Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Տարեմուտ է կրկին։ Մեր աշ­­­խարհը իր մի­­­լիառա­­­ւոր դար­­­ձե­­­­­­­րէն մէ­­­կը կա­­­տարած է արե­­­ւուն շուրջ։ Հի՛ն է արե­­­ւը, հի՛ն է աշ­­­խարհը։ Բայց ամե­­­նայն կա­­­րողու­­­թեամբ օժ­­­տո­­­­­­­ւած են եր­­­կուքն ալ միշտ նոր մնա­­­լու, նո­­­րոգե­­­լու եւ նո­­­րոգո­­­ւելու։ Հի­­­նը եւ նո­­­րը նոյն մե­­­տայ­­­լին եր­­­կու երես­­­ներ են լոկ։ Աս­­­տո­­­­­­­ւած հի­­­նին մէջ պա­­­հած է նո­­­րը եւ հին ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րը ծնունդ կու տան նո­­­րերուն ընդմիշտ երբ պա­­­հը հաս­­­նի։

Մեր պատ­­­րիար­­­քութիւնն ալ հին է, բայց հին­­­ցած չէ։ Կոս­­­տանդնու­­­պոլսոյ մեր դա­­­րաւոր Աթո­­­ռը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ իր պատ­­­մա­­­­­­­կան ճա­­­նապար­­­հորդու­­­թիւնը՝ ժա­­­մանա­­­կին մէջ նո­­­րոգո­­­ւելով եւ նո­­­րոգե­­­լով իր ժո­­­ղովուրդը։ 1461-էն սկսեալ գրե­­­թէ վեց դար ամ­­­բողջ մեր Աթո­­­ռը փա­­­ռապանծ գի­­­սակի մը նման ժա­­­մանա­­­կի մէջ կը սու­­­զո­­­­­­­ւի, իր մէջ ընդխառ­­­նե­­­­­­­լով բիւր բիւ­­­րա­­­­­­­ւոր հո­­­գիներ, որոնք հա­­­յու­­­թեան երկնա­­­կամա­­­րին վրայ կը շող­­­շո­­­­­­­ղան ան­­­նո­­­­­­­ւազ փառ­­­քով։

Որ­­­քան կարճ են մեր անձնա­­­կան կեան­­­քե­­­­­­­րը՝ բաղ­­­դա­­­­­­­տած մեր Աթո­­­ռի եր­­­կա­­­­­­­րատեւ կեան­­­քին հետ։ Ին­­­չե՛ր պա­­­տահե­­­ցան եւ ով­­­քե՛ր եկան ու ան­­­ցան անոր շու­­­քին տա­­­կէն։ Ինչ ինչ կրակ­­­նե­­­­­­­րէն ան­­­ցաւ այս Աթո­­­ռը, բախ­­­տի ինչ սեւ ամ­­­պեր պար­­­պե­­­­­­­ցին իրենց թու­­­նա­­­­­­­ւոր պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը անոր հո­­­վանա­­­ւորած եկե­­­ղեցի­­­ներուն եւ հա­­­մայնքնե­­­րուն վրայ։ Փառ­­­քի օրեր ալ տե­­­սաւ, անձկու­­­թեան օրեր ալ։ Բայց եւ այնպէս հա­­­սաւ այս օրե­­­րուն ապա­­­հով եւ ինքնավստահ՝ իր հա­­­ւատա­­­ցեալ ժո­­­ղովուրդով եւ հա­­­մայնքա­­­յին ամուր կա­­­ռոյցնե­­­րով՝ փաս­­­տո­­­­­­­ւած կա­­­յու­­­նութեամբ մը։

Ահա՛ մեր Պատ­­­րիար­­­քութիւ­­­նը ան­­­ցեալի բե­­­ռը եւ բեր­­­քը իր ու­­­սե­­­­­­­րուն շալ­­­կած հաս­­­տա­­­­­­­տակամ քայ­­­լե­­­­­­­րով դէ­­­պի ապա­­­գայ կ՚ըն­­­դա­­­­­­­ռաջէ իր նո­­­րըն­­­տիր 85-րդ Պատ­­­րիար­­­քին գլխա­­­ւորու­­­թեամբ։ Նոր տա­­­րին իրա­­­պէս բա­­­ռին բուն իմաս­­­տով «նո­­­ր» պի­­­տի ըլ­­­լայ Պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան հա­­­մար։ Ու­­­նինք պէտք եղած ամէն ինչ՝ այս նո­­­րու­­­թիւնը ող­­­ջա­­­­­­­գու­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար. կա­­­մեցո­­­ղու­­­թիւնը, միաս­­­նա­­­­­­­կանու­­­թիւնն ու կո­­­րովը եւ ի հարկ է, Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին նե­­­ցուկն ու օգ­­­նութիւ­­­նը՝ շնոր­­­հիւ հա­­­ւատա­­­ցեալ մեր ժո­­­ղովուրդի ջեր­­­մե­­­­­­­ռանդ աղօթքնե­­­րուն՝ եր­­­կինք շտա­­­պող։ Պատ­­­րաստ ենք դի­­­մագ­­­րա­­­­­­­ւելու«նոր»ը իր բո­­­լոր ծալ­­­քե­­­­­­­րով եւ կա­­­րող ենք կուրծք տա­­­լու ապա­­­գայի բո­­­լոր ան­­­ծա­­­­­­­նօթ հող­­­մե­­­­­­­րուն։ Հոս ենք՝ դի­­­մակա­­­լելու 2020-ի բո­­­լոր անակնկալ­­­նե­­­­­­­րը եւ մար­­­տահրա­­­ւէր­­­նե­­­­­­­րը՝ խա­­­չակնքե­­­լով մեր ճա­­­կատը եւ ապա­­­ւինե­­­լով Բարձրեալին Աս­­­տուծոյ, որ է «Էմ­­­մա­­­­­­­նուէլ»։

Ըն­­­տա­­­­­­­նեկան յար­­­կե­­­­­­­րու կամ սրահ­­­նե­­­­­­­րու մէջ, զար­­­դա­­­­­­­րուն տօ­­­նածա­­­ռերու երա­­­զան­­­քի շու­­­քին տակ, ճոխ ու զո­­­ւարթ սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րու շուրջ հա­­­մախմբո­­­ւած պի­­­տի դի­­­մաւօ­­­րէնք նոր տա­­­րին հա­­­զար ու մէկ բա­­­րեմաղ­­­թանքնե­­­րով։ Պի­­­տի զգանք ան­­­գամ մը եւս, թէ սաղ­­­մո­­­­­­­սը ի՛նչ ըսել կու­­­զէ. «Եղ­­­բայրնե­­­րու միասին ըլ­­­լա­­­­­­­լը ի՛նչ լաւ է, որ­­­քա՛ն հա­­­ճելի... Որով­­­հե­­­­­­­տեւ հոն Աս­­­տո­­­­­­­ւած յա­­­ւիտե­­­նական կեան­­­քը շնոր­­­հեց։ Սէ­­­րը կեան­­­քի հիմքն է ե՛ւ նպա­­­տակը։ Այն բո­­­լոր արարքնե­­­րը որոնք պատ­­­ճառ կը դառ­­­նան սէ­­­րը ապ­­­րե­­­­­­­լու եւ տօ­­­նելու՝ օրհնու­­­թեան պա­­­հեր են Աս­­­տուծոյ հա­­­ճելի։ Եկէ՚ք կի­­­սենք պա­­­հի խնդու­­­թիւնը եւ խան­­­դա­­­­­­­վառու­­­թիւնը ու­­­րախ ու խա­­­ղաղ սրտե­­­րով որ­­­պէս ուխտեալ զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը սի­­­րոյ։

Ամա­­­նորի պահն ու եղա­­­նակը մեզ ակա­­­մայ աւե­­­լի խոր մտա­­­ծելու կը հրա­­­ւիրէ մեր կեան­­­քի մա­­­սին եւ վե­­­րագտնե­­­լու՝ մեր գո­­­յու­­­թեան իմաս­­­տը վերստին։ Բո­­­լոր արա­­­րած­­­նե­­­­­­­րը երբ կ՚ապ­­­րին իրենց կարճ կեան­­­քը՝ ան­­­պայման կը ծա­­­ռայեն իրենցմէ աւե­­­լի մեծ դրոյ­­­թի մը օգ­­­տին եւ գո­­­յատեւ­­­մա­­­­­­­նը։ Մեր ան­­­հա­­­­­­­տական կեան­­­քի նպա­­­տակը մեր անձնա­­­կան նկա­­­րագի­­­րը զար­­­գացնե­­­լու առըն­­­թեռ՝ է նաեւ ու­­­րիշնե­­­րու կեան­­­քը գե­­­ղեց­­­կացնել, հարստաց­­­նել եւ կա­­­տարե­­­լագոր­­­ծել որ­­­պէս սի­­­րոյ եւ ծա­­­ռայու­­­թեան տուրք։ Այս է սէ­­­րը՝ իրա­­­պաշտ ու գործնա­­­կան եւ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի հիմ­­­նա­­­­­­­կան վար­­­դա­­­­­­­պետու­­­թիւնը՝ սէ­­­րը բա­­­ցատ­­­րող. «Չկայ աւե­­­լի մեծ սէր, երբ մէ­­­կը կը նո­­­ւիրէ իր կեան­­­քը իր բա­­­րեկա­­­մին հա­­­մար»։ Եւ կամ Վա­­­հան Թե­­­քէեանի բա­­­ռերով. «Սի­­­րոյ հա­­­ցին դուն եղի՚ր խմոր»։

Կը յի­­­շեմ Նո­­­րին Սրբու­­­թիւն Գա­­­րեգին Բ. Վե­­­հափառ հայ­­­րա­­­­­­­պետի հետ ու­­­նե­­­­­­­ցած մտեր­­­միկ զրոյց մը տես­­­չութեան տա­­­րինե­­­րուս։ Վե­­­հափառ տէ­­­րը յայտնած էր իր կեան­­­քի նպա­­­տակը, զոր շատ լաւ կը լու­­­սա­­­­­­­բանէ վե­­­րեւ մեր շեշ­­­տա­­­­­­­ւորած Քրիս­­­տո­­­­­­­նէական մօ­­­տեցու­­­մը։ «Ես յանձնել կ՚ու­­­զեմ» ըսած էր Վե­­­հափա­­­ռը, «Մայր Աթո­­­ռը մեզ­­­մէ յե­­­տոյ գա­­­լիք ու­­­րիշնե­­­րուն, ներ­­­կայ վի­­­ճակէն շատ աւե­­­լի փայ­­­լուն, զար­­­գա­­­­­­­ցած ու կա­­­տարեալ ձե­­­ւով։ Կ՚ու­­­զեմ պատ­­­րաստել սե­­­րունդ մը եկե­­­ղեցա­­­կան­­­ներ որոնք այս գոր­­­ծը մեզ­­­մէ աւե­­­լի լաւ պի­­­տի կա­­­տարեն։ Մեզ­­­մէ աւե­­­լի գոր­­­ծունեայ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­ներ դառ­­­նան, աւե­­­լի իմաս­­­տուն ու գի­­­տուն վար­­­դա­­­­­­­պետ­­­ներ, աւե­­­լի աշ­­­խոյժ քա­­­հանա­­­ներ, աւե­­­լի բա­­­րեպաշտ ժո­­­ղովուրդ եւ ամ­­­բողջ հա­­­յու­­­թեան հո­­­գեւոր սրտին վե­­­րածո­­­ւած ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ Մայր Աթոռ մը։ Թող իմ կեանքս կա­­­մուրջ մը հան­­­դի­­­­­­­սանայ այս մեծ տե­­­սիլ­­­քին հա­­­մար»։

Ես կը մտա­­­ծեմ որ Վե­­­հափառ Հայ­­­րա­­­­­­­պետի այս մօ­­­տեցու­­­մը իր կեան­­­քին եւ իր գոր­­­ծին հան­­­դէպ, պէտք է օրի­­­նակ լի­­­նի նաեւ մեր բո­­­լորին։ Այս կը սոր­­­վեցնեն մե­­­զի նաեւ մեր հնա­­­ւուրց վան­­­քերն ու տա­­­ճար­­­նե­­­­­­­րը, ուր մեր հայ­­­րե­­­­­­­րը նա­­­խընտրած են տա­­­ճար­­­նե­­­­­­­րուն սա­­­լայա­­­տակին տա­­­կը թա­­­ղուիլ ու հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րու ոտ­­­քե­­­­­­­րուն տակ պա­­­տուան­­­դան դառ­­­նալ, որ­­­պէսզի իրենց վրայ կո­­­խելով Աս­­­տուծոյ մօ­­­տենան ու­­­րիշնե­­­րը։

Մենք ալ ապ­­­րող պա­­­տուան­­­դաններ ու կա­­­մուրջներ դառ­­­նանք ու­­­րիշնե­­­րուն հա­­­մար։ Մեր օրե­­­րէն աւե­­­լի խա­­­ղաղա­­­սէր ու եր­­­ջա­­­­­­­նիկ մարդկու­­­թեան մը գո­­­յաց­­­ման հա­­­մար եկէ՚ք մեր բռնած ան­­­կիւննե­­­րը այ­­­լա­­­­­­­կեր­­­պենք կա­­­մաւոր ծա­­­ռայու­­­թեամբ։ Մեր բո­­­լորը փո­­­շիի վե­­­րածե­­­լիք ժա­­­մանա­­­կի ջա­­­ղաց­­­քին դէմ մեր լա­­­ւագոյն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը եւ յաղ­­­թա­­­­­­­նակը այս պի­­­տի ըլ­­­լայ ան­­­կասկած։ Աս­­­տուծոյ մե­­­զի տո­­­ւած բա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րը մեր ջան­­­քե­­­­­­­րով բազ­­­մա­­­­­­­պատ­­­կած ու­­­րիշնե­­­րուն փո­­­խան­­­ցել, եւ այսպէ­­­սով ապա­­­հովել բա­­­րիին յա­­­ւեր­­­ժա­­­­­­­կան գո­­­յու­­­թիւնը եւ յա­­­ւելու­­­մը, մեր կեան­­­քի իմաստն ու նպա­­­տակն է այս մո­­­լորա­­­կին վրայ։ Կեան­­­քի բո­­­լոր աս­­­պա­­­­­­­րէզ­­­նե­­­­­­­րու վրայ հե­­­տապնդո­­­ւած աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը եւ գոր­­­ծին մէջ դրո­­­ւած սէրն ու խնամ­­­քը հրաշ­­­քի հա­­­մազօր ար­­­դիւնքներ կու տան, գի­­­տենք բո­­­լորս։ Աս­­­տո­­­­­­­ւած եւ աշ­­­խարհ մեր կա­­­տարե­­­լիք ծա­­­ռայու­­­թեան այս հրաշքնե­­­րուն կը սպա­­­սեն 2020 թո­­­ւակա­­­նին եւս։

Նոր տա­­­րուան բա­­­րեբաս­­­տիկ առի­­­թով հայ­­­րա­­­­­­­կան սի­­­րով կ՚ող­­­ջունենք Պոլ­­­սոյ Աթո­­­ռի հո­­­գեւո­­­րակա­­­նաց դա­­­սը, ազ­­­գա­­­­­­­յին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը, մեր ժո­­­ղովուրդի կեան­­­քին մէջ գոր­­­ծող կա­­­ռոյցնե­­­րը եւ մեր ժո­­­ղովուրդին սի­­­րելի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը։ Թող Աս­­­տո­­­­­­­ւած միշտ ան­­­սա­­­­­­­սան պա­­­հէ մեր սուրբ եկե­­­ղեցին եւ իր երկնա­­­յին լոյ­­­սով պայ­­­ծա­­­­­­­ռակեր­­­պէ մեր ժո­­­ղովուրդի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն կեան­­­քը՝ գերբնա­­­կան որակ մը շնոր­­­հե­­­­­­­լով բո­­­լորին ի Հա­­­յաս­­­տան եւ ի սփիւռս աշ­­­խարհի։

Մենք Քրիս­­­տո­­­­­­­նեաներս կ՚ող­­­ջունենք տա­­­րեմու­­­տը նախ եւ առաջ Աս­­­տուծոյ փառք տա­­­լով ան­­­ցեալ տա­­­րիին հա­­­մար եւ կը խնդրենք իր­­­մէ որ­­­պէսզի նոր տա­­­րուան 365 օրե­­­րը վա­­­յելե­­­լու ար­­­ժա­­­­­­­նի դարձնէ մեզ առող­­­ջութեան, յա­­­ջողու­­­թեան, եր­­­ջանկու­­­թեան եւ արեւ­­­շա­­­­­­­տու­­­թեան մեր փա­­­փաք­­­նե­­­­­­­րը շնոր­­­հե­­­­­­­լով։

Սուրբ Ծննդեան եղա­­­նակը եւ տա­­­րեմու­­­տի ժա­­­մանա­­­կը խոստմնա­­­լից լա­­­ւատե­­­սու­­­թեամբ բեռ­­­նա­­­­­­­ւորո­­­ւած է եւ Ամա­­­նորեայ խին­­­դը առ­­­կա­­­­­­­խուած՝ մթնո­­­լոր­­­տին մէջ։ Մենք ալ մաս­­­նա­­­­­­­կից դառ­­­նանք ամ­­­բողջ մարդկու­­­թիւնը ընդգրկող Ամա­­­նորեայ ջերմ յու­­­զումնե­­­րուն։ Նոր տա­­­րուան սե­­­մին կը մաղ­­­թեմ ամե­­­նաբա­­­րին եւ ամե­­­նալու­­­սա­­­­­­­ւորը ձեր բո­­­լորին։ Բա­­­րի հրեշ­­­տակներ եր­­­կինքէն թո՛ղ հե­­­ղեղեն մար­­­դու որ­­­դի­­­­­­­ներուս վրայ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին յոր­­­դա­­­­­­­ռատ օրհնու­­­թիւններ. սէր, խա­­­ղաղու­­­թիւն, առող­­­ջութիւն եւ եր­­­ջանկու­­­թիւն։

Շնոր­­­հա­­­­­­­ւոր նոր տա­­­րի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ