Անընդհատ կը քանդեն

Գանձախոյզներու կողոպուտը հետզհետէ հասած է զար­մա­նալի հա­մար­ձա­կու­թեան մը եւ գանձ որո­նելու ակնկա­լու­թեամբ կը թա­լանո­ւին, թէ պատ­մամշա­կու­թա­յին եւ թէ բնա­կան կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող կա­ռոյցներ կամ վայ­րեր։ Վեր­ջերս Թուրքիոյ մամ­լոյ մէջ ափ­սո­սան­քով կ՚ար­ձա­գան­քո­ւի Կիւ­միւշհա­նէի նշա­նաւոր Տիփ­սիզ Կէօլի մատ­նո­ւած աւե­րը։ 12 հա­զար տա­րուայ ան­ցեալով թո­ւար­կո­ւած լի­ճը ցամ­քե­ցաւ գան­ձա­խոյզնե­րու ձեռ­քով եւ ապար­դիւն պե­ղու­մի մը հե­տեւան­քով։ Հա­մատա­րած հա­մոզում է, թէ Թուրքիոյ մէջ պե­տու­թիւնը դի­տումնա­ւոր կեր­պով կ՚ան­տե­սէ գան­ձա­խոյզնե­րու ապօ­րէն աշ­խա­տու­թիւնը։

Վեր­ջերս բա­ցի Կիւ­միւշհա­նէի Տիփ­սիզ Կէօլէ, լուրջ աւե­րի մատ­նո­ւած է նաեւ Տիար­պէ­քիր Սուր թա­ղամա­սին մէջ գտնո­ւած Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեցին։ Այս եկե­ղեցին դար­ձեալ կը պատ­կա­նի Սուրբ Կի­րակո­սի հիմ­նարկին եւ ցարդ նո­րոգութեան չէ ար­ժա­նացած նիւ­թա­կան ան­բա­ւարա­րու­թիւննե­րու պատ­ճա­ռաւ։ Այս մա­սին թա­ղական խոր­հուրդի ան­դամ Կա­ֆուր Թիւրքայ «Ակօս»ին յայտնեց թէ չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ դար­ձեալ ու­սումնա­սիրած են եկե­ղեց­ւոյ վի­ճակը եւ տե­սած են, թէ մէկ կող­մէն գան­ձա­խոյզներ գանձ գտնե­լու յոյ­սով փո­րած են եկե­ղեցիի հիմ­քե­րը եւ մէկ կող­մէն ալ որ­պէս շի­նանիւթ թա­լանո­ւած են սրբա­տաշ քա­րերը։

Կա­ֆուր Թիւրքայ յայտնած է թէ այս մա­սին դի­մում պի­տի կա­տարեն կու­սա­կալու­թեան եւ պատ­մամշա­կու­թա­յին յու­շարձան­նե­րու պահ­պանման խոր­հուրդին։

Բա­ցի այս ակա­դեմա­կան Ռու­վէյտա Թունչ ալ «Տիգ­րիս» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան տո­ւած յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշէ թէ եկե­ղեցին փլուզման վտան­գի հետ դէմ յան­դի­ման է եւ նման փլու­զումով կը քան­դո­ւի նաեւ քա­ղաքի յի­շողու­թիւնը։

Տիար­պէ­քիրի Ճար­տա­րապետ­նե­րու միու­թեան նա­խագահ Շե­րեֆ­հան Այ­տըն նիւ­թը կը դի­տէ աւե­լի ըն­դարձակ տե­սան­կիւնէ եւ հո­րիզո­նական­ներ կը գո­յաց­նէ Սուր թա­ղամա­սի շտա­պօրէն պե­տակա­նաց­ման եւ ապա քան­դո­ւելու երե­ւոյ­թին հետ։ «Պե­տու­թեան պատ­մա­կան վայ­րե­րու հան­դէպ ցու­ցա­բերած ան­տարբե­րու­թիւնը դի­տումնա­ւոր ռազ­մա­վարու­թիւն մըն է։ Մեր տե­ղեկա­գիր­նե­րու մէջ նշո­ւած է, թէ 357 շէնք փլած ն, որոնցմէ 100-ը նա­խապէս նշո­ւած է, որ­պէս պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէք»։ Ան աւել­ցուց ըսե­լով թէ պետական շրջանակները առա­ջին օրէն իսկ այս ան­հո­գու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ