Թափուր աթոռը պաշտօնապէս տիրացաւ իր գահակալին

Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատ­­­րիարք Սա­­­հակ Բ.-ի պաշ­­­տօ­­­­­­­նական գա­­­հակա­­­լու­­­թիւնը կա­­­տարո­­­ւեցաւ 11 Յու­­­նո­­­­­­­ւար Շա­­­բաթ օր, Գումգա­­­բու Աթո­­­ռանիստ Մայր Եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ։ Գա­­­հակա­­­լու­­­թեան հան­­­դէ­­­­­­­սին ներ­­­կայ էին Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան տե­­­ղակալ Մուհթե­­­րէմ Ին­­­ճէ, Ուղղա­­­փառաց Տիեզե­­­րական Պատ­­­րիարք Բար­­­թո­­­­­­­ղոմէոս Սրբա­­­զան, Հայ Կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքի վի­­­ճակա­­­ւոր Ար­­­հիապա­­­տիւ Գե­­­րապայ­­­ծառ Լե­­­ւոն Զէ­­­քիեան, Իս­­­թանպու­­­լի մէջ Պա­­­պական պատ­­­ուիրակ Ռու­­­բէն Թիէր­­­րա Պլան­­­քա Կոն­­­զա­­­­­­­լէս։ Ասո­­­րի Կա­­­թողի­­­կէ Հա­­­մայնքի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Օր­­­հան Ապ­­­տուլլա­­­հատ Չան­­­լը, Ասո­­­րի Ուղղա­­­փառ եկե­­­ղեց­­­ւոյ անու­­­նով Եպիս­­­կո­­­­­­­պոս Եու­­­սուֆ Չե­­­թին եւ այլ հո­­­գեւոր ու Դի­­­ւանա­­­գիտա­­­կան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ։

Նո­­­րըն­­­տիր պատ­­­րիար­­­քը եկե­­­ղեցի մուտք գոր­­­ծեց ամպհո­­­վանիով, որ պար­­­զած էին հա­­­մայնքա­­­յին հինգ հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչներ։ Հան­­­դէ­­­­­­­սի ըն­­­թացքին Ս. Էջ­­­միած­­­նի կող­­­մէ Ար­­­քութեան կո­­­չում շնոր­­­հո­­­­­­­ւեցաւ նո­­­րըն­­­տիր պատ­­­րիար­­­քին։ Ամե­­­նայն Հա­­­յոց Վե­­­հափառ Կա­­­թողի­­­կոսի տու­­­չութեան կոն­­­դա­­­­­­­կը ըն­­­թերցեց Եզ­­­նիկ Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Պետ­­­րո­­­­­­­սեան։ Մե­­­ծի Տանն Կի­­­լիկիոյ Արամ Ա. Կա­­­թողի­­­կոսի շնոր­­­հա­­­­­­­ւորու­­­թեան պատ­­­գա­­­­­­­մը փո­­­խան­­­ցեց Գե­­­ղամ Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Խա­­­չերեան։ Ս. Էջ­­­միած­­­նէն Նուրհան Պատ­­­րիարք Մա­­­նու­­­կեանի շնոր­­­հա­­­­­­­ւորա­­­կան ու­­­ղերձն ալ ըն­­­թերցո­­­ւեցաւ Պա­­­րեթ Ծ. Վրդ. Երէ­­­ցեանի կող­­­մէ։

Իսկ Պոլ­­­սոյ Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան Աթո­­­ռի շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թեան ու­­­ղերձը ըն­­­թերցեց Տէր Գրի­­­գոր Ա. Քհնյ. Տա­­­մատեան։

Այս ըն­­­թերցումնե­­­րէ ետք նո­­­րըն­­­տիր պատ­­­րիար­­­քը Կրօ­­­նական Ժո­­­ղովի Ատե­­­նապետ Թա­­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­­շեանի ձե­­­ռամբ ստա­­­ցաւ պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան գա­­­ւազա­­­նը։

Եկե­­­ղեցա­­­կան արա­­­րողու­­­թե­­­­­­­նէ ետք Գա­­­զազ Ար­­­թին Ամի­­­րա սրա­­­հին մէջ սար­­­քո­­­­­­­ւեցաւ ըն­­­դունե­­­լու­­­թիւն, ուր ներ­­­կա­­­­­­­ները առի­­­թը ու­­­նե­­­­­­­ցան Սա­­­հակ Բ. Պատ­­­րիար­­­քը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորե­­­լու։

Յա­­­ջորդ օր նոյն եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ նո­­­րըն­­­տիր պատ­­­րիար­­­քի մա­­­տու­­­ցած առա­­­ջին Ս. Պա­­­տարա­­­գը։ Այս առ­­­թիւ ար­­­տա­­­­­­­սանած քա­­­րոզին մէջ պատ­­­րիար­­­քը յատ­­­կա­­­­­­­պէս ընդգրկեց Յի­­­սուս Փրկչի միաց­­­նող յատ­­­կա­­­­­­­նիշը, որուն ուխտած էինք եւս ար­­­ժա­­­­­­­նի ըլ­­­լալ եւ ծա­­­ռայու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն աշ­­­խա­­­­­­­տիլ սոյն միաս­­­նութիւ­­­նը ապա­­­հովե­­­լու հա­­­մար։ «Աղօ­­­թեցէք որ միաս­­­նա­­­­­­­բար սո­­­վորենք, միաս­­­նա­­­­­­­բար մե­­­ծանանք»։ Պատ­­­րիար­­­քը միաս­­­նութեան կո­­­չը ընդլայ­­­նեց դէ­­­պի հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին հա­­­յու­­­թեան, ըսե­­­լով թէ բո­­­լոր հա­­­յերը նոյն եկե­­­ղեցիի որ­­­դի­­­­­­­ներն են եւ եկե­­­ղեցին է, որ կը միաց­­­նէ մեզ։

Իսկ 14 Յու­­­նո­­­­­­­ւարին պատ­­­րիար­­­քը փափ­­­կա­­­­­­­վարա­­­կան այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւն մը տո­­­ւաւ Ան­­­գա­­­­­­­րա, ուր ըն­­­դունուեցաւ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան նա­խարարին կողմէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ