 26-ը մտած են զա­­նազան հա­­մալ­­սա­­­րան­­ներ։ Անոնցմէ 6-ը յա­­ջողած են պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րան­­ներ մտնել։ Եր­­կու աշա­­կերտ մեր­­ժած է քննու­­թեան մաս­­նակցիլ, իսկ եր­­կուքն ալ նա­­խընտրու­­թիւն չեն ըրած։

Ե. Էսաեանի 18 շրջա­­նաւարտնե­­րէն 3-ը յա­­ջողած են պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րան մտնե­­լու, իսկ մէ­­կը որե­­ւէ նա­­խընտրու­­թիւն մը չէ ու­­նե­­­ցած։

Ինչպէս այս ընդհա­­նուր պատ­­կերն ալ կը պար­­զէ, պոլ­­սա­­­հայ հինգ երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աշա­­կերտնե­­րու մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը հար­­կադրո­­ւեցան վճա­­րովի յա­­տուկ հա­­մալ­­սա­­­րան­­ներ յա­­ճախե­­լու։ Անոնց մէջ կան 75, 50 եւ 25 տո­­կոսով կրթա­­թոշակ ստա­­ցող­­ներ։ Քիչ են այն աշա­­կերտնե­­րը, որոնք յօ­­ժարած են երկրի մէջ հե­­ռաւոր քա­­ղաք­­նե­­­րու պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րուն յա­­ճախել։

Թուրքիոյ ներ­­կայ իրո­­ղու­­թեան մէջ կա­­րեւոր գլխա­­ցաւե­­րէն մէկն է հա­­մալ­­սա­­­րանա­­ւարտնե­­րու մատ­­նո­­­ւած գոր­­ծազրկու­­թիւնը։ Նա­­խապէս ծնող­­ներ ամէն տե­­սակ զո­­հողու­­թիւն յանձն կ՚առ­­նէին իրենց զա­­ւակ­­նե­­­րուն ուսման մի­­ջոցաւ աւե­­լի լաւ ապա­­գայ մը ապա­­հովե­­լու հա­­մար։ Այժմ խնդի­­րը կա­­տարեալ անե­­լի մը վե­­րածուած է, երբ գոր­­ծա­­­տէրեր անխնայ կեր­­պով կը պա­­հան­­ջեն բարձր ու­­սում բայց ար­­ժա­­­նի կեր­­պով չեն վար­­ձատրեր այդ ուսման տի­­րապե­­տող­­նե­­­րու աշ­­խա­­­տան­­քը։ Այս հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ կարգ մը ուսման ճիւ­­ղեր ակա­­մայ մտա­­ծել կու տան թէ այդ բաժ­­նի շրջա­­նաւար­­տը ի՞նչ մի­­ջավայր պի­­տի գտնէ իր ստա­­ցած ու­­սումը ար­­դա­­­րաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Հարց մը, որուն հետ չէ կրցած գլուխ ել­­լել պե­­տութեան կրթա­­կան հա­­մակար­­գը, բայց հայ հա­­մայնքը պար­­տա­­­ւոր է իր դպրոց­­նե­­­րու շրջա­­նաւարտնե­­րուն հա­­մար գործնա­­կան ցուցմունքներ ընել, այս մա­­սին խորհրդակ­­ցութիւններ ունենալ։