Տեմիրթաշ դող հանեց

Թուրքիոյ քա­ղա­քա­­կան կեան­­քի կար­­կա­­­րուն դէմ­­քե­­­րէն Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան կու­­սակցու­­թեան նախ­­կին հա­­մանա­­խագահ Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թա­­­շի մա­­սին եր­­կուշաբ­­թի օր հնչող լրա­­տուու­­թիւնը կայ­­ծակնա­­յին մտա­­հոգու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռեց բո­­վան­­դակ երկրի մէջ։ Այդ օր յետ մի­­ջօրէին ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու վրայ շրջող լրա­­տուու­­թեան հա­­մաձայն Տե­­միր­­թաշ սրտի ին­­ֆարքթ ու­­նե­­­ցած էր իր իսկ բան­­տարկո­­ւած Էտիր­­նէի բան­­տին մէջ։ Կար­­ճա­­­տեւ ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թե­­­նէ ետք պար­­զո­­­ւեցաւ, որ լու­­րը կը վե­­րաբե­­րի նա­­խորդ շա­­բաթո­­ւան եւ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը կա­­տարած է Տե­­միր­­թա­­­շի քոյ­­րը եւ իրա­­ւապաշտպա­­նը։

Բան­­տի պաշ­­տօ­­­նէու­­թիւնը խու­­սա­­­փած էր Տե­­միր­­թա­­­շը իս­­կոյն հի­­ւան­­դա­­­նոց փո­­խադ­­րե­­­լէ։ Բժշկա­­կան քննու­­թիւնը կա­­տարո­­ւեցաւ դէպ­­քին լսուելէն ետք։ Վեր­­ջին տե­­ղեկա­­տուու­­թիւննե­­րով Տե­­միր­­թաշ վե­­րագ­­տած է իր առող­­ջութիւ­­նը եւ ներ­­կա­­­յիս իր կեան­­քին վտանգ մը չի սպառնար։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ