Կայացաւ իզուր դատավարութեան 100-րդ նիստը

Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան 100-րդ նիստը շարունակուեցաւ 26-27-28 Նոյեմբերին, վկաներու լսումներով։ Այս նիստին ամենաշատ քննարկուած նիւթն էր ոճրագործ Օկիւն Սամասթի դրօշակն ի ձեռին լուսանկարին ի՞նչ պայմաններով առնուած ըլլալու հանգամանքները։

Վկաները ընդհանրապէս դիմեցին «Չեմ յիշեր» կամ «Հրամանատարներս պատուիրեցին»ի նման պատասխաններու։ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլուի «Նախքան լուսանկարուիլ արդէն հարցաքննուած էր Սամասթ։ Խոստովանած էր ընկերներուն անունը։ Այս պայմաններու մէջ այդ լուսանկարին լոկ Սամասթը դրօշակով ցոյց տալու համար առնուած ըլլալը կրնա՞նք խորհիլ» հարցումը անպատասխան մնաց։

Պետական պաշտօնեաներու դատուած այս նիստին երրորդ անգամ փոխուած էր դատակազմի նախագահը։ Այս ծիրէն ներս կը դատուին 77 մեղադրեալներ, որոնցմէ չորսը ձերբակալուած են։

Դատակազմի նոր նախագահ Էմրահ Քորքմազ յայտնեց թէ նախորդ նիստերուն Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան (MİT) պաշտօնեաներու լսումներուն համար դիմում կատարուած էր։ Այդ դիմումը այս նիստին ալ անպատասխան մնաց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ