Գործը աւարտած, արձագանգները անաւարտ

Նախորդ երկուշաբթի օրուայ բացառիկ համերգը իր ստեղծած մեծ տպաւորութիւնով ամենաշատ քննարկուած նիւթը դարձաւ ամբողջ շաբաթուայ ընթացքին։ Այդ համերգին մասնակցելու համար քաղաքս այցելած արուեստագէտները անցեալ օրերու մէջ նորանոր առիթներով կրկին բեմ ելան պանծացնելու համար իրենց արուեստը։ Նախ յիշենք ամերիկահայ երեք կին երաժիշտներէ Թենի Աբելեան, Անահիս Թեքերեան եւ Երազ Մարգարեանէն բաղկացող «Զուլալ» թիրիօն։ «Զուլալ», որ երաժշտական արտակարգ ունակութեամբ առանց, որեւէ երաժշտական գործիքի ընկերակցութեան կը մեկնաբանէ հայերէն աւանդական երգեր, 9 Հոկտեմբերին Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ համերգ մը սարքեց Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այս համերգով անգամ մը եւս մեծ ոգեւորութիւն ստեղծող խումբը, ապա մեկնեցաւ Տիգրանակերտ, ուր այս անգամ Արա Տինքչեանի ընկերակցութեամբ եւս մատուցեց յաջող ելոյթ մը։

Միւս կողմէ նոյն համերգին դարձեալ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած «Գողթն» խումբն ալ յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ «Անահիտ» բեմին վրայ, ընկերակցութեամբ քաղաքիս «Ոմանք» երաժշտական խումբին։ Մինչ այդ կը լսենք, թէ համերգի նոր առաջարկներ կը հասնին «Գողթն»ի երիտասարդ երաժիշտներուն եւ այսպէս անոնք կը պատրաստուին քանի մը ամիս անց կրկին այցելել Իսթանպուլ, թէ համերգներու ծրագիրով եւ թէ «Քալան Միւզիք» ընկերութեան կողմէ առաջարկուած ալպոմի մը ձայնագրութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ