Ընտրուած քաղաքապետները պաշտօնանկ եղան

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

 

Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը 19 Օգոս­­­տո­­­­­­­սին յայ­­­տա­­­­­­­րարեց թէ Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Ժո­­­ղովրդա­­­վարա­­­կան Կու­­­սակցու­­­թեան (ՀՏՓ) ան­­­դամ երեք քա­­­ղաքա­­­պետ­­­ներ պաշ­­­տօ­­­­­­­նանկ եղած են։ Յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան մէջ այս որո­­­շու­­­մը կը բա­­­ցատ­­­րո­­­­­­­ւէր տո­­­ւեալ քա­­­ղաքա­­­պետ­­­նե­­­­­­­րուն ահա­­­բեկ­­­չա­­­­­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րուն զօ­­­րակ­­­ցե­­­­­­­լու, քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանին ինչքե­­­րը ահա­­­բեկիչ­­­նե­­­­­­­րու տրա­­­մադ­­­րե­­­­­­­լու պնդումնե­­­րով։

Բա­­­ցի քա­­­ղաքա­­­պետ­­­նե­­­­­­­րու պաշ­­­տօ­­­­­­­նանկ ըլ­­­լա­­­­­­­լը, Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը 29 քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ բեր­­­ման են­­­թարկեց ՀՏՓ-ի ան­­­դամ աւե­­­լի քան 400 քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ։

Այսպէս Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրի հա­­­մաքա­­­ղաքա­­­պետ Սել­­­չուք Մըզ­­­րաքլը քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանի շէն­­­քի առ­­­ջեւ ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­նալով ըսաւ թէ 19 Օգոս­­­տո­­­­­­­սին Թուրքիոյ մէջ ժո­­­ղովրդա­­­վարա­­­կան ար­­­ժէքնե­­­րը իրա­­­ւական հա­­­մակար­­­գը, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան գա­­­ղափա­­­րը եւ ընտրող­­­նե­­­­­­­րու կամ­­­քը գետ­­­նին հա­­­ւասա­­­րեցո­­­ւած է։

BBC գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թեան թրքա­­­կան բաժ­­­նին խօ­­­սող Մար­­­տի­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­պետ Ահ­­­մետ Թիւրք ըսաւ թէ. «Ահա­­­գին պարտքով ստանձնե­­­ցինք քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանը։ Կը մտա­­­ծէինք թէ այս պարտքը ինչպէս կրնանք վճա­­­րել, նման գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան մը հետ դէմ հան­­­դի­­­­­­­ման մնա­­­ցինք։ Սա ժո­­­ղովրդա­­­վարութեան առու­­­մով, իրա­­­ւական պե­­­տու­­­թեան առու­­­մով մեծ ամօթ մըն է»։

Վա­­­նի քա­­­ղաքա­­­պետ Պէ­­­տիա Էօզ­­­կէօք­­­չէ Էր­­­թանն ալ «Ընդմիշտ ժո­­­ղովուրդի կամ­­­քի մա­­­սին ճա­­­ռող­­­նե­­­­­­­րը, երբ ընդդի­­­մադիր­­­նե­­­­­­­րը խնդրոյ առար­­­կայ ըլ­­­լան, դիւ­­­րաւ կ՚ան­­­տե­­­­­­­սեն այդ կամ­­­քը։ Մենք ան­­­ցեալին ալ չէինք հա­­­մակեր­­­պած ընտրո­­­ւածի տեղ հո­­­գաբար­­­ձու նշա­­­նակե­­­լու մտայ­­­նութեան, այ­­­սօր ալ չենք յօ­­­ժարիր»։

ՀՏՓ-ի Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրի պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Կա­­­րօ Փայ­­­լան, որ մի­­­ջոցէ մը ի վեր կը գտնո­­­ւէր Հա­­­րաւա­­­յին Ամե­­­րիկա­­­յի եր­­­կիրներ, այս զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րու վրայ որո­­­շեց կի­­­սատ թո­­­ղուլ իր այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնը եւ վե­­­րադառ­­­նալ եր­­­կիր։ Մինչ այդ Թո­­­ւիթը­­­րեան հե­­­տեւեալ գրա­­­ռու­­­մով պա­­­խարա­­­կեց կա­­­տարո­­­ւածը. «Տի­­­յար­­­պէ­­­­­­­քիրի, Վա­­­նի եւ Մար­­­տի­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­պետու­­­թեան դար­­­ձեալ հո­­­գաբար­­­ձու նշա­­­նակե­­­ցին։ Ժո­­­ղովուրդի կամ­­­քին դէմ կա­­­տարո­­­ւած այս ստո­­­րին արար­­­քին դէմ բո­­­լոր քա­­­ղաքա­­­կան կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րը եւ հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը պէտք է հա­­­կազ­­­դէ։ Եթէ լռենք, հեր­­­թը կու գայ Ան­­­գա­­­­­­­րային, Իս­­­թանպու­­­լին»։

Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան այս որո­­­շու­­­մը բուռն հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն պատ­­­ճա­­­­­­­ռած է թէ քա­­­ղաքա­­­պետ­­­նե­­­­­­­րը պաշ­­­տօ­­­­­­­նանկ եղած քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու եւ թէ Իս­­­թանպուլ, Ան­­­գա­­­­­­­րա, Իզ­­­մի­­­­­­­րի նման մեծ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ։ Բո­­­ղոքող զան­­­գո­­­­­­­ւած­­­ներ յա­­­ճախ են­­­թարկո­­­ւեցան ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­կան բռնու­­­թեան։ Միւս կող­­­մէ օտար մա­­­մու­­­լը լայ­­­նօ­­­­­­­րէն ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գեց կա­­­տարո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րուն, միշտ հար­­­ցա­­­­­­­կանի տակ դնե­­­լով Թուրքիոյ մէջ օրըս­­­տօ­­­­­­­րէ աճող անօ­­­րինու­­­թիւնը։

Քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ եւս բո­­­ղոքե­­­ցին կա­­­տարո­­­ւածին դէմ։ Իս­­­թանպու­­­լի քա­­­ղաքա­­­պետ Էք­­­րէմ Իմա­­­մօղ­­­լու լրագ­­­րողնե­­­րու հար­­­ցումնե­­­րուն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նելով ըսաւ թէ. «Ոչ ոք ան­­­սահման իրա­­­ւասու­­­թիւն ու­­­նի։ Ոմանք այդպէս կը վա­­­րուին բայց նախ եր­­­կի­­­­­­­րը եւ ապա իրենք կը տու­­­ժեն։ Ար­­­դէն սկսած են կորսնցնել։ Ժո­­­ղովուրդին կամ­­­քը ան­­­տե­­­­­­­սելը լուրջ սխալ մըն է։ Անի­­­մաստ է ահա­­­բեկ­­­չութեան պատ­­­րո­­­­­­­ւակով նման քայ­­­լե­­­­­­­րու դի­­­մել։ Եթէ ու­­­նիք օրի­­­նական փաս­­­տեր, պատ­­­շա­­­­­­­ճը կը կա­­­տարէք։ Յու­­­սամ շու­­­տով կ՚անդրա­­­դառ­­­նան կա­­­տարուած սխա­­­լին։ Իբ­­­րեւ թէ հի­­­մա ակնկա­­­լու­­­թիւննե­­­րը ուղղո­­­ւած է եղեր Իս­­­թանպու­­­լին։ Ամէն ոք թող իր սահ­­­մա­­­­­­­նը գիտ­­­նայ»։

Հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան կու­­­սակցու­­­թեան նա­­­խագահ Քե­­­մալ Քը­­­լըչ­­­տա­­­­­­­րօղ­­­լու ալ լրագ­­­րող Տէ­­­նիզ Զէյ­­­պէ­­­­­­­քի հետ ու­­­նե­­­­­­­ցած զե­­­կոյ­­­ցին խօ­­­սեցաւ պա­­­տահած­­­նե­­­­­­­րու շուրջ։ «Պաշ­­­տօ­­­­­­­նանկ եղած երեք քա­­­ղաքա­­­պետ­­­ներն ալ իրեն թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւնը առա­­­ջադ­­­րած պա­­­հուն հա­­­ւաս­­­տա­­­­­­­գիր ստա­­­ցան Ընտրու­­­թեան Բարձրա­­­գոյն Խոր­­­հուրդէն։ Այդ խոր­­­հուրդը եօթը լիա­­­զոր դա­­­տաւոր­­­նե­­­­­­­րէն կը բաղ­­­կա­­­­­­­նայ։ Անոնք նման յան­­­ցանք մը չեն նկա­­­տած եւ ար­­­տօ­­­­­­­նած են որ առա­­­ջադ­­­րեն իրեն թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւնը։ Իսկ այ­­­սօր կը նա­­­յիմ իշ­­­խա­­­­­­­նամետ մա­­­մու­­­լին ու կը տես­­­նեմ հա­­­զար ու մի տե­­­սակ մե­­­ղադ­­­րանք։Այս կա­­­տարուած­­­նե­­­­­­­րը վեր են բո­­­լոր տրա­­­մաբա­­­նական ըմբռնումնե­­­րէն» ըսաւ Քը­­­լըչ­­­տա­­­­­­­րօղ­­­լու։

Նախ­­­կին նա­­­խագահ Ապ­­­տուլլահ Կիւլ եւ նախ­­­կին վար­­­չա­­­­­­­պետ Ահ­­­մետ Տա­­­ւու­­­թօղլու եւս մե­­­ղադ­­­րե­­­­­­­ցին կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան որո­­­շու­­­մը։

Տիճ­­­լէ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի դա­­­սախօս Տոց. Վա­­­հափ Ճոշ­­­քուն ՀՏՓ-ցի քա­­­ղաքա­­­պետ­­­նե­­­­­­­րու պաշ­­­տօ­­­­­­­նան­­­կութիւ­­­նը մեկ­­­նա­­­­­­­բանեց «Ակօս»ի հա­­­մար։

«Կա­­­րելի է զա­­­նազան վար­­­կածնե­­­րու մա­­­սին խօ­­­սիլ։ ՀՏՓ շրջա­­­նային վար­­­չութիւննե­­­րու ընտրութեան ժա­­­մանակ շատ կա­­­րեւոր դե­­­րակա­­­տարու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցաւ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան կու­­­սակցու­­­թեան մեծ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րը կորսնցնե­­­լու հար­­­ցին մէջ։ Այդ կո­­­րուստին վրի­­­ժառու­­­թիւնը կրնայ ըլ­­­լալ։ Ընտրո­­­ւած քա­­­ղաքա­­­պետ­­­նե­­­­­­­րը հրա­­­պարա­­­կեցին նա­­­խապէս նշա­­­նակո­­­ւած հո­­­գաբար­­­ձունե­­­րուն շռայլ զեղ­­­ծա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րը։ Կ՚ու­­­զեն այդ հրա­­­պարա­­­կումնե­­­րը դադ­­­րեցնել։

Էօճա­­­լան իր փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջոցաւ յայ­­­տա­­­­­­­րարած էր, որ պե­­­տու­­­թեան մէջ լու­­­ծում ու­­­զողներ եւ չու­­­զողներ կան։ Մէկ կող­­­մէն Սու­­­րիոյ մէջ ապա­­­հով գօ­­­տի մը գո­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար հա­­­մաձայ­­­նութիւն ապա­­­հովո­­­ւած է։ Ոմանք կը մտա­­­ծէին թէ Էօճա­­­լանի ալ միջ­­­նորդու­­­թեամբ լու­­­ծումի նոր գոր­­­ծընթաց մը պի­­­տի սկսի։

Այս գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւննե­­­րը ճիշդ ալ նման ակնկա­­­լու­­­թիւննե­­­րու պա­­­հուն է որ եկաւ։ 2009-ին երբ քրտա­­­կան հար­­­ցի խա­­­ղաղ եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով լու­­­ծումը օրա­­­կար­­­գի եկաւ, իս­­­կոյն մեկ­­­նարկեց քրտա­­­կան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու դէմ գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւնը։ Թուրքիոյ պե­­­տական կա­­­ռոյ­­­ցին գի­­­տակից եղող­­­ներ գի­­­տեն թէ պե­­­տու­­­թեան մէջ հա­­­կադ­­­րո­­­­­­­ւած խմբակ­­­ներ իրար դժո­­­ւար կա­­­ցու­­­թեան մատ­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար նման խա­­­ղեր կը սար­­­քեն։ Սու­­­րիոյ մա­­­սին զա­­­նազան պնդումներ կո խօ­­­սուէին։ Բա­­­նակը պի­­­տի գրա­­­ւէր Եփ­­­րատ գե­­­տի արե­­­ւելեան հա­­­տուա­­­ծը։ Սա­­­կայն ԱՄՆ-ի հետ կնքո­­­ւած հա­­­մաձայ­­­նութե­­­նէն ետք այս հա­­­ւանա­­­կանու­­­թիւնը տկա­­­րացած է։ Ու­­­րեմն ազ­­­գայնա­­­կան հա­­­սարա­­­կանու­­­թիւնը գո­­­հաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար ալ նման քայլ մը առ­­­նո­­­­­­­ւած կրնայ ըլլալ»։