6 Օգոստոս Երեքշաբթի երեկոյ Լեռնային Ղարապաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ 7-րդ անգամ մեկնարկեց հայկական մարմնամարզութեան կարեւորագոյն կազմակերպութիւնը՝ Համահայկական ողիմպիական խաղերը։
Նկատի ունենալով այս միջոցառման առաջին անգամ 1999-ին գործադրութիւնը, 7-րդ խաղերը ունին նաեւ 20 ամեակի յատուկ յոբելեանական նշանակութիւն։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին թատերական բնոյթի ներկայացումով բեմադրուեցաւ հայոց պատմութեան կարեւորագոյն դրուագները։
Համահայկական խաղերու դրօշը կը կրէին ողիմպիական ախոյեան Իսրայէլ Միլիտոսեան, սամպոյի մարզիկ Արեւիկ Կարապետեան, ծանրաբարձ Տիգրան Մարտիրոսեան, ճատրակիստ Գաբրիէլ Սարգսեան, ըմբիշ Արամ Մարքարեան ու սամպոյի մարզիկ Մաւրիկ Նասիպեան։ Ողիմպիական ջահը վառեցին Արցախի հոգեւոր առաջնորդ Պարգեւ Սրբազան, Համահայկական խաղերու հիմնադիրներէն Ալպէրթ Պոյաճեան եւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան Հրաչեայ Պետիկեան։
Խաղերու առթիւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեան։
7-րդ խաղերուն կը մասնակցին աշխարհի 145 քաղաքներէն ժամանած շուրջ 5 հազար մարզիկ։ Այս տարուայ խաղերուն առաջին անգամ կը մասնակցին Տուպայի եւ Պաղտատ քաղաքները։ Իսկ փոխարէնը, առաջին անգամ կը բացակայի Պոլիսը։
Այս տարուայ համար յատուկ նշանակութիւն ունէր խաղերու Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան կեդրոնական մարզադաշտին մէջ կայանալը։ Ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ խաղերուն մասնակցող ամենաբազմութիւն քաղաքը Երեւանն էր։ Երեւանեան 373 մարզիկներէ ետք Ռուսաստանէն եկած 368, Միացեալ Նահանգներու 308 եւ Արցախի 298 մարզիկները միջոցառման ամենաբազմանդամ խումբերը կազմեցին։ Ափսոս որ, անցեալ տարիներու ամենաբազմանդամ խումբերու կարգին կը դասուէր Պոլսոյ եւ Սասունի հաւաքականները։ Նախորդ խաղերուն բացի այդ երկուքէն, Մշեցիք, Տէրսիմցիք, Տիգրանակերտցիք անչատ խումբերով բերած էին իրենց մասնակցութիւնը։ Խաղերու նախորդող ժամերուն Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարութիւն մը ունեցաւ, որուն միտքը կը մարմնաւորուէր «Ղարապաղը Հայաստան է եւ վերջ» նախադասութիւնով։ Հիրաւի այս էր օրուան խորհուրդն ու նշանակութիւնը։ Սա նաեւ պատասխան էր Ատրպէյճանական այն շրջանակներուն, որոնք կը փորձեն Ղարապաղ երկիրը Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածք ըլլալով ներկայացնելու։
Նիկոլ Փաշինեանի այս ելոյթը, որ հոգեհարազատ է համայն հայութեան, իր արժանի ծանրութիւնը պիտի գտնէ այն պահուն, երբ գլխաւորութեամբ Ատրպէյճանի, համաշխարհային հասարակութիւնը ձայնակցի բոլոր կողմերու արժանապատուութիւնը պաշտպանող խաղաղութեան դաշինքի մը շուրջ։
Կը մնայ մաղթել թէ 2023-ի խաղերուն Համահայկական միաւորումը անթերի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ իրականանայ խաղերու մեկնարկումը կատարել հայոց առաջին մայրաքաղաքի վրայ եւ աւարտին հասնիլ վերջին մայրաքաղաքի մէջ։