ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երանի Վարդանն ալ հայհոյէր

Հա­յոց պատ­մութեան վե­րաբե­րեալ ինչ զար­գա­ցում որ ար­ձա­նագ­րո­ւի, ինչ դէպք որ պա­տահի կա­մայ, թէ ակա­մայ կը մտա­բերեմ պապս Վար­դա­նը։ Ար­դեօք ան ի՞նչ կը խոր­հէր, երբ լսէր թէ Ուա­շինկթը­նի Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տու­նը վեր­ջա­պէս ըն­դուներ է 1915-ի պա­տահար­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ըլ­լա­լը։ Եթէ այս մէ­կը ու­րախ լուր մը տա­լու նման ին­ծի ըսէին ես հա­ւանա­բար պի­տի հայ­հո­յէի անխնայ կեր­պով։ Բայց ինչ ըսեմ, որ պապս հայ­հո­յել ալ չէր գի­տեր։ Չէր գի­տեր շատ բա­ներ։ Չէր գի­տեր մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւն։ Չէր գի­տեր դի­ւանա­գիտու­թիւն։ Չէր գի­տեր կեղ­ծիք։ Չէր գի­տեր ստա­խօսու­թիւն։ Բայց գի­տեր եւ շատ քա­ջաբար գի­տէր թէ ինչ պա­տահած է այդ անի­ծեալ տա­րիին։

Ամե­նախրթին նիւ­թե­րուն մեկ­նա­բանու­թիւն մը կը բե­րէր պարզ, շատ պարզ ձե­ւով եւ այդ նիւ­թի շուրջ հա­տոր­ներ գրած կամ կար­դա­ցած­նե­րէն շատ աւե­լի իմաս­տուն կ՚ըլ­լար իր մեկ­նա­բանու­թիւնը։

Այ­սօր եթէ մեզ հետ ըլ­լար եւ լսէր Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տան որո­շու­մը, չեմ կար­ծեր թէ ու­րա­խանար։ Ինչպէ՞ս ու­րա­խանար, երբ այդ նոյն կա­ռոյ­ցը տա­րիներ շա­րու­նակ հա­մայն մարդկու­թեան ի վնաս աշ­խա­տեր է եւ տա­կաւին միայն մէկ օր առաջ այդ երկրի նա­խագա­հը աւե­տեր է, թէ ապա­հոված է քա­րիւ­ղի անվտան­գութիւ­նը, հե­տեւա­բար այ­լեւս կա­րիքը չկայ Սու­րիոյ մէջ զօրք պա­հելու։

Նա­խապէս երբ քա­ղաքա­կանու­թիւն կո­չուա­ծը կը ձե­ւաւո­րուէր դի­ւանա­գէտ­նե­րու կող­մէ, միտ­քե­րը դար­ձեալ այսքան խո­տոր էին, բայց ար­տա­յայ­տութիւննե­րը գո­նէ մի քիչ յղկո­ւած։ Իսկ այ­սօր կա­րիք իսկ չեն զգար քիչ մը աւե­լի մարդկա­յին ըլ­լա­լու։ Աս­պա­րէզ կը կար­դան հա­մայն մարդկու­թեան դէմ, ըսե­լով թէ այս այսպէս է եւ վերջ։

Ամէն երկրէ ներս ու­նին իրենց ծա­խուած գոր­ծա­կալ­նե­րը, որոնք իրենց լի­նելու­թիւնը կա­պած են այս դա­սակար­գի ծա­ռայու­թեան եւ ընդմիշտ հա­ւատա­րիմ պի­տի մնան իրենց տէ­րերուն։ Ու­րեմն ձեզ­մէ ով որ պի­տի ու­րա­խանայ թող ու­րա­խանայ, ես առար­կութիւն չու­նիմ։ Հաս­տատ գի­տեմ հայ­հո­յանք չի­մացող պապս ան­գամ պի­տի հայ­հո­յէր որ­քան որ կրնար։ Գո­նէ պի­տի գո­ռար իր գիտ­ցած միակ չար խօս­քով. «Հօրդ, մօրդ գան­կը…»։

Հրանդ Տին­քի հետ կը բաժ­նէինք նոյն հա­մոզու­մը։ Չէինք կրնար ու­րա­խանալ օտար երկրի մը խորհրդա­րանին մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը քննարկման նիւթ դարձնող որե­ւէ զար­գա­ցում լսե­լով։ Գի­տէինք թէ սա մեր մեծ վշտին գեր­պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ իրա­րու հան­դէպ շա­հագոր­ծած խա­ղաքարտ մըն է միայն։ Խա­ղաքարտ մը՝ որ սե­ղանին վրայ դնե­լով կը ստա­նան հա­մապա­տաս­խան ար­դիւնք։ Սպառ­նա­լիքի բա­նալի մը պար­զա­պէս։ Իւ­րա­քան­չիւր հայ, որ կը գի­տակ­ցի իր ժո­ղովուրդի տա­ռապան­քին, պար­տի ցաւ զգալ նման խա­ղի մը գոր­ծի­քը ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թին դի­մաց։

Պատ­մութիւ­նը զո­հեց մեզ։ 100 տա­րի ապ­րե­ցանք զո­հի հո­գեբա­նու­թեամբ։ Մեզ ոչնչաց­նողնե­րը յափշտա­կեցին նաեւ մեր ան­ցեալը։ Ու­րա­նալով շա­րու­նա­կեցին սպան­նել։ Այ­սօր օտար գեր­տէ­րու­թիւննե­րու խորհրդա­րան­նե­րու որո­շու­մէն յոյս ակնկա­լելը սպա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնն է պար­զա­պէս։

Պար­տա­ւոր ենք զո­հի հո­գեբա­նու­թե­նէն դուրս գա­լու եւ վե­րըն­ձիւղո­ւած Հա­յաս­տա­նի նո­ւաճումնե­րով յաղ­թա­նակ­ներ տա­նելու մեզ սպան­նողնե­րու դիմաց։

pakrates@yahoo.com