Չէր խոնարհած դաժան տանջանքներու դիմաց

1968-ի հա­­մաշ­­խարհա­­յին յե­­ղափո­­խու­­թեան սե­­րունդի կա­­րեւոր գոր­­ծիչնե­­րէն Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լու 4 Հոկ­­տեմբե­­րին յան­­կարծա­­կի ու­­ղե­­­ղի արիւ­­նա­­­հոսու­­թիւնով փո­­խադ­­րո­­­ւած էր հի­­ւան­­դա­­­նոց։ Բժիշկնե­­րու տաս­­նօ­­­րեայ մի­­ջամ­­տութիւ­­նը անար­­դիւնք մնաց եւ ան մա­­հացաւ 14 Հոկ­­տեմբե­­րի առա­­ւօտեան ժա­­մերուն Պել­­ժիոյ Ան­­վերպ քա­­ղաքի հի­­ւան­­դա­­­նոցին մէջ։

12 Սեպ­­տեմբե­­րի զի­­նուո­­րական յե­­ղափո­­խու­­թեան տա­­րինե­­րուն ան­­մարդկա­­յին տան­­ջանքնե­­րու դի­­մադ­­րե­­­լով առաս­­պե­­­լի մը վե­­րածո­­ւած էր Թուրքիոյ ձա­­խակող­­մեան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ։

1986-ին ինք ալ այդ տան­­ջանքնե­­րը գոր­­ծադրած ոս­­տի­­­կան մը հան­­դի­­­սացող Սե­­տաթ Ճա­­նէր «Նոք­­թա» պար­­բե­­­րակա­­նին խոս­­տո­­­վանած էր հայ յե­­ղափո­­խակա­­նի դէմ գոր­­ծադրո­­ւած դա­­ժանու­­թիւնը։

Ալ­­թը­­­նօղ­­լու եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր կը բնա­­կէր Պել­­ժիոյ մէջ եւ իր վեր­­լուծա­­կան բնոյ­­թի յօ­­դուած­­նե­­­րով միշտ կ՚ար­­ժա­­­նանար ար­­դար ու­­շադրու­­թեան ու գնա­­հատան­­քի։

Կար­­պիս Ալ­­թը­­­նօղ­­լո­­­ւի թա­­ղու­­մը պի­­տի կա­­տարո­­ւի 21 Հոկ­­տեմբե­­րին Պել­­ժիոյ մէջ հայ եկե­­ղեց­­ւոյ աւան­­դութիւննե­­րուն հա­­մաձայն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ