Կը հպարտանանք հետեւելով «Արաս»ի երթին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

Ցանկա­­­ցած հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան յա­­­ջողու­­­թեան չա­­­փանի­­­շը նախ եւ առաջ յա­­­րատե­­­ւու­­­թիւնն է։ Հիմ­­­նարկու­­­թե­­­­­­­նէն այս կողմ քա­­­ռորդ դա­­­րը լրա­­­ցու­­­ցած «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը, նախ եւ առաջ այդ դժո­­­ւարին աս­­­պա­­­­­­­րէզի վրայ ան­­­ցած ճա­­­նապար­­­հով յստակ յաղ­­­թա­­­­­­­նակ մը տա­­­րած է։ Ըն­­­թերցման սո­­­վորու­­­թիւնը կորսնցու­­­ցած հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մը մէջ ու­­­շագրաւ յա­­­ջողու­­­թիւն մըն է, այս ինքնին։ Բայց կայ աւե­­­լին, որ կը գե­­­րազան­­­ցէ յա­­­րատե­­­ւու­­­թիւնը, այն ալ մերթ ընդ մերթ կա­­­տարո­­­ւած ոս­­­տումնե­­­րով կա­­­րելի կը դառ­­­նայ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ «Արաս» ճիշդ ժա­­­մանա­­­կին, ճիշդ պայ­­­մաննե­­­րու տակ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րեց բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ոս­­­տումներ, որոնք կը խոս­­­տա­­­­­­­նան ալ աւե­­­լի փայ­­­լուն ապա­­­գայ։ Այս տե­­­սան­­­կիւնով դի­­­տուած, նոյն շէն­­­քի մէջ աւե­­­լի ըն­­­դարձակ աշ­­­խա­­­­­­­տավայր մը փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւելով կա­­­րելի չէ եղա­­­ծը գնա­­­հատել։ Ինչպէս որ կը պատ­­­մէր հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան գլխա­­­ւոր խմբա­­­գիր Ռո­­­պէր Քոփ­­­թաշ, «Արաս» իր առա­­­քելու­­­թեան սկսաւ Գա­­­րակէօզեանի խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան պատ­­­կա­­­­­­­նող պատ­­­մա­­­­­­­կան «Խտի­­­ւեալ Փա­­­լաս» շէն­­­քի փոք­­­րիկ մէկ գրա­­­սենեակին մէջ։ Այդ օրե­­­րու պայ­­­մաննե­­­րով, այդ գրա­­­սենեակի բա­­­ցումն ալ կա­­­րելի է ոս­­­տում մը հա­­­մարել, քա­­­նի որ նախ­­­քան այդ «Արաս» իր առա­­­ջին գիր­­­քե­­­­­­­րը ըն­­­թերցո­­­ղին մա­­­տու­­­ցած էր նոյ­­­նիսկ առանց կա­­­յուն գրա­­­սենեակ մը ու­­­նե­­­­­­­նալու։

Նա­­­խորդ դա­­­րաս­­­կիզբին ըն­­­թերցման պա­­­պակով լե­­­ցուն հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մը պա­­­հանջնե­­­րուն գո­­­հացում տա­­­լու հա­­­մար ան­­­հա­­­­­­­մար հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­ներ կը գոր­­­ծէին այս քա­­­ղաքին մէջ եւ նոյ­­­նիսկ միշտ կը զգա­­­ցուէր աւե­­­լիին ու աւե­­­լիին կա­­­րիքը։ Յե­­­տոյ եկան նոր շրջան­­­ներ, ուր ըն­­­թերցու­­­մը գիրն ու գրա­­­կանու­­­թիւնը աւե­­­լոր­­­դա­­­­­­­բանու­­­թիւն դար­­­ձան շա­­­տերու հաշ­­­ւոյն։ Եւ այդ պայ­­­մաննե­­­րու տակ է, որ «Արաս»ի հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րը յանդգնե­­­ցան նման նա­­­խաձեռ­­­նութեան։ Այ­­­սօր մեծ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն է վա­­­յելել անոնց առա­­­քելու­­­թեան յա­­­ջողու­­­թիւնը։ Այս միտ­­­քե­­­­­­­րով է, որ այ­­­ցե­­­­­­­լեցինք հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան նոր գրա­­­սենեակը, որ բա­­­ցի խմբագ­­­րա­­­­­­­տու­­­նէ, կը խոս­­­տա­­­­­­­նայ զա­­­նազան եւ բազ­­­մաբնոյթ մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րու ոս­­­տա­­­­­­­նը դառ­­­նալ։

«Արաս» այ­­­սօր դար­­­ձեալ տե­­­ղաւո­­­րուած է «Խտի­­­ւեալ Փա­­­լաս»ի այս ան­­­գամ աւե­­­լի ըն­­­դարձակ մէկ բաժ­­­նի մէջ, ուր պի­­­տի կա­­­րենայ բա­­­ցի նոր գիր­­­քե­­­­­­­րու նա­­­խահ­­­րա­­­­­­­տարակ­­­չա­­­­­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րէ, ժո­­­ղով­­­ներ գու­­­մա­­­­­­­րել գրա­­­կան, գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան եւ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին զա­­­նազան նիւ­­­թե­­­­­­­րով։ Այս առա­­­քելու­­­թեան հա­­­մար ձե­­­ւաւո­­­րուած է նոր գրա­­­սենեակի հա­­­մեմա­­­տաբար աւե­­­լի ըն­­­դարձակ հա­­­տուա­­­ծը եւ անո­­­ւանա­­­կոչո­­­ւած Զա­­­պէլ Եսա­­­յեանի անու­­­նով։

Եթէ դար­­­ձեալ ակ­­­նարկենք Քոփ­­­թա­­­­­­­շի ելոյ­­­թին, ան այս երե­­­ւոյ­­­թը բա­­­ցատ­­­րեց իբ­­­րեւ պարտք ու պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թեան հա­­­տու­­­ցում հան­­­դէպ իգա­­­կան սէ­­­րի, որ հետզհե­­­տէ աւե­­­լի ծանր կը տա­­­նի հայ­­­րիշխա­­­նական բռնու­­­թեան ծանր հա­­­լածան­­­քը։ Այն որ նող­­­կա­­­­­­­լի կեր­­­պով կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւի իբ­­­րեւ սրբու­­­թիւն «նա­­­հապե­­­տական» կեղ­­­ծա­­­­­­­ւոր պի­­­տակի տակ։ Այսպէ­­­սով ան եկաւ հաս­­­տա­­­­­­­տելու, թէ պա­­­տահա­­­կան չէ Զա­­­պէլ Եսա­­­յեանի անու­­­նը, քա­­­նի որ մենք այդ անու­­­նին մէջ պի­­­տի կրնանք տես­­­նել կնոջ իրա­­­ւունքնե­­­րու հա­­­մար մղո­­­ւած մեծ պայքարի մար­­­տի­­­­­­­կի մը կեր­­­պա­­­­­­­րը։ Նոյն պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ ալ նոր աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցի բաց­­­ման խրախ­­­ճանքը, որ կը նա­­­խատե­­­սուի քա­­­նի մը օրե­­­րու ըն­­­թացքին կի­­­րար­­­կե­­­­­­­լով աւե­­­լի լայն շրջա­­­նակի հաս­­­նիլ, յա­­­ջոր­­­դա­­­­­­­բար պի­­­տի հիւ­­­րընկա­­­լէ կնոջ իրա­­­ւունքնե­­­րու հա­­­մար մարտնչող հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու գոր­­­ծիչներ։

Մենք որ միշտ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեամբ ու պար­­­ծանքով հե­­­տեւե­­­ցանք «Արաս»ի գոր­­­ծունէու­­­թեան, այ­­­սօր հպար­­­տա­­­­­­­նալու աւե­­­լի մեծ բա­­­ժին մը ու­­­նե­­­­­­­ցանք, որուն հա­­­մար ան­­­շուշտ որ սրտանց պի­­­տի շնոր­­­հա­­­­­­­ւորենք մեր ըն­­­կերնե­­­րը եւ անոնց պի­­­տի մաղ­­­թենք նո­­­րանոր նո­­­ւաճումներ իրենց ճա­­­նապարհին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ