«Կը մերժեմ պատրիարքի ընտրութիւնը»

ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան հետ առնչուած կարծիքներ յայտնեց «Ակօս»ին։ «Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդութենէն սկսեալ կայացած բոլոր զարգացումները ամօթալի շրջան մը ըլլալով կը դատեմ։ Իսկ այս վերջին ընտրութեան ժամանակ կայացածներէն պետութեան հետ միասին պատասխանատու են կարգ մը հոգեւորականները եւ աշխարհականները։ Տասը տարուայ նշանակուած փոխանորդի շրջանը շատ սուղ արժեց բոլորիս համար։ Դժբախտաբար համակերպեցանք մեզի պարտադրուած կանոնագրին։ Այսօր երկրի մէջ հակաժողվրդավարական բազում երեւոյթներ կան։ Այս միջավայրի տակ վախու մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եւ յանձնարարուեցաւ որ յօժարինք տուեալ երկու թեկնածուներուն։ Հոգեւորականները եւ աշխարհականները համակերպեցան, այդ պարտադրանքին։ Ես կը մերժեմ այս ընտրութիւնը։ Չեմ քուէարկած եւ չեմ ճանչնար ընտրութեան արդիւնքը։ Ընտրուած անցը որպէս պատրիարք պիտի չընդունիմ։ Հայ հասարակութիւնը պէտք է ժամ առաջ կատարէ իր հաստատութիւններու վարիչներու ընտրութիւնը։ Պէտք է պայքարինք պատրիարքը օրինական եղանակով վերընտրելու համար։ Շատեր միւս թեկնածուի պատրիարք ըլլալուն դէմ քուէարկեցին։ Կատարուած ընտրութիւնը Թուրքիոյ հայոց համար մարսուելիք բան չէ» ըսաւ Կարօ Փայլան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ