Կոմիտաս 9-րդ եւ վերջին անգամ ոգեկոչուեցաւ խաւարի մէջ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

Խոր մթութեան մէջ Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետի վեր­­­ջին յի­­­շատա­­­կու­­­մը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ 8 Նո­­­յեմ­­­բեր շա­­­բաթ երե­­­կոյ Գումգա­­­բուի Աթո­­­ռանիստ Մայր Եկե­­­ղեց­­­ւոյ հա­­­մալի­­­րին մէջ։

Ինչպէս նա­­­խորդ 8 տա­­­րինե­­­րուն, այս 9-րդ եւ վեր­­­ջին մի­­­ջոցառ­­­ման ալ ու­­­շադրու­­­թիւն դարձնող­­­նե­­­­­­­րու մէջ այլ ազ­­­գի հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը ու­­­շագրաւ մե­­­ծամաս­­­նութիւն կը կազ­­­մէր։ Պա­­­հը բա­­­ւական յու­­­զա­­­­­­­կան էր բո­­­լորին հա­­­մար, երբ մար­­­դիկ առա­­­ջին ան­­­գամ ներ­­­կայ կը գտնո­­­ւէին նման փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թեան մը։ Կա­­­րեւոր մէկ մա­­­սին հա­­­մար ար­­­դէն ինքնին ար­­­կա­­­­­­­ծախնդրու­­­թիւն մը դար­­­ձած էր մի­­­ջոցառ­­­ման վայ­­­րը, քա­­­նի որ անոնցմէ շա­­­տեր առա­­­ջին ան­­­գամ կ՚այ­­­ցե­­­­­­­լէին Մայր Եկե­­­ղեցի։ Իսկ եկե­­­ղեց­­­ւոյ բա­­­կը ար­­­դէն դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով խա­­­ւարած էր կար­­­ծես հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սը քիչ յե­­­տոյ դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման գա­­­լիք շատ աւե­­­լի խոր ու ան­­­թա­­­­­­­փանց մու­­­թին վար­­­ժեցնե­­­լու մի­­­տու­­­մով։

Զգա­­­լի էր շա­­­տերու դէմ­­­քին դրոշ­­­մո­­­­­­­ւած մտա­­­վախու­­­թեան հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւնը։ Բայց միւս կող­­­մէ կար նաեւ այս եզա­­­կի ապ­­­րումին տե­­­ղի տո­­­ւած վառ հե­­­տաքրքրու­­­թիւն։ Եւ վեր­­­ջա­­­­­­­պէս այդ հե­­­տաքրքրու­­­թիւնն էր, որ աւե­­­լի ծանր կշռած էր եւ մար­­­դիկ փու­­­թա­­­­­­­ցած էին հոն՝ ուր քիչ յե­­­տոյ պի­­­տի ապ­­­րէին ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն մը։

Ժա­­­մանող­­­ներ նախ կ՚ըն­­­դունո­­­ւէին Գա­­­զազ Ար­­­թին Ամի­­­րա դահ­­­լի­­­­­­­ճին մուտքը, ուր իրենց կը տրա­­­մադ­­­րո­­­­­­­ւէր պա­­­րապ պա­­­հարան­­­ներ վրան իրենց անու­­­նով եւ այդ պա­­­հարան­­­նե­­­­­­­րով պաշ­­­տօ­­­­­­­նէու­­­թեան կը յանձնէին լու­­­սա­­­­­­­տու կամ լոյս ցո­­­լաց­­­նող իրենց բո­­­լոր իրե­­­րը։ Այսպէս բջի­­­ջային հե­­­ռախօս­­­ներ, հրա­­­հան­­­ներ, ժա­­­մացոյցներ, նոյ­­­նիսկ ակ­­­նոցներ մի առ մի կը յանձնո­­­ւէին պաշ­­­տօ­­­­­­­նէու­­­թեան եւ ապա հիւ­­­րե­­­­­­­րը կ՚առաջ­­­նորդո­­­ւէին դէ­­­պի Գա­­­զազ Ար­­­թին Ամի­­­րա սրահ, ուր կը ցու­­­ցադրո­­­ւէին Կո­­­միտաս Վար­­­դա­­­­­­­պետի մե­­­ծածա­­­ւալ լու­­­սանկար­­­ներ։ Այս մտա­­­հոգու­­­թեան մատ­­­նո­­­­­­­ւած զան­­­գո­­­­­­­ւածին մէջ ամե­­­նահան­­­գիստ երե­­­ւացող­­­նե­­­­­­­րը նա­­­խորդ տա­­­րինե­­­րու նման բնոյ­­­թի մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րուն ալ մաս­­­նակցող, հե­­­տեւա­­­բար որոշ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն ապա­­­հոված արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­ներն էին։ Քիչ անց պաշ­­­տօ­­­­­­­նէու­­­թիւնը զգու­­­շա­­­­­­­ցուց դէ­­­պի դահ­­­լի­­­­­­­ճի մուտք ուղղուելու հա­­­մար։ Այդ պա­­­հուն փոք­­­րիկ ժխոր մը գո­­­յացաւ Որդւոց Որոտ­­­ման Եկե­­­ղեց­­­ւոյ մուտքին, ուրկէ պաշ­­­տօ­­­­­­­նեաներ ժո­­­ղովուրդի վե­­­ցական հո­­­գիէ բաղ­­­կա­­­­­­­ցող խմբակ­­­նե­­­­­­­րը կ՚առաջ­­­նորդի կոյրի մը ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութեամբ դէ­­­պի դահ­­­լիճ։

Իս­­­կա­­­­­­­պէս դժո­­­ւար բա­­­ցատ­­­րե­­­­­­­լի երե­­­ւոյթ մըն է, աւե­­­լի քան եր­­­կուուկէս ժամ տես­­­նե­­­­­­­լու կա­­­րողու­­­թե­­­­­­­նէն զրկո­­­ւելով հե­­­տեւիլ մի­­­ջոցա­­­ռու­­­մի մը, առանց թոյզն իսկ պատ­­­կե­­­­­­­րացում ու­­­նե­­­­­­­նալու թէ ո՞վ կ՚եր­­­գէ, ուրկէ՞ կ՚եր­­­գէ եւ նոյ­­­նիսկ սա պա­­­հուն ո՞ւր կե­­­ցած է։

Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այս խոր մթու­­­թեան մէջ կո­­­րած է նաեւ կողմնո­­­րոշ­­­ման յատ­­­կութիւ­­­նը եւս։ Ան­­­դին կը մնայ Կո­­­միտա­­­սի ող­­­բերգա­­­կան պատ­­­մութիւ­­­նը իր բո­­­լոր ճշմար­­­տութեամբ։ Մեծ վար­­­դա­­­­­­­պետի կեանքն ու գոր­­­ծը բնու­­­թագրող ըն­­­թերցումնե­­­րու զու­­­գա­­­­­­­հեռ զա­­­նազան եր­­­գիչ, երգչու­­­հի կամ երգչա­­­խումբ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ իր մաս­­­նակցու­­­թիւնը։ Այսպէս պատ­­­մա­­­­­­­կան եկե­­­ղեց­­­ւոյ կա­­­մար­­­նե­­­­­­­րուն ներ­­­քեւ կը տո­­­ղան­­­ցեն Հո­­­րովելներ, Գու­­­թաներ­­­գեր, Սի­­­րեր­­­գեր, շա­­­րական­­­ներ կամ Կո­­­միտա­­­սի կող­­­մէ յօ­­­րինո­­­ւած թրքե­­­րէն եւ քրտե­­­րէն ժո­­­ղովրդա­­­կան եր­­­գեր։

Այս 9-րդ ոգե­­­կոչու­­­մը իր տե­­­սակին մէջ եզա­­­կի նա­­­խաձեռ­­­նութեան վեր­­­ջին բե­­­մադ­­­րութիւնն էր Իս­­­թանպու­­­լի մէջ։ Ծրա­­­գիրը մտայ­­­ղա­­­­­­­ցող Նու­­­րի Քա­­­յա յետ այ­­­սու այս ծրա­­­գիրը պի­­­տի գոր­­­ծադրէ Եւ­­­րո­­­­­­­պական բե­­­մերու վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ