Եթէ Ոսպնեակը Լեզու Ունենար

Սուլու­քուլէի մէջ լու­սանկա­րելու սկսած առա­ջին օրե­րուն իսկ նկա­տած էի զինք։ Թա­ղի ամե­նապա­հանջկոտ խի­զախ ու ըմ­բոստ կեր­պարնե­րէն մէկն էր։ Երբ հա­մաձայ­նէր նկա­րուե­լու, այնպի­սի տպա­ւորու­թիւն մը կը թո­ղուր, որ կար­ծես քիչ վերջ աշ­խարհ պի­տի կոր­ծա­նի ամէն ինչ պի­տի փճա­նայ եւ սա վեր­ջին առիթն է, որ շնոր­հո­ւած է մե­զի զինք նկա­րելու հա­մար։ «Կամ հի­մա կը նկա­րես կամ ալ եր­բեք»։ Այս կը կար­դա­ցուէր իր հա­յեաց­քին մէջ։ Իս­թանպու­լի մէջ առա­ջին ամիսն էր։ Սու­լուքու­լէ թա­ղի մէջ մա­նուկնե­րու հա­մար գոր­ծող հա­սարա­կական կեդ­րո­նի մը մէջ ես ալ ըն­դա­ռաջած էի անգլե­րէն դա­սեր տա­լու խնդրան­քին։ Քա­նի մը ամիս շա­րու­նա­կեցին այդ դա­սերը բայց ինք աշա­կերտնե­րէս մէ­կը չէր։ Մին­չեւ դա­սապահ ժա­մանակ վատ­նած սրճա­րանի դի­մացը կը բնա­կէր ըն­տա­նեօք։ Վեց շունչ էր ըն­տա­նիքը եւ մէկ սե­նեակի մէջ յար­մա­րուած էին։ Քրո­ջը հետ փո­ղոցը կը խա­ղար։ Անու­նը չեմ յի­շեր սա պա­հուն թե­րեւս Այ­շէ, թե­րեւս Զէյ­նեփ։ Այն ժա­մանակ թրքե­րէնս բա­ւական տկար էր եւ ան ալ կը ծի­ծաղէր իմ խօ­սակ­ցութեան վրայ։ Սա­կայն ժա­մանա­կի ըն­թացքին ըն­կե­րացանք։ Բազ­մա­թիւ ան­գամ տե­սած էր թէ նկա­րած­ներս կը յանձնեմ իրենց։ Եր­բեմն ինք կը պա­հան­ջէր որ լու­սանկա­րեմ զինք։ Ես իրա­ւունք չու­նէի իրեն «Այսպէս կե­ցիր, այնպէս կե­ցիր, վեր նա­յէ վար նա­յէ» ըսե­լու։ Օր մը ամէն ինչ ինք դա­սաւո­րեց ու պա­հան­ջեց որ զինք եւ քոյ­րը նկա­րեմ։ Տան մուտքին կանգնե­ցան։ Ետին չո­րանա­լու հա­մար փռո­ւած լո­ւաց­քը։ Նրբանցքը տաղտկնած։ Ուղղա­կի աչ­քե­րուս կը նա­յէր։ Եր­կու քրոջ այս կեր­պա­րը տպա­ւորած էր զիս խա­ւարին մէջ փայ­լա­տակող իրեն լոյսով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ