Հրանդ Տինք Հիմնարկի նոր նախաձեռնութիւնը «Քարտէս»

Պոլսոյ մէջ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գը յայտնա­­բերե­­լու ուղղուած նա­­խագի­­ծերու առա­­ջինն էր «2012-ի Յայ­­տա­­­րարա­­գիրը», (2012 Պէ­­յան­­նա­­­մէսի) որ իր տե­­սակին մէջ եզա­­կի դար­­ձաւ ընդգրկե­­լով այս մեծ քա­­ղաքի եր­­բեմնի եւ ցարդ կա­­յուն մշա­­կու­­թա­­­յին կո­­թող­­նե­­­րը։

Այդ նա­­խագ­­ծի յա­­ջողու­­թեան վրայ մեկ­­նարկեց «Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռանգ» նա­­խագի­­ծը, այս ան­­գամ ընդլայ­­նե­­­լով ամ­­բողջ Թուրքիոյ տա­­րած­­քին։ Այդ ծի­­րէն ներս հրա­­տարա­­կուե­­ցան երկրի զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րը իրենց պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալով, ըն­­կե­­­րային եւ տնտե­­սական յատ­­կութիւննե­­րով ծա­­նօթաց­­նող գիր­­քեր։

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի նման բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ մշա­­կած վեր­­ջին նա­­խագի­­ծը ըլ­­լա­­­լով կը ներ­­կա­­­յանայ «Քար­­տէս»ը, որուն ծա­­նօթա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ 9 Յու­­նո­­­ւար Հինգշաբ­­թի երե­­կոյ Անա­­րատ Յղու­­թիւն շէն­­քի «Հա­­ւաք» սրա­­հին մէջ։

«Քար­­տէս» Պոլ­­սոյ բազ­­մա­­­շերտ ու բազ­­մազգի մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գը նկա­­րագ­­րող ու­­ղե­­­ցոյց է, որ­­մէ կա­­րելի է անվճար օգ­­տո­­­ւիլ բջջա­­յին հե­­ռախօ­­սի վրայ տե­­ղադ­­րե­­­լով App Store կամ Google play ի մի­­ջոցաւ։

Ինչպէս յա­­ճախ կը պա­­տահի, այս ան­­գամ ալ ծա­­նօթաց­­ման մի­­ջոցա­­ռու­­մը ար­­ժա­­­նացաւ հա­­սարա­­կու­­թեան ու­­շադրու­­թեան, որու հե­­տեւան­­քով ամ­­բողջ սրա­­հը լե­­ցուած էր եւ ժո­­ղովուրդի կա­­րեւոր մէկ մա­­սը հար­­կադրո­­ւեցաւ մի­­ջոցառ­­ման հե­­տեւիլ մուտքի սրա­­հի տե­­սալ­­սո­­­ղական դրու­­թեան շնոր­­հիւ։

Նա­­րօտ Ավ­­ճը, Ռու­­տի Սա­­յաթ Բու­­լա­­­թեան եւ Ադոմ Շաշ­­քա­­­լէ բաղ­­կա­­­ցող աշ­­խա­­­տակազ­­մի անու­­նով Նա­­րօտ Ավ­­ճը հա­­կիրճ տե­­ղեկու­­թիւններ տո­­ւաւ ներ­­կա­­­ներուն եւ ապա բարձրա­­խոսը յանցնեց այս նա­­խագ­­ծին իրա­­կանաց­­ման օժան­­դա­­­կող­­նե­­­րուն։ Այսպէս Պեր­­քեն Տէօնէր Գա­­տըգիւ­­ղի Մո­­տա թա­­ղի, Խրիս­­թօ Քո­­փանօ Փե­­րայի, Թա­­գու­­հի Թով­­մա­­­սեան Ետի­­գու­­լէի եւ Ահ­­մետ Թան­­րը­­­վեր­­տի ալ Մեծ կղզիի եր­­բեմնի ապ­­րումնե­­րուն մա­­սին յու­­շեր փո­­խան­­ցե­­­ցին։

«Քար­­տէս» նա­­խագ­­ծի ծա­­նօթաց­­ման հա­­ւաքը աւար­­տեցաւ ընդունելութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ