Դատերը դամոկլեան թուր մըն են ընտրութեան առջեւ

«Չեմ զի­ջեր սկզբունքնե­րէս»

Ար­տա­սահ­մա­նի եպիս­կո­պոս­նե­րու թեկ­նա­ծու­թիւնը ար­գի­լելով անօ­րինա­կան հան­գա­մանք մը ստա­ցած Թուրքիոյ 85-րդ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցի դէմ եր­րորդ դատ մը եւս յա­րու­ցո­ւեցաւ։ Այս դա­տի իրա­ւապաշտպանն է մօտ ան­ցեալին Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի անդա­մու­թե­նէն եւ բամ­բե­րի պաշ­տօ­նէն հրա­ժարող փաս­տա­բան Սա­րօ Պենկլիեան։ Պենկլիեան «Ակօս»ին յայտնեց թէ Վար­չա­կան Ատեանի մօտ բա­ցուած դա­տի մե­ղադ­րեալը Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը եւ հե­տեւա­բար Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալու­թիւնն է։ «Իմ պաշտպա­նեալը այս քայ­լին դի­մեց իրա­ւական հիմ­քէ զուրկ կա­մայա­կան մեր­ձե­ցումնե­րով պար­տադրո­ւած ար­գելքնե­րու դէմ գոր­ծընթա­ցը կա­սեց­նե­լու, եթէ այս մէ­կը չյա­ջողի ուշ կամ կա­նուխ կի­րար­կո­ւածին անօ­րինու­թիւնը փաս­տե­լով Նա­խարա­րու­թեան ղրկած կա­նոնագ­րի չե­ղար­կումը ապա­հովե­լու հա­մար։ Իմ պաշտպա­նեալը այս դա­տով կ՚ու­զէ գի­տակից, բայց լուռ մնա­ցած մե­ծամաս­նութեան ձայ­նը դառ­նալ։ Ձե­ւով մը կա­ռու­ցո­ւիլ ու­զող վա­խի կայսրու­թեան դէմ միշտ նա­հան­ջող եւ այդպէ­սով յա­ջողած կար­ծող դրու­թեան դէմ պայ­քա­րելու մի­ջոց մըն է այս դա­տը։ Յատ­կա­պէս կ՚ու­զեմ նշել, թէ ոչ իմ պաշտպա­նեալը, ոչ ալ այս դա­տական գոր­ծընթա­ցը որե­ւէ կող­մի ծա­ռայե­լու, որե­ւէ կող­մի նպաստ պատ­ճա­ռելու նպա­տակ չու­նե­նար։ Ընդհա­կառա­կը այս դա­տի շրջա­նակով հա­մայնքա­յին որե­ւէ հաս­տա­տու­թիւն կամ ան­հատ մե­ղադ­րանքի չէ են­թարկո­ւած։ Կ՚երաշ­խա­ւորեմ թէ գոր­ծընթա­ցը մին­չեւ վերջ պի­տի ըն­դա­նայ այս սկզբունքնե­րուն վրայ» ըսաւ իրա­ւաբան Սա­րօ Պենկլիեան։

Զար­գա­ցումներ Չե­քեմի 
դա­տին մէջ

Սուրբ Եր­րորդու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ան­դամ Սի­մոն Չե­քեմ ալ նա­խապէս նման դատ մը բա­ցած էր, որու շրջագ­ծով դա­տարա­նը դի­մեց Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան տե­սու­թիւննե­րուն։ Նա­խարա­րու­թիւնը կար­ծիք յայտնե­լու հա­մար յա­ւելեալ ժամ­կէտ պա­հան­ջեց։ Դա­տարա­նը նաեւ դի­մեց պատ­րիար­քի ընտրու­թեան Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնին, ցարդ առ­նո­ւած որո­շումնե­րու ար­ձա­նագ­րութիւ­նը պա­հան­ջե­լով։

Սե­լինա Տո­ղան՝ 
«Չեմ հրա­ժարիր»

Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի ու­թե­րորդ ան­դա­մի ալ հրա­ժարու­մէն ետք հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տին է Հան­րա­պետու­թեան կու­սակցու­թեան նախ­կին պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան։

Տո­ղան վեր­ջերս զա­նազան շրջա­նակ­նե­րէն իրեն հաս­նող հրա­ժարե­լու առա­ջարկնե­րուն դէմ գրա­ւոր յայ­տա­րարու­թիւնով մը հան­դէս եկաւ։ «Հրա­ժարու­մը ան­հա­տական որո­շում մըն է, որ են­թա­կան կը ճշդէ իր ներ­քին հա­շուե­յար­դա­րին բե­րու­մով։ Այս պատ­ճա­ռաւ ալ չեմ մե­ղադ­րեր ոչ հրա­ժարո­ղը, ոչ ալ հրա­ժարե­լէ խու­սա­փողը։ Նաեւ այս խառ­նաշփոթ մի­ջավայ­րին մէջ իմ անձնա­կան պա­տուի հա­մար մտա­հոգո­ւող բա­րեկամ­նե­րուն ալ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ։ Սրտանց կը հա­ւատամ անոնց մտեր­մութեան։ Քա­ղաքա­կան եւ կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեամբ, իրա­ւաբա­նի ինքնու­թեամբ, նոյ­նիսկ որ սահ­մա­նափակ ըլ­լայ կ՚ու­զեմ ներդրում բե­րել։ Ճիշդ չեմ գտներ ընտրու­թեան հա­զիւ 17 օր մնա­ցած ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մը մէջ հրա­ժարե­լու։ Չեմ առար­կեր այն պնդու­մին թէ ծրագ­րո­ւած բե­մադ­րութեան մը մէջ մնա­ցած ենք։ Նոյ­նիսկ ծրագ­րո­ւած բե­մադ­րութեան մը մէջ կը հա­ւատամ թէ ես ամե­նաճիշ­դը կրնամ ընել։ Յայտնի է իմ ցարդ ներ­կա­յացու­ցած առար­կութիւննե­րը, գոր­ծա­ծած ձայ­նե­րը, պա­հան­ջած ճշդումնե­րը։ Ար­դար չէ տա­րինե­րու ըն­թացքին կու­տա­կուած կեղ­տին, ճեն­ճին, որ­պէս Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի ան­դամ իմ մի­ջոցաւ մագ­րո­ւիլը ակնկա­լել։ Սա պա­հուն փո­խանակ հե­րոս­ներ ստեղ­ծե­լու մեր բո­լոր ու­ժը պէտք է ուղղենք պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցին մէջ թեկ­նա­ծու­նե­րու սահ­մա­նու­մը կան­խող ար­դար ու մնա­յուն կա­նոնա­գիր մը պատ­րաստե­լու գոր­ծին։ Մե­զի հա­մար պատ­րիար­քի ընտրու­թեան հա­մազօր կա­րեւոր է հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րուն ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը։ Նոյ­նիսկ անար­դար, պար­տա­ւոր ենք այս ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցը ժո­ղովրդա­վարա­կան հա­սու­նութեամբ աւար­տին հասցնե­լու»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ