Հայաստան- Թուրքիա բացարձակապէս անհաղորդ մնացին

Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ ցա­մաքա­յին սահ­մա­նը փակ ըլ­լա­լով եր­կու եր­կիրնե­րու ուղղա­կի հա­ղոր­դակցու­թեան միակ մի­ջոցն էր օդա­յին գի­ծը։ Այդ գի­ծը ան­խա­փան կեր­պով կը գոր­ծէ 1996 թո­ւակա­նէն այս կողմ, աւե­լի քան 23 տա­րիէ ի վեր։

Սկզբնա­կան տա­րինե­րուն «Ար­մե­նիան Էիր­լէյնս» ըն­կե­րու­թեան «Թու­պո­լեվ» ինքնա­թիռ­նե­րով կա­տարո­ւած չարթրա­յին թռիչքնե­րը կ՚իրա­կանա­նային շա­բաթը եր­կու օր փո­խադար­ձա­բար։ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին օդա­յին ըն­կե­րու­թեան սնան­կա­ցու­մէն ետք Երե­ւան- Իս­թանպուլ թռիչքնե­րը ստանձնած էր «Ար­մա­ւիա» ըն­կե­րու­թիւնը։ «Աթ­լասկլո­պալ» այս գի­ծի վրայ թռիչքներ կա­տարող թրքա­կան ըն­կե­րու­թիւն էր, որ ու­ղե­ւոր­նե­րու պա­հան­ջին հա­մապա­տաս­խան կեր­պով շա­բաթա­կան թռիչքնե­րը բարձրա­ցու­ցած էր հինգ օրո­ւայ։

26 Նո­յեմ­բեր երեք­շաբթի օր ըն­կե­րու­թիւնը յայ­տա­րարեց, թէ ներ­քին եւ մի­ջազ­գա­յին բո­լոր թռիչքնե­րը դադ­րե­ցուած է մին­չեւ 21 Դեկ­տեմբեր։ Ըն­կե­րու­թիւնը այս որո­շու­մը կը պայ­մա­նաւո­րէ տնտե­սական ծանր լուծի հետ, յատ­կա­պէս շեշ­տե­լով Իս­թանպու­լի նո­րակա­ռոյց օդա­կայա­նի պատ­ճա­ռած յա­ւելեալ ծախ­սե­րը։ «Աթ­լասկլո­պալ ըն­կե­րու­թիւնը նոր օդա­կայա­նի պատ­ճա­ռած յա­ւելեալ ծախ­սե­րու բեր­մամբ չէ կրցած վե­րաց­նել 2016- 2017 տա­րեշրջա­նի տնտե­սական ճգնա­ժամին եւ տա­րադ­րա­մի յան­կարծա­կի սղա­ճին պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րը։

Յան­կարծա­կի այս որո­շու­մը մեծ դժուարու­թիւն պատ­ճա­ռեց բազ­մա­թիւ ու­ղե­ւոր­նե­րու հա­մար, որոնք իրենց ճամ­բորդու­թիւնը ծրագ­րած էին այս ըն­կե­րու­թեան մի­ջոցաւ։ Այս պա­հուն այդ ճամ­բորդնե­րը պի­տի սպա­սեն 16 Դեկ­տեմբեր թո­ւակա­նը, որ­մէ ետք կա­րելի պի­տի ըլ­լայ ցարդ վճա­րուած տոմ­սա­կի փո­խար­ժէքնե­րը ետ գան­ձեց։

«Աթ­լասկը­լոպալ»ի թռիչքնե­րու առ­կա­յաց­ման որո­շու­մէն ետք խզո­ւած եղաւ Իս­թանպուլ ու Երե­ւանի մի­ջեւ ու­ղիղ ճամ­բորդե­լու միակ միջոցը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ