Սեւակ Պալըքչըի դատավարութիւնը վճիռի հասաւ


2011 թուի Ապրիլ 24-ին էր, որ շարքային զինծառայող Սեւակ Պալըքչը պարտադիր ծառայութեան աւարտին 20 օր մնացած ատելութեան ոճիրի մը զոհը դարձաւ Պաթմանի Քոզլուք գաւառի զօրամասին մէջ։ Դատական առաջին գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Տիարպէքիրի Զինուորական ատեանի մօտ, ուր դատարանը վճիռ կայացուց համոզուելով թէ սպանութիւնը դիտումնաւոր չէ եղած եւ ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլու անզգուշութեան հետեւանքով սպանած է իր զինընկերը։ Պալըքչը ընտանիքի փաստաբանը Ճեմ Հալավուրթ առարկեց այս վճիռին եւ դատը փոխանցեց Քաղաքացիական դատարան։

Նիւթը կրկին քննարկուեցաւ եւ այս անգամ դատարանը համոզում կայացուց, թէ սպանութիւնը դիտումնաւոր եղած է։Այսպէս այս նոր վճիռով Քըվանչ Աղաօղլու դատապարտուեցաւ 16 տարի 8 ամիս տեւողութեամբ արգելափակման։

Այս մասին «Ակօս»ին բացատրութիւններ տուող իրաւապաշտպան Ճեմ Հալավուրթ նախ դժգոհութիւն յայտնեց վճիռին այսքան ձգձգման համար։ «Ուշ եկող արդարութիւնը արդարութիւն չի սեպուիր» ըսաւ փաստաբանը, բայց նորէն ալ մխիթարական գտաւ դիտումնաւոր սպանութեան վարկածին հաստատումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ