Էր երբեմն կամ «ՊիրԶամանլար»

Մեր երկրի աւան­­դութեան մէջ հէ­­քիաթ­­նե­­­րը, պատ­­մութիւննե­­րը կը սկսին «էր եր­­բեմն» կամ «ատե­­նօք» եզ­­րով, որ կը բնու­­թագրէ անո­­րոշ ան­­ցեալ ժա­­մանա­­կը։

Երբ հրա­­տարակ­­չա­­­տուն մը իբ­­րեւ կո­­չում կը որ­­դեգրէ նման անուն, սա ապա­­ցոյց է նաեւ անոր հա­­կումնե­­րուն, հրա­­տարակ­­չա­­­կան ու­­ղիին եւ հե­­տաքրքրու­­թեան դաշ­­տին։ Ար­­դա­­­րեւ հրա­­տարակ­­չա­­­տան սե­­փակա­­նատէր Օս­­ման Քէօքե­­րի ոդի­­սակա­­նը սկիզբ կ՚առ­­նէ անոր նա­­խաձեռ­­նած «Օս­­մա­­­նեան հա­­յերը 100 տա­­րի առաջ» խո­­րագ­­րեալ բա­­ցիկ­­նե­­­րու ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով։

Օր­­լանտօ Գար­­լօ Քա­­լու­­մե­­­նօ հա­­ւաքա­­րար մըն է, որ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին ի մի բե­­րած է բիւ­­րա­­­ւոր բա­­ցիկ­­ներ, Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան բազ­­մա­­­թիւ քա­­ղաք­­նե­­­րու տե­­սարան­­նե­­­րով։ Տե­­սարան­­ներ, որոնք անցնող ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին ան­­ճա­­­նաչե­­լի դար­­ձած են։ Քէօքեր բծախնդիր աշ­­խա­­­տու­­թեամբ դա­­սաւո­­րեց իր ձեռ­­քի տակ գտնո­­ւող նիւ­­թե­­­րը, տե­­ղեկու­­թիւններ քա­­ղեց Ռայ­­մոն Գէոր­­գեանի եւ Փոլ Փա­­պուճճեանի «Հա­­յերը» անուն ծա­­ւալուն ու­­սումնա­­սիրու­­թե­­­նէն եւ այդ բո­­լորը շատ յա­­ջող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով ներ­­կա­­­յացուց հա­­սարա­­կու­­թեան։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի նիւ­­թե­­­րը հա­­ւաքո­­ւեցան նաեւ հա­­տորի մը մէջ ու հիմ­­քը հան­­դի­­­սացան հրա­­տարակ­­չա­­­տան մը գա­­ղափա­­րին։

«Օս­­մա­­­նեան հա­­յերը 100 տա­­րի առաջ» նա­­խագի­­ծի ներշնչու­­մով իրա­­րու յա­­ջոր­­դե­­­ցին նոր ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ եւ հրա­­տարա­­կու­­թիւններ, որոնք հետզհե­­տէ պար­­տադրե­­ցին աւե­­լի մատ­­չե­­­լի պայ­­մաննե­­րով օժ­­տո­­­ւած նոր սրա­­հի մը կա­­րիքը։

«Պիր­­Զա­­­ման­­լար» մեկ­­նարկու­­մէն 15 տա­­րի ետք, 28 եւ 29 Նո­­յեմ­­բե­­­րին շուրջ 500 հրա­­ւիրեալ­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ բա­­ցու­­մը կա­­տարեց իր նոր ցու­­ցասրա­­հին։ Նա­­խատե­­սուած է սրա­­հին մէջ այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն ներ­­կա­­­յաց­­նել եր­­կու ցու­­ցադրու­­թիւն, մին մշտա­­կան եւ միւ­­սը ժա­­մանա­­կաւոր։ Մշտա­­կան ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կը կո­­չուի «Պատ­­մութեան մէջ ճամ­­բորդու­­թիւն, Թուրքիոյ մշա­­կու­­թա­­­յին զա­­նազա­­նու­­թիւնը Ի դա­­րու սկզբին»։ Այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի նիւ­­թե­­­րը ընտրո­­ւած են Օր­­լանտօ Գար­­լօ Քա­­լու­­մե­­­նոյի հա­­ւաքա­­ծոյէն ու վկա­­յու­­թիւններ կը բե­­րեն երկրի հայ, յոյն, հրեայ, ասո­­րի, էզ­­տի, քաղ­­դէացի, մա­­րոնի, եւ­­րո­­­պացի եւ բուլղար հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րու գո­­յու­­թեան եւ արար­­ման մա­­սին։

Նոյն վայ­­րի մէջ բա­­ցուած առա­­ջին ժա­­մանա­­կաւոր ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը, որ բաց պի­­տի մնայ մին­­չեւ 29 Յու­­նո­­­ւար 2020, ծննդեան 150-ամեակն ալ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ձօ­­նուած է Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետի եւ խո­­րագիրն է «Սիրտս նման է էն փլած տներ»։ «Ակօս» նա­­խորդ թի­­ւերուն մէջ անդրա­­դար­­ձած էր այս անու­­նը կրող ու­­սումնա­­սիրու­­թեան, որուն հե­­ղինակ­­ներն էին ազ­­գագրա­­կան եր­­գե­­­րու եր­­կու մաս­­նա­­­գէտ­­ներ՝ Մե­­լիսա Պի­­լալ եւ Պուրճու Եըլ­­տըզ։ Հա­­մահե­­ղինակ­­նե­­­րը 14 Դեկ­­տեմբե­­րին պի­­տի ներ­­կա­­­յաց­­նեն իրենց աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը եւ մա­­կագ­­րեն ըն­­թերցող­­նե­­­րու հա­­մար։

«Կա­­լերի Պիր­­Զա­­­ման­­լար»ի հաս­­ցէն է Նշան­­թաշ, Վա­­լի Քո­­նաղը փո­­ղոց, 23, Շա­­ֆաք ափթ. 6-րդ յարկ։ Հեռ՝ 0212 247 19 07, ել-փոստ՝ infobirzamanlaryayincilik.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ