Սեւակ Պալըքճըի եւ Հրանտ Տինքի Դատավարութեանց Մասին Լուսաբանութիւն

17/01/2020

 

24 Ապ­­րիլ 2011ին, զի­­նուո­­րական ծա­­ռայու­­թեան ըն­­թացքին աղի­­տալի կեր­­պով սպան­­նո­­­ւած Սե­­ւակ Պա­­լըք­­ճըի դա­­տավա­­րու­­թեան մա­­սին կա­­յացած որո­­շու­­մը մեր ար­­դա­­­րու­­թեան կա­­րօտը մա­­սամբ յա­­գեցու­­ցած է։ Հա­­կառակ այն ճշմար­­տութեան, թէ սոյն որո­­շու­­մով անհնար է Սե­­ւակը ետ բե­­րել, սա­­կայն գո­­նէ յու­­սադրիչ է, յան­­ցանքի վա­­ւերա­­ցու­­մը ու յան­­ցա­­­ւորը գտնե­­լով յա­­նուն ար­­դա­­­րու­­թեան անոր պա­­տիժ ստա­­նալը՝ մեր երկրի օրի­­նաց դրու­­թեան առ­­ջեւ ար­­ժա­­­նի պա­­տիժը ստա­­նալու տե­­սակէ­­տէ։

Կը շնոր­­հա­­­ւորենք Սե­­ւակ Պա­­լըք­­ճըի ըն­­տա­­­նիքը, իրա­­ւաբան­­ներն ու մարդկա­­յին իրա­­ւանց հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը, որոնք սոյն որո­­շու­­մի կա­­յաց­­ման ըն­­թացքին իրա­­ւաբա­­նական գետ­­նի վրայ եր­­կա­­­րաշունչ պայ­­քար մղե­­ցին։ Սոյն ար­­դիւնքը խիստ թան­­կա­­­գին է այն առու­­մով, որ յետ այ­­սու այս երկրի տա­­րած­­քին ցե­­ղապաշտ ատե­­լու­­թեան սպա­­նու­­թիւններ ծրագ­­րող ան­­հատներ կամ խմբակ­­ներ, որոնք կը հա­­ւատան որ ան­­պա­­­տիժ պի­­տի մնան, իրենց հա­­մար տար­­հա­­­մոզիչ օրի­­նակ­­ներ պի­­տի դառ­­նան։ Այս առի­­թով ող­­բա­­­ցեալ Սե­­ւակ Պա­­լըք­­ճըին հա­­մար ան­­գամ մը եւս հանգստեան աղօթք կը վե­­րառա­­քենք, իր ըն­­տա­­­նեկան պա­­րագա­­ներուն ու բա­­րեկամ­­նե­­­րուն հա­­մար Աս­­տո­­­ւածա­­յին մխի­­թարու­­թիւն կը հայ­­ցենք։

Այն յոյ­­սով, որ նման ար­­դար որո­­շում մըն ալ պի­­տի կա­­յանայ որ­­պէս ար­­դիւնք Հրանտ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան դա­­տավա­­րու­­թեան, իր սպա­­նու­­թեան 13րդ տա­­րելի­­ցին ար­­դա­­­րու­­թեան մեր պա­­հանջքը կը կրկնենք։ Այն հա­­ւատ­­քով, որ յաչս աշ­­խարհի յա­­րատե­­ւող ար­­դա­­­րու­­թեան սոյն որո­­նումնե­­րը ի կա­­տար պի­­տի ածո­­ւին խիղ­­ճե­­­րը յա­­գեց­­նե­­­լով, կը վեր­­յի­­­շեց­­նենք թէ ու­­շա­­­ցած ար­­դա­­­րու­­թիւնը ար­­դա­­­րու­­թիւն չէ եւ կը սի­­րենք յու­­սալ, որ սոյն դա­­տավա­­րու­­թեան աւար­­տին կը ստա­­ցուի որո­­շում մը, որ այս երկրի իրա­­ւական հա­­մակար­­գին հա­­մար հպար­­տութիւն պի­­տի ըլ­­լայ։

 

ԴԻ­­ՒԱՆ ՊԱՏ­­ՐԻԱՐ­­ՔՈՒԹԵԱՆ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ