ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԴԱՆԱԿ

- Կը նե­րէք, այս դա­նակը ի՞նչ կ՚ար­ժէ։

- Շատ չէ, տաս­նոց մը։ Միայն ձեզ զգու­շացնեմ երի­տասարդ պա­րոն, այդ հին դա­նակը, որ գնել կ՚ու­զէք, պա­րու­րո­ւած է սար­սա­փազ­դու պատ­մութիւննե­րով։ Ո՛վ որ տի­րացեր է անոր, սպան­ներ է մէ­կուն։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, մին­չեւ այ­սօր կը յի­շեմ, թէ ինչպէս, հին քա­ղաքի հին շու­կա­յի այդ ծե­րուկ հնա­վաճա­ռը, եր­բեմնի ծո­վագ­նաց մը յոյն, որ ու­նէր ոսկրոտ նի­հար դէմք եւ իր փո­սիկ­նե­րուն մէջ ին­կած փոքր աչ­քեր, պա­տէն կա­խուած սու­րե­րու եւ փայ­լա­տակող զրահ­նե­րու մէ­ջէն, խոր­խո­րատա­յին ձայ­նով մը սկսեր էր պատ­մել այդ պող­պա­տէ դա­նակին ոդի­սակա­նը։ Բայց, նախ ար­տօ­նենք, որ ծե­րու­նին շունչ մը քա­շէ իր ծխա­մոր­ճէն, իսկ ես ձե­զի պատ­մեմ «դա­նակ» բա­ռի ծա­գու­մը։

Ըստ մեր ստու­գա­բան­նե­րու անոր ար­մատն է «դան»։ Այդ ար­մա­տէն է կազ­մո­ւած «դա­նակ» բա­ռը։ Անոր հնա­գոյն գոր­ծա­ծու­թիւնն է հե­տեւեալ նա­խադա­սու­թիւնը. «Հա­նեալ ի թա­փուցն զփոք­րիկ զդան»։ Միջ­նա­դարուն Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի գրի­չին տակ, մո­րեխ­նե­րը նկա­րագ­րող ման­կա­կան հա­նելու­կի տո­ղիկ էր. «Հէնց մտնում են ար­տը հա­սած / Բերքն են հնձում առանց դա­նակ»։ Ապա լռու­թիւն։ Այս բա­ռը մեր լե­զուին շատ չնպաս­տեց։ Միայն կան սա­կաւա­թիւ բարդ բա­ռեր, քա­նի մը դար­ձո­ւածք եւ ար­տա­յայ­տութիւն։ Ահա, հայ­րե­նի բա­ռարան­նե­րու մէջ անոր սուր ծայ­րով ձգած հետ­քե­րը. դա­նակա­գործ, դա­նակա­գոր­ծութիւն, դա­նակա­ւոր, ինչպէս նաեւ քա­ղաքի ար­հեստա­ւոր­նե­րու շու­կա­յին մէջ դա­նակա­վաճառ մը, որ հպար­տութեամբ կը ցու­ցադրէ գրպա­նի դա­նակ­ներ, ծա­լովի դա­նակ­ներ, սո­ւին դա­նակ­ներ եւ նե­տողա­կան դա­նակ­ներ։ «Դա­նակ» բա­ռը քեր­թեր է նաեւ եր­կու բայ. դա­նակել եւ դա­նակա­հարել։ Սպառ­նա­կան, չէ՞։ Աւե­լի եր­կիւղա­լի են դար­ձուածքնե­րը- դա­նակ քա­շել, դա­նակ սրել, դա­նակը կո­կոր­դին դէմ ընել, դա­նակի տակ պառ­կիլ, դա­նակի տակ իյ­նալ...։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, դուք չկար­ծէք, թէ դա­նակը զգա­ցում չու­նի։ «Դա­նակը խփես, կամ զար­նես, արիւն չի գար, կամ՝ արիւն չի կա­թիր» խօս­քը կը գոր­ծա­ծենք երբ մէ­կը խիստ տխուր կամ յու­սա­հատ է։ Իսկ երբ մար­դու կամ ամ­բողջ ժո­ղովուրդի հա­մար ան­հանդուրժե­լի է կա­ցու­թիւնը, կ՚ըսենք «դա­նակը ոս­կո­րին հա­սաւ»։ Հնա­վաճա­ռը օդի մէջ ծու­խի գու­լայ մը եւս կ՚ար­ձա­կէ ու կը պատ­մէ.

- Դուն հայ ես, չէ՞... Ձեր լեռ­նե­րու մէջ, կը պատ­մեն, թէ ֆէ­տայի մը, անար­դար հար­կա­հաւաք պատ­ժեր է անոր հետ, իսկ գե­ղաչեայ գե­ղեց­կուհի մը զայն խրեր է շո­ւայտ կու­սա­կալի որո­վայ­նին՝ անոր հար­բած քու­նի մէջ, ապա ձեռ­քէ ձեռք ան­ցեր յայտնո­ւեր է Եգիպ­տո­սի մէջ։ Սե­ւամորթ մը հոն, իր տի­րոջ սպան­ներ է, իսկ Զմիւռնիոյ մէջ գո­հարա­վաճառ մըն ալ իր սի­րու­հիին՝ իտա­լու­հի մը դժբախտ, որ նաեւ դաշ­նա­կի դա­սեր կու տար... Աչ­քերս շատ բա­ներ են տե­սած, պա­րոն, շատ պատ­մութիւններ եմ լսած, սա­կայն այս դա­նակը, ամէն ան­գամ որ նա­յիմ, ին­ծի զար­հուրանք կը պատ­ճա­ռէ...։

Ծխա­մոր­ճի արա­րողու­թիւնը եւ խո­կումնե­րու դա­դարը առիթ տան, որ մենք զրու­ցենք «դա­նակ» բա­ռի լե­զուա­կա՛ն ոդի­սակա­նի մա­սին։ Ալաշ­կերտի, Խար­բերդի, Մշոյ եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ բա­ռը «դա­նագ» էր, Ար­ցա­խի մէջ «տէ­նակ», Հա­ճընի եւ Զէյ­թունի մէջ «դա­նօգ», իսկ Համ­շէ­նի մէջ «տօ­նագ»։ Անոր ծայ­րը նաեւ ելեր է մեր երկրէն դուրս ու խրո­ւեր է վրա­ցերէ­նի մէջ, նախ­նա­պէս «դա­նակի» ձե­ւով, իսկ այժմ՝ «դա­նա»։ Բա­ռը, որ յա­ճախ կը գոր­ծա­ծուէր մսա­վաճառ­նե­րու, խո­հարար­նե­րու, վի­րաբուժնե­րու, եր­բեմն ալ նա­խանձ սի­րահար­նե­րու կող­մէ, յար­մար եկաւ նաեւ քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղծնե­րուն։ Կոս­տան Զա­րեանը եր­գեց իր վիշ­տը. «Դա­նակը խփել են սրտի­ս»։ Աշուղ Ճի­ւանին գան­գա­տեցաւ. «Մարդ կայ, խօ­սելու ժա­մանակ / Կար­ծես սրտիդ խփէ դա­նակ»։ Հայ բա­նաս­տեղծնե­րէն ամե­նէն խա­ղաղա­սէրը ան­կասկած Ռու­բէն Սե­ւակն էր։ 1909 թո­ւակա­նին ան գրեց «Այս դա­նակը» բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Հոն պատ­կե­րուած բա­նուո­րը, հար­ցե­րը փո­խանակ «դա­նակով» լու­ծե­լու եւ ար­դա­րու­թիւնը արիւ­նի վրայ հիմ­նե­լու, որո­շեց համ­բե­րել եւ սպա­սել. «Ար­դա­րու­թեամբ գայ, գայ տա­րուե­տարի / Զրկո­ւած մարդկու­թեան երա­զը բա­րի»։ 1923 թո­ւակա­նին բա­ռը դար­ձաւ գիր­քի անուն, «Դա­նակը Բկի­ն»՝ Գէորգ Աբո­վի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու ժո­ղովա­ծուն։ Ապա եկաւ Պա­րոյր Սե­ւակը ու նկա­տեց, թէ՝ «Դա­նակի սրու­թիւնն են միշտ բութ մա­տով փոր­ձում»։ Ապա բա­նաս­տեղծը մար­դու հո­գիի խո­րերը նկա­րագ­րեց. «Ես հա­ւատում եմ... / Ին­չո՞ւ թաքցնեմ. / Ես ճա­նաչում եմ ու գի­տեմ մար­դուն։ / ...Գի­տի կոր­ծա­նե՛լ, / Բայց եւ... գո՜րծ անել / Նո՛յն այդ ձեռ­քե­րով՝ / Ե՛ւ դա­նակ խրել, / Ե՛ւ վէ­պեր գրել»։ Իսկ մէկ օր, դա­նակով, ըստ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի, դաշ­տե­րու աղ­ջի­կը զո­հեց իր... ու­լը. «Դրաւ դա­նակն ան­բիծ վզին, եւ արբշիռ, / Եր­գը շուրթին՝ զայն հեշ­տանքո՛վ մը զո­հեց... / Ճեր­մակ աղ­ջիկն իր ճեր­մակ ու­լը զո­հե՜ց»։

Նա­յեցէ՛ք, կը շա­րու­նա­կէ հնա­վաճա­ռը, նուրբ փո­րագ­րութիւններ ու­նի, իսկ շեղ­փի վրայ դրո­ւագո­ւած սա սկզբնա­տառը անա­ռակ ծո­վահէ­նի մը կը պատ­կա­նի։ Բռնե­ցէ՛ք, մի՚ քա­շուիք, ձե­զի հա­մար ու­թը ոս­կի, առէ՛ք, եթէ ու­զէք…։

Այդ պա­հուն հայ­կա­կան առած մը կը փսփսայ այդ դա­նակէն հե­ռու մնա­լու խո­հեմու­թիւնը. «Հա­նաքը (կա­տակ) յա­ճախ դա­նակ է դառ­նում»։ Բայց, մենք ու­նե­ցեր ենք երե­ւելի դէմ­քեր, որոնք ջերմ յա­րաբե­րու­թիւն պա­հած են դա­նակի հետ։ Դա­նակ պա­հել սի­րեր է Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը։ Ըստ վկա­յու­թիւննե­րու, ան եղ­նի­կի ոտ­քէ շի­նուած փոք­րիկ դա­նակ ու­նէր, որ­մով կը սի­րէր որ­սի եր­թալ։ Իսկ 1926 թո­ւակա­նին, օր մը, խա­ղաղ քնա­ցող Երե­ւանը ցնցո­ւեցաւ դա­նակի մէկ հա­րուա­ծով։ Այդ առա­ւօտ, այժմ առաս­պել դար­ձած ծաղ­կա­վաճառ Ստե­փան Յա­րու­թիւնեանը, որ յայտնի էր Կա­րա Բա­լա անու­նով, նա­խան­ձով դա­նակա­հարեց այն երի­տասար­դին, որ կը հե­տապնդէր դե­րասա­նու­հի Արուս Աս­րեանին։ Կա­րա Բա­լան ու­ղարկուեցաւ Երե­ւանի ուղղիչ տուն, ուր, նոյն յօ­դուա­ծով նոյն թո­ւակա­նին բե­րուեր էր Եղի­շէ Չա­րեն­ցը։

Հա­կառակ իր պող­պա­տէ ցրտու­թեան, «դա­նակ» բա­ռը գրա­կան սայր մը ու­նի։ Ան միշտ ներ­կայ է հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ։ Նո­րագոյն օրի­նակը՝ Մա­րինէ Պետ­րո­սեանի «Սի­րուն դա­նակ­ներ» քեր­թո­ւածն է.

Սի­րուն ծա­ղիկ...

հի­մա բա­ցել ես թեր­թիկներդ՝

սի­րուն դա­նակ­ներ

բա հի­մա ես ո՞նց շնչեմ

հէնց շնչե­ցի

արիւն եմ դառ­նա­լու...

-Պա­րոն հնա­վաճառ, շնոր­հա­կալ եմ բո­լոր լու­սա­բանու­թիւննե­րու հա­մար։ Կար­ծեմ աւե­լի լաւ է, որ դա­նակը մնայ ձեր ցու­ցա­փեղ­կի մէջ եւ այ­սօր մենք բա­ւարա­րուած ըլ­լանք անոր հէ­քիաթա­յին ար­կա­ծախնդրու­թիւննե­րով եւ պա­տումնե­րով։

- Դար­ձեալ այ­ցե­լեցէք մեր խա­նու­թը, ուր աւան­դազրոյցներու պակաս չկայ։