Ձայն տուէք արդարութեան

Պա­րիար­­քա­­­­կան ընտրու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցի մէջ առա­­­ջին օրէն իսկ որ­­­պէս նիւ­­­թին ուղղա­­­կի շա­­­հախնդիր, բայց ան­­­պաշտօն եւ ան­­­կո­­­­­­­չում մնա­­­ցած­­­նե­­­­­­­րու ձայ­­­նը հան­­­դի­­­­­­­սացող Հա­­­սարա­­­կու­­­թեան Նա­­­խաձեռ­­­նութիւն շար­­­ժումը ընտրու­­­թեան ըն­­­դա­­­­­­­ռաջ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւն մը հրա­­­տարա­­­կեց իր միտ­­­քը փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լով հա­­­սարա­­­կու­­­թեան։ Նախ­­­քան այս յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնը Հա­­­սարա­­­կու­­­թեան Նա­­­խաձեռ­­­նութիւն շար­­­ժումը ժո­­­ղով մը գու­­­մա­­­­­­­րեց Նա­­­խաձեռ­­­նարկ Մար­­­մի­­­­­­­նի ցարդ հրա­­­ժարած ան­­­դամնե­­­րուն հետ եւ լսեց անոնց հրա­­­ժար­­­ման տե­­­ղի տո­­­ւող գոր­­­ծօննե­­­րը։ Այսպէս 28 Նո­­­յեմ­­­բե­­­­­­­րին կա­­­յացող ժողովին մաս­­­նակցե­­­ցան Ղու­­­կաս Ար­­­զուման, Մի­­­նաս Աս­­­լան, Սա­­­րօ Պենկլիեան, Սար­­­գիս Չա­­­ւու­­­շեան, Սեդ­­­րակ Տա­­­ւութհան, Կար­­­պիս Տու­­­րասլան, Գէորգ Էր­­­քան եւ Նա­­­զարէդ Էօզ­­­սա­­­­­­­հակեան։ Անոնք բո­­­լորն ալ մեծ ոգե­­­ւորու­­­թեամբ լծո­­­ւած էին պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թեան գոր­­­ծընթա­­­ցը դա­­­սաւո­­­րելու պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թեան եւ սա­­­կայն շու­­­տով անդրա­­­դար­­­ձած, որ կա­­­տարո­­­ւածը ար­­­դէն նա­­­խապէս ծրագ­­­րո­­­­­­­ւած գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թեան մը բե­­­մադ­­­րութիւնն է միայն։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թե­­­­­­­նէն սպա­­­սուած կա­­­նոնագ­­­րին հրա­­­պարա­­­կու­­­մէն ան­­­մի­­­­­­­ջապէս ետք կա­­­յացող առա­­­ջին ժո­­­ղովին իսկ ըսո­­­ւած էր, թէ այս գոր­­­ծընթա­­­ցին մէջ անի­­­մաստ է արդարու­­­թիւն փնտռել։ Սոյն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը ար­­­դէն պատ­­­ճառ դար­­­ձաւ առա­­­ջին հրա­­­ժարա­­­կանի։ Մնա­­­ցող­­­ներ որոշ ժա­­­մանակ յու­­­սա­­­­­­­ցին թէ պի­­­տի կրնան բա­­­րեփո­­­խել այս սխալ ըն­­­թացքը։ Սա­­­կայն հետզհե­­­տէ յայտնի դար­­­ձաւ, որ բո­­­լորը միասին գոր­­­ծի­­­­­­­քը կը դառ­­­նան նա­­­խապէս ճշդո­­­ւած ծրագ­­­րի մը գոր­­­ծադրման։ «Կար­­­ծես թէ ար­­­դէն իսկ եփած ճա­­­շը կրկին փու­­­ռը կը դնէին, որ­­­պէսզի գո­­­յանայ իբ­­­րեւ թէ նոր եփած ըլ­­­լա­­­­­­­լու տպա­­­ւորու­­­թիւն»։ Այս հա­­­մոզու­­­մին յան­­­գե­­­­­­­լէ ետք հրա­­­ժարա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը իրար յա­­­ջոր­­­դե­­­­­­­ցին եւ Նա­­­խաձեռ­­­նարկ Մարմնի կազ­­­մը կէ­­­սով իսկ խու­­­սա­­­­­­­փեցաւ նման ըն­­­թացքի մեղ­­­սա­­­­­­­կից ըլ­­­լա­­­­­­­լէ։

Այ­­­սօր Հա­­­սարա­­­կական Նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նը կը յայ­­­տա­­­­­­­րարէ, թէ չի քո­­­ւէար­­­կեր անար­­­դար եւ իրա­­­ւունքնե­­­րը յափշտա­­­կող ընտրու­­­թեան մը հա­­­մար։ Այս ըսե­­­լով հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնն ալ կը հրա­­­ւիրէ իրենց ձայ­­­նին հե­­­տեւե­­­լու եւ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան կող­­­մը ըլ­­­լա­­­­­­­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ