Ոգեկոչման հաւաքին ելոյթ մը ունեցաւ Հասարակական Յիշողութեան Հարթակի անդամ Սերթաչ Էքինճին

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրանդ Տինքի՝ սպաննուած վայրը, ժամը 15։00-ին կայացած 13-րդ ոգեկոչումի հաւաքի ընթացքին այս տարուան խօսքը արտասանողներէն Հասարակական յիշողութեան հարթակի անդամ Սերթաչ Էքինճիի ելոյթը.

Հրանդ Տին­­քի լրբօ­­րէն մեր մէ­­ջէն առ­­նո­­­ւելուն այն անի­­ծեալ օրո­­ւան 13-րդ տա­­րելի­­ցին, կրկին նոյն տեղն ենք։ Միասին ենք այն մայ­­թին վրայ, որ ամէն տես­­նե­­­լուն, մեր կո­­կոր­­դը կը կա­­պուի։ Հրանդ Տինք խորհրդա­­նիշն էր եղ­­բայրու­­թեան, որուն ամե­­նէն շատ կա­­րիքը ու­­նի այս եր­­կի­­­րը։ Կար­­ծեմ մեզ­­մէ առ­­նո­­­ւելուն գլխա­­ւոր պատ­­ճա­­­ռը է։ Որով­­հե­­­տեւ այս երկրին խա­­ւար սիր­­տե­­­րը աւե­­լի շատ պէտք ու­­նին պա­­ռակ­­տումի, քան իրենց բե­­րանէն վար չառ­­նո­­­ւած միաս­­նութեան։ Գի­­տեն, որ հա­­զիւ այսպէս կրնան իրենց հան­­գիստը վա­­յելել։ Թուրքիոյ ժո­­ղովուրդնե­­րու, ճնշո­­ւած­­նե­­­րու, իրար միանա­­լը իրենց մե­­ծագոյն վախն է։

Մինչ Հրանդ Տինք մեզ կը սոր­­վեցնէր սի­­րել եւ կրկին կը մեկ­­նա­­­բանէր Անա­­տոլիան։ Պատ­­մե­­­լով՝ թէ ինչպէս Սե­­բաս­­տիոյ հե­­ռաւոր գիւ­­ղի մը մէջ նստած թիւրք գիւ­­ղա­­­ցին տէր եղած է հայ կնոջ դիակին, ով տա­­րիներ ետք վե­­րադար­­ձած է իր գիւ­­ղը եւ այնտեղ մա­­հացած է եւ թա­­ղուած. բա­­ցատ­­րե­­­լով՝ որ հայ­­կա­­­կան հար­­ցը ու­­րիշնե­­րուն չէ, այլ այս երկրին հարցն է, եւ որ միայն մենք կրնանք ըլ­­լալ մեր բժիշ­­կը...

Այս պատ­­ճա­­­ռով է, որ վտան­­գա­­­ւոր էր եւ հար­­կա­­­ւոր էր վե­­րաց­­նել զինք։ Իր­­մէ առաջ եկած եւ մեռ­­ցո­­­ւած հա­­րիւ­­րա­­­ւոր այլ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու նման։ Մու­­սա Ան­­թեր, Ու­­ղուր Մումճու, Իլ­­հան Էր­­տոսթ, Թա­­հիր Էլ­­չի եւ միւսնե­­րը՝ մեռ­­ցո­­­ւած են ոչ թէ, որով­­հե­­­տեւ պա­­ռակ­­տում կը պատ­­ճա­­­ռէին, ճիշդ հա­­կառա­­կը, որով­­հե­­­տեւ այս երկրի ճնշո­­ւած­­նե­­­րը իրար կը միաց­­նէին։ Անոնց ան­­նե­­­րելի յան­­ցանքը այս է։ Անոնց դա­­հիճ­­նե­­­րը եւ քա­­ջալե­­րող­­նե­­­րը ճիշդ այս պատ­­ճա­­­ռով եր­­բեք չեն են­­թարկո­­ւած ար­­դար դա­­տավա­­րու­­թեան։ Երկրին երե­­սը ճերմկցնող մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րը հապ­­ճեպ դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րով եւ կեղ­­ծո­­­ւած փաս­­տե­­­րով դա­­տապար­­տողնե­­րը, տա­­րինե­­րով կ՚եր­­կա­­­րեն մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու դա­­հիճ­­նե­­­րուն դա­­տերը, փաս­­տե­­­րը կը թագցնեն եւ ամէն տե­­սակ օրէն­­քի զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւն կ՚ընեն։

Այս շար­­քին վեր­­ջին հանգրո­­ւանը, հայրս, փաս­­տա­­­բան Եու­­սուֆ Էքին­­ճիի եւ այլ շարք մը Քիւրտ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու դա­­տավա­­րու­­թիւնը, որոնք սպան­­նո­­­ւած են 90-ական­­նե­­­րուն, ան­­ցեալ ամիս հա­­սած է իր աւար­­տին։ Թէեւ փաս­­տո­­­ւած է, որ բո­­լոր ոճիր­­նե­­­րը գոր­­ծո­­­ւած են միայն պե­­տու­­թեան մօտ գտնո­­ւած զէն­­քե­­­րով, թէեւ այս ոճիր­­նե­­­րը գոր­­ծողնե­­րէն մէ­­կը խոս­­տո­­­վանած է, դա­­տավա­­րու­­թեան բո­­լոր կաս­­կա­­­ծեալ­­նե­­­րը ան­­մեղ նկա­­տուե­­լով ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցան։

Մե­­զի հա­­մար զար­­մա­­­նալի պէտք չէ ըլ­­լայ այս։

Տա­­րիներ շա­­րու­­նակ, այս եւ նման ոճիր­­նե­­­րու զո­­հերու մտե­­րիմ­­նե­­­րը ապար­­դիւն շա­­րու­­նա­­­կած են իրենց ար­­դա­­­րու­­թեան պա­­հան­­ջը։ Եթէ ապ­­րէին իս­­կա­­­պէս ժո­­ղովրդա­­վար եւ իրա­­ւական երկրի մը մէջ, թե­­րեւս իրենց պա­­հանջնե­­րը պա­­տաս­­խան կը գտնէին։ Սա­­կայն պէտք է գիտ­­նան, որ իրենց փնտռած ար­­դա­­­րու­­թիւնը եր­­բեք պի­­տի չկա­­րենան գտնել։ Պի­­տի չգտնեն, որ­­քան ալ փնտռեն։

Յար­­գե­­­լի ըն­­կերներ, մենք եւս պէտք է գիտ­­նանք։ Եթէ մեր փնտռա­­ծը ար­­դա­­­րու­­թիւն է, պի­­տի չգտնենք զայն։ Ար­­դա­­­րու­­թիւնը պի­­տի չհաս­­տա­­­տուի, եթէ Թուրքիոյ բո­­լոր ճնշո­­ւած­­նե­­­րը իրար քով գա­­լով չպայ­­քա­­­րին երկրի մը հա­­մար, ուր օրէնքն է գե­­րիշ­­խա­­­նը։ Կը զգամ, այս է Հրանդ Տին­­քի եւ անոր նման հա­­րիւ­­րա­­­ւոր­­նե­­­րուն մեզ ձգած պատ­­գա­­­մը։

Անոր թան­­կա­­­գին յի­­շատա­­կին առ­­ջեւ կը խո­­նար­­հիմ եւ կը յար­­գեմ ձեր բո­­լորը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ