ՓԵՐԱՅԻ «ՓԱՆՔԵՐԸ»

Լուսանկարող բջջային հեռախօսները տակաւին այսքան տարածուած չէին։ Յարգանք կը ցուցաբերուէր լուսանկարչական գործիքի հանդէպ։ Լուսանկարիչը կ՚ընէր իր լաւ գիտցած գործը։ Մարդիկ կը նկարուէին ոսպնեակին դիմաց եւ մտքով իսկ չէին անցներ, թէ աւելի վերջ կրնայ փոփոխութիւններ կատարուիլ այդ նկարին վրայ։ 2007-ի Օգոստոսն է։ Առաջին գալս Իսթանպուլ։ Իսթիքլալ փողոցի վրայ տեղ մը հասնելու հապճեպով քայլող խումբ մը երիտասարդներուն հանդիպեցայ։ Հաւանաբար շատեր այդ երկսեռ խումբը պիտի նկարագրեն «Աղմկող նորահասներ»։ Իսկ ես անոնց նայելով իրենց հագուստ կապուստէն, մազերու յարդարանքէն անմեղ հպարտութիւն մը զգացող ժամանակին զուարթ ըմբոստները, սիրուն պատանիները կը տեսնէի։ Բազմութեան մէջ իրենց շարժումներով կարելի է գուշակել, որոշ ամօթխածութեան մէջ են նաեւ։ Կարծես թէ չեն գիտեր թէ ինչ պէտք է ընեն։ Կարծես առաջին անգամ միասնաբար փողոց ելած են եւ քննութեան մը առաջ կը գտնուին։ Աճապարանքով քանի մը անգամ նկարեցի զիրենք։ Երբ կը փորձէի անոնց արագութեան յարմարիլ այդ պահուն անշուշտ նկատեցին զիս։ Սկսան իրարու նշմար ընել։ Աչքով յօնքով «Տես մեզ կը նկարէ» կ՚ըսէին իրարու։ Վերջապէս աչք աչքի եկանք։ Այդ ժամանակ բառ մը իսկ թրքերէն չէի գիտեր։ Ուրեմն ես ալ դիմեցի նշմարներու լեզուին ու ձեռքով հարց տուի «Դէպի ո՞ւր»։ «Մեթալի համերգ» պատասխանեցին ու կէս կտոր անգլերէնով մը հարցուցին. «Մեթալիքա կը սիրե՞ս»։ Դրական էր պատասխանս։ «Այո» ըսի։ Իրենց գոհունակութիւնը բութամատները վեր ցցելով յայտնեցին։ Արտօնութիւն ուզեցի լուսանկարելու համար։ Կեդրոնը կեցողը նշմար ըրաւ որ սպասեմ մի քիչ։ Ու ապա դիրք առաւ եւ ընկերներն ալ քովը կանչեց։ Երբ որ նայիմ այս նկարին, ներքուստ ջերմութիւն մը կը պատէ, կ՚ուրախացնէ զիս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ