Երեւանեան Օրագրութիւն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Առաւօտուայ կանուխ ժա­մե­­րը կա­­­րող են իս­­­կա­­­­­­­կան վա­­­յելք դառ­­­նալ Երե­­­ւանում։ (Սայ­­­թա­­­­­­­քում չէ՝ այլ փո­­­խանակ «Երե­­­ւանի մէջ» ըսե­­­լու, արե­­­ւելա­­­հայե­­­րէնի ըն­­­ծա­­­­­­­յած հիանա­­­լի «ում» մաս­­­նի­­­­­­­կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծելու առի­­­թէն օգ­­­տո­­­­­­­ւելու ցան­­­կութե­­­նէ ծա­­­գած պար­­­զա­­­­­­­պէս նա­­­խընտրու­­­թիւն մըն է «Երե­­­ւանում»ը)։

Քա­­­ղաքը դեռ չէր զարթնած, երբ հա­­­մակար­­­գի­­­­­­­չը առած իջայ հիւ­­­րա­­­­­­­նոցի կող­­­քին գոր­­­ծող սրճա­­­րանը։ Սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կուն տե­­­ղաւո­­­րուե­­­լով հար­­­ցուցի երի­­­տասարդ մա­­­տու­­­ցո­­­­­­­ղին. «Կա­­­րելի՞ է աշ­­­խա­­­­­­­տիլ այս տեղ»։ «Խնդրեմ հրամ­­­մե­­­­­­­ցէք, բայց մենք այս պա­­­հուն չենք կրնար սպա­­­սար­­­կել, քա­­­նի դեռ խո­­­հանո­­­ցը բաց չէ» ժպտա­­­լով պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեց երի­­­տասարդ մա­­­տու­­­ցո­­­­­­­ղու­­­հին։ Այդ պա­­­հուն ինձ պի­­­տանի միակ իրը մոխ­­­րա­­­­­­­ման մըն է, որ շու­­­տով կը ճա­­­րէ։

Որո­­­շած եմ «Ենի Եաշամ» թեր­­­թի վրայ շա­­­բաթա­­­կան հեր­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեամբ լոյս տես­­­նող իմ սիւ­­­նա­­­­­­­կին հա­­­մար եւս գրել երե­­­ւանեան տոմս մը։

Նոյն պա­­­հուն կ՚անդրա­­­դառ­­­նամ հայ եւ ոչ հայ ըն­­­թերցո­­­ղի ուղղեալ գրե­­­լու տե­­­ղի տո­­­ւած շփո­­­թու­­­թիւննե­­­րու մա­­­սին։ Նիւ­­­թեր կան, որոնց մա­­­սին երբ կը գրես հայ ըն­­­թերցո­­­ղը նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով, որոշ պատ­­­կե­­­­­­­րացում մըն ալ ու­­­նիս անոր նա­­­խատի­­­պերուն, կան­­­խա­­­­­­­կար­­­ծիքնե­­­րուն եւ նա­­­խապա­­­շար­­­նե­­­­­­­րուն վե­­­րաբե­­­րեալ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ որոշ չա­­­փով կը հա­­­մոզո­­­ւիս թէ խօսքդ ան­­­հա­­­­­­­սանե­­­լի պի­­­տի չմնայ, պի­­­տի հաս­­­նի իր նպա­­­տակին։ Բայց երբ այդ նոյն նիւ­­­թե­­­­­­­րու մա­­­սին պի­­­տի գրես ոչ հայ ըն­­­թերցո­­­ղին, կը հար­­­կադրո­­­ւիս յա­­­ւելեալ տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րով օժ­­­տել զինք, որ­­­պէսզի ան եւս հասկնայ թէ ինչ ըսել կ՚ու­­­զես։

Օրի­­­նակի հա­­­մար չեմ կրնար պատ­­­մել Ատիս Հար­­­մանտեանի՝ մեզ պոլ­­­սա­­­­­­­հայե­­­րուս հա­­­մար ու­­­նե­­­­­­­ցած մեծ նշա­­­նակու­­­թիւնը։ Ինչպէս որ չեմ կրնար պատ­­­մել առա­­­ջին ան­­­գամ Հա­­­յաս­­­տան այ­­­ցե­­­­­­­լած իր քե­­­նիին, Երե­­­ւանի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րուն տե­­­սած սի­­­րահար զոյ­­­գե­­­­­­­րու, երի­­­տասարդ ամու­­­սիննե­­­րու եւ մա­­­նաւանդ մա­­­նուկնե­­­րու հան­­­դի­­­­­­­պելով վա­­­յելած ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը։

Պատ­­­մե­­­­­­­լը դժո­­­ւար է, բայց հա­­­յու աչ­­­քով երբ դի­­­տես, հասկնա­­­լը շատ հեշտ։ Ոչ միայն «Մենք ենք մեր սա­­­րերը», այլ նաեւ «Մենք ենք մեր ցա­­­ւերը»։ Եւ հի­­­մա պա­­­հը եկած է հպար­­­տօ­­­­­­­րէն ըսե­­­լու. «Մենք ենք մեր յաղ­­­թա­­­­­­­նակը»։ Այս պա­­­հուն գա­­­լիք լաւ օրե­­­րու հան­­­դէպ ակնկա­­­լու­­­թիւնը պարզ միամ­­­տութիւն մը, ան­­­հիմն ինքնա­­­խաբէու­­­թիւն մը չէ, այլ իրա­­­տեսու­­­թիւն։

Նա­­­խապէս որ Հա­­­յաս­­­տան այ­­­ցե­­­­­­­լենք, թաք­­­սիի վա­­­րորդնե­­­րը մեզ առ­­­հա­­­­­­­սարակ կ՚առաջ­­­նորդէին դէ­­­պի երկրի հե­­­ռու, մօ­­­տիկ պատ­­­մամշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին վայ­­­րեր, յու­­­շարձան­­­ներ կամ վան­­­քեր։ Այժմ փո­­­խած ենք մեր ուղղու­­­թիւնը դէ­­­պի Դա­­­ւիթա­­­շէն, ուր կը գոր­­­ծէ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թեան քա­­­ղաքա­­­ցիու­­­թեան գոր­­­ծե­­­­­­­րու բա­­­ժինը։ Գրա­­­սենեակ մը, ուր առա­­­ջին հեր­­­թին կը զգաս պե­­­տական

հա­­­մակար­­­գի ինքնավստահ աշ­­­խա­­­­­­­տաոճը։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս ոս­­­տի­­­­­­­կանի հետ գործ ու­­­նիս եւ ոս­­­տի­­­­­­­կանը այն պաշ­­­տօ­­­­­­­նեան է, որու հետ չես ու­­­զեր գործ ու­­­նե­­­­­­­նալ աշ­­­խարհի ոչ մէկ եր­­­կիր մէջ։ Բայց «ՕՎԻՐ» կո­­­չուած այս շէն­­­քի մէջ տի­­­րողը բո­­­լորո­­­վին ու­­­րիշ տրա­­­մադ­­­րութիւն է։ Մար­­­դիկ հոս

եկած են աշ­­­խարհի չորս ծա­­­գերէն, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցի դառ­­­նա­­­­­­­լու հա­­­մար։ Բայց «քա­­­ղաքա­­­ցի» բա­­­ռը ինքնին ան­­­բա­­­­­­­ւարար է տի­­­րող տրա­­­մադ­­­րութիւ­­­նը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Այս իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ բա­­­ռին ինքնա­­­բերա­­­բար կցո­­­ւած է որա­­­կական ածա­­­կան մը՝ «Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հպարտ քա­­­ղաքա­­­ցի»։

Այս բնու­­­թագրման կա­­­րօտ էր ազ­­­գը մեր, սե­­­րունդնե­­­րու տե­­­ւողու­­­թեամբ։ Մեծ եղեռ­­­նը, առա­­­ջին հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թիւնը, եր­­­կու տա­­­րի անց երկրորդ հանգրո­­­ւան իբ­­­րեւ՝ Խորհրդա­­­յին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ղական շրջա­­­նը, ապա վրայ հա­­­սած հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան պա­­­տերազ­­­մը, ապա հայ­­­րե­­­­­­­նադար­­­ձութիւն, ներ­­­գաղթ եւ ստա­­­լինեան բռնա­­­տիրու­­­թեան մէջ Սի­­­պիրը, իբ­­­րեւ աք­­­սո­­­­­­­րավայր։ Յե­­­տոյ վե­­­րել­­­քի շրջան, ծաղ­­­կած իր հրաշք մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քով։ Ու ապա եւս եղեռն մը՝ Սպի­­­տակի երկրա­­­շար­­­ժը եւ կրկին կռիւ, կրկին փլուզման շրջան եւ Եր­­­րորդ հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան ծա­­­գու­­­մը։ Ամ­­­բողջ ազ­­­գի զար­­­մա­­­­­­­ցած հա­­­յեաց­­­քին տակ երկրին քա­­­նի մը ամիս­­­նե­­­­­­­րու, նոյ­­­նիսկ շա­­­բաթ­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին յափշտա­­­կու­­­մը օլի­­­կար­­­խա­­­­­­­կան հրո­­­սախումբե­­­րու ձեռ­­­քե­­­­­­­րով։

Նո­­­րայայտ հա­­­րուստներ, նո­­­րայայտ գոր­­­ծա­­­­­­­տէրեր, նո­­­րայայտ բա­­­րերար­­­ներ եւ ապա այդ բո­­­լորով շրջա­­­պատո­­­ւած քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ։ Ան­­­վերջա­­­նալի ճգնա­­­ժամի պայ­­­մաննե­­­րու մէջ Ղա­­­րաբա­­­ղեան ապստամ­­­բութիւն, դի­­­մադ­­­րութիւն եւ ապա յաղ­­­թա­­­­­­­նակ, ի գին կռո­­­ւող եր­­­կու կող­­­մե­­­­­­­րու հա­­­մար աւե­­­լի քան 30 հա­­­զարա­­­կան երի­­­տասարդ կեան­­­քե­­­­­­­րու։

Ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թե­­­­­­­նէ վերջ Ղա­­­րաբա­­­ղի Կո­­­միտէն, որ ստանձնած էր երկրի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը, իս­­­կոյն գոր­­­ծադրեց իր նախ­­­կին եր­­­կու խոս­­­տումնե­­­րը։ Իբ­­­րեւ բնա­­­պահ­­­պանման մի­­­ջոց՝ փա­­­կեց Երե­­­ւանի կաու­­­չուկի գոր­­­ծա­­­­­­­րանը եւ Մե­­­ծամո­­­րի ադո­­­մակա­­­յանը։ Ճիշդ էր որ կաու­­­չուկի գոր­­­ծա­­­­­­­րանը կը թու­­­նա­­­­­­­ւորէր մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քի բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րը եւ Չեր­­­նո­­­­­­­պիլի աղէ­­­տէն ետք բո­­­լոր ադո­­­մակա­­­յան­­­նե­­­­­­­րը կը դի­­­տուէին խիստ վտան­­­գա­­­­­­­ւոր։

Երբ սկսաւ Ղա­­­րաբա­­­ղեան պա­­­տերազ­­­մը, երկրի գլխա­­­ւոր խնդի­­­րը դար­­­ձաւ ու­­­ժա­­­­­­­նիւ­­­թի կա­­­րիքը։ Ատրպէյ­­­ճան եւ Թուրքիա շրջա­­­փակում գոր­­­ծադրե­­­ցին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի դէմ եւ եր­­­կի­­­­­­­րը մատ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ ցուրտի եւ խա­­­ւարի։

Ճիշդ այդ շրջա­­­նին էր, որ Էջ­­­միածին փո­­­խանակ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լու հա­­­կաքա­­­րոզ­­­չութեան դրու­­­թիւնը աղան­­­դա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րու դէմ, կ՚ու­­­զէր Երե­­­ւանի մէջ կա­­­ռու­­­ցել հսկայ եկե­­­ղեցի, իբ­­­րեւ խորհրդան­­­շա­­­­­­­նը քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի։ Հայ ժո­­­ղովուրդի պատ­­­մութեան մէջ Գրի­­­գոր Լու­­­սա­­­­­­­ւոր­­­չի մե­­­հեանա­­­կոր­­­ծան եկե­­­ղեցա­­­շինու­­­թե­­­­­­­նէն ետք այս երկրորդ դէպքն էր որ եկե­­­ղեցին ան­­­փոյթ կը գտնո­­­ւէր հա­­­րազատ ժո­­­ղովուրդի կա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րուն եւ կը զբա­­­ղէր սո­­­ված բնակ­­­չութեան հա­­­ւատով սնա­­­նելու։

Մեծ աղէտ էր երկրի խորհրդա­­­րանի ահա­­­բեկու­­­մը, որուն զոհ գա­­­ցին նա­­­խագահ Կա­­­րէն Տե­­­միր­­­ճեանն ու Վար­­­չա­­­­­­­պետ Վազ­­­գէն Սարգսեանը։ Ժո­­­ղովուրդին յոյս ներշնչող եր­­­կու առաջ­­­նորդնե­­­րուն, ազ­­­գա­­­­­­­նուէր ծա­­­ռայու­­­թիւննե­­­րով ծա­­­նօթ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու Տե­­­միր­­­ճեանի եւ

սպա­­­րապե­­­տի կո­­­չու­­­մով այնքան սի­­­րուած երի­­­տասարդ Վազ­­­գէն Սարգսեանի կո­­­րուստը հիաս­­­թա­­­­­­­փու­­­թեան նոր ալիք մը ստեղ­­­ծեց հայ ժո­­­ղովուրդի մօտ։ Նա­­­խագա­­­հի ու վար­­­չա­­­­­­­պետի կող­­­քին վեց պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րու կեան­­­քը խլող այդ ահա­­­բեկ­­­չութե­­­նէ ետք թափ ստա­­­ցաւ ար­­­տա­­­­­­­գաղթ կո­­­չուած աղէ­­­տը։

Ամ­­­բողջ հա­­­յաշ­­­խարհի հա­­­մար տա­­­ռապանք դար­­­ձած ար­­­տա­­­­­­­գաղ­­­թը իբ­­­րեւ բա­­­րիք կ՚ըն­­­դունո­­­ւէր երկրի վա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րուն կող­­­մէ։ Անոնց հա­­­մար Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­յաթափ ըլ­­­լա­­­­­­­լէն աւե­­­լի կա­­­րեւոր նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նէին գաղ­­­թածնե­­­րու, իրենց ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րու ապ­­­րուստը հո­­­գալու հա­­­մար ղրկե­­­լիք գու­­­մարնե­­­րը։

Ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան քա­­­ռորդ դա­­­րը ան­­­ցաւ այս պայ­­­մաննե­­­րու մէջ։ Իսկ Ապ­­­րի­­­­­­­լեայ հա­­­մազ­­­գա­­­­­­­յին ապստամ­­­բութե­­­նէ եւ Թաւ­­­շեայ յե­­­ղափո­­­խու­­­թե­­­­­­­նէ ետք ան­­­գամ մը եւս յոյ­­­սը թռիչք առաւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ ամ­­­բողջ հա­­­յու­­­թեան մօտ։

Այս յոյ­­­սի վառ ապա­­­ցոյցն է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցիու­­­թիւն ստա­­­նալու հա­­­մար դի­­­մող­­­նե­­­­­­­րու աճը։ Այդ աճի զու­­­գա­­­­­­­հեռ կը բարձրա­­­նայ նաեւ դէ­­­պի հայ­­­րե­­­­­­­նիք ետ­­­դարձի ու­­­ղին բռնած­­­նե­­­­­­­րու քա­­­նակու­­­թիւնը։ Սրճա­­­րանի մը պար­­­տէ­­­­­­­զը այս տո­­­ղերը գրե­­­լու պա­­­հուն դպրո­­­ցական հա­­­մազ­­­գեստով, փունջ մը ծա­­­ղիկ գրկած, կող­­­քիս կանգնած է վե­­­ցամեայ Վիք­­­թո­­­­­­­րեան։ Կը պատ­­­րաստո­­­ւի իր ուսման առա­­­ջին քայ­­­լը առ­­­նե­­­­­­­լու։ Պի­­­տի յա­­­ճախէ Երե­­­ւանի Չայ­­­քովսկու անո­­­ւան երաժշտա­­­կան դպրոց։ Կը զրու­­­ցեմ նաեւ իր հօր՝ Նա­­­րեկի հետ։ Այս տա­­­րի եկած են Մոս­­­կո­­­­­­­ւայէն, ուր ծնած էր Վիք­­­թո­­­­­­­րեան եւ իր կրտսեր քոյ­­­րը Քրիս­­­տի­­­­­­­նէն։ «Որո­­­շած ենք Հա­­­յաս­­­տան տե­­­ղափո­­­խուիլ, ուր շատ աւե­­­լի լաւ պայ­­­մաններ կը տի­­­րեն երա­­­խանե­­­րու հա­­­մար» կը բա­­­ցատ­­­րէ Վիք­­­թո­­­­­­­րիայի հայ­­­րը Նա­­­րեկ։

Նա­­­խապէս հան­­­դի­­­­­­­պած ըլ­­­լա­­­­­­­լով նման մտա­­­տան­­­ջութեամբ ԱՄՆ-էն եկած հա­­­յերու, կը ձայ­­­նակցիմ Նա­­­րեկի հա­­­մոզ­­­ման։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ ի զուր չէ իմ քե­­­նիի ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը, երբ կը հան­­­դի­­­­­­­պի մա­­­նուկնե­­­րու, պա­­­տանի­­­ներու, սի­­­րահար զոյ­­­գե­­­­­­­րու եւ երի­­­տասարդ ամու­­­սիննե­­­րու։

Սա Հա­­­յաս­­­տանն է, վե­­­րած­­­նո­­­­­­­ւած հայ­­­րե­­­­­­­նիքը հա­­­յոց։ Ու­­­րեմն աւար­­­տենք ող­­­ջունե­­­լով բո­­­լոր անոնք, որոնք հպար­­­տօ­­­­­­­րէն կը ներ­­­կա­­­­­­­յանան իբ­­­րեւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքացի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ