Հայկական տաղասացութիւն Ազնուափայլ մրմունջներ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Հայ­կա­կան տա­ղասա­ցու­­­թեան նո­­­ւիրուած քա­­­ռամասն յօ­­­դուա­­­ծաշարքս ան­­­ցեալ շա­­­բաթ յայ­­­տա­­­­­­­րարած էի աւար­­­տած։ Սա­­­կայն, ան­­­կա­­­­­­­տար պի­­­տի մնար ան, եթէ մեր ական­­­ջէն բա­­­ցակա­­­յէր հայ­­­կա­­­­­­­կան տա­­­ղասա­­­ցու­­­թեան կա­­­րեւոր մէկ ձայ­­­նը, շնոր­­­հա­­­­­­­լի երա­­­ժիշտ-բա­­­նաս­­­տեղծ հա­­­յու­­­հի­­­­­­­ներու ստեղ­­­ծած մե­­­ղեդի­­­ները։ Այ­­­սօր, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, իրենց ձայ­­­նով՝ միջ­­­նա­­­­­­­դարեան մա­­­գաղաթ­­­նե­­­­­­­րէն հայ­­­կա­­­­­­­կան ժա­­­մանա­­­կակից մա­­­մու­­­լի էջե­­­րը կ՛ու­­­զեմ փո­­­խադ­­­րել չորս հա­­­յու­­­հի­­­­­­­ներու մրմունջը, պատ­­­մա­­­­­­­կան անհրա­­­ժեշտ բա­­­ցատ­­­րութիւննե­­­րով եւ կեն­­­սագրա­­­կան հա­­­կիրճ տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րով։

*

Խոս­­­րո­­­­­­­վիդուխտ Գողթնա­­­ցիի պատ­­­մութիւ­­­նը, 8-րդ դար

Քսան հինգ տա­­­րի առաջ, 706 թո­ւակա­­­նին հա­­­րաւա­­­յին­­­նե­­­­­­­րը յար­­­ձա­­­­­­­կեցան հօրս տի­­­րու­­­թիւննե­­­րու վրայ։ Աս­­­պա­­­­­­­տակու­­­թիւն էր արիւ­­­նա­­­­­­­լի։ Նա­­­հատա­­­կուե­­­ցաւ հայրս, Գողթն գա­­­ւառի Խոս­­­րով մեծ իշ­­­խա­­­­­­­նը։ Իսկ մա­­­նուկ եղ­­­բայրս, Վա­­­հանը գե­­­րեկա­­­լուե­­­ցաւ։ Զայն տա­­­րեր են Ասո­­­րիք, պար­­­տադրեր են կրօ­­­նադարձ ըլ­­­լալ։ Վե­­­րանո­­­ւաներ են Վա­­­հապ։ Եղ­­­բայրս իր հո­­­գիով եւ սրտով եր­­­բեք չդա­­­ւաճա­­­նեցաւ իր նախ­­­նի­­­­­­­ներու հա­­­ւատ­­­քին, մնաց բա­­­րեպաշտ՝ հայ­­­րե­­­­­­­նի հող վե­­­րադառ­­­նա­­­­­­­լու եւ իր իրա­­­ւունքին վե­­­րատի­­­րանա­­­լու ուխտը իր մէջ լուռ պա­­­հելով։ Իսկ այժմ, ինչ եր­­­ջանկու­­­թիւն ին­­­ծի հա­­­մար, կը դի­­­տեմ անոր քնա­­­ցող դէմ­­­քը քաղցր։ Եղ­­­բայր իմ, ինչպէ՞ս դի­­­մացար աննկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լի վար­­­կա­­­­­­­բեկումնե­­­րու, ինչպէ՞ս վե­­­րականգնե­­­ցիր քու ազա­­­տու­­­թիւնդ ու վե­­­րադար­­­ձար տուն, իս­­­կոյն ծնրադ­­­րե­­­­­­­լով սուրբ խա­­­չի առ­­­ջեւ, վե­­­րադար­­­ձար նաեւ քրիս­­­տո­­­­­­­նէական հա­­­ւատ­­­քը։

*

Դար­­­ձեալ եկան, ժանտ ու ժպիրհ հա­­­րաւա­­­յին­­­նե­­­­­­­րը եկան ու Վա­­­հանին տա­­­րին։ «Դուն եկե­­­ղեցի մտար, հնա­­­րամիտ ու խո­­­րամանկ քայլ, որ­­­պէսզի հար­­­կադրո­­­ւած ըլ­­­լանք կո­­­տորել քեզ, ու խայ­­­տա­­­­­­­ռակո­­­ւինք աշ­­­խարհի առ­­­ջեւ որ­­­պէս մար­­­դասպան­­­ներ, ասի­­­կա էր քու յե­­­տին նպա­­­տակդ», ըսին ու ձեր­­­բա­­­­­­­կալե­­­ցին։

Դի­­­մադ­­­րութիւն ցոյց չտո­­­ւաւ եղ­­­բայրս, երբ կրկին գե­­­րեկա­­­լեցին իրեն... Ճա­­­կատը լու­­­սա­­­­­­­ւոր էր ու վեհ։ Ապա խումբ մը քա­­­ջարի աս­­­պետներ ապա­­­հովու­­­թեանս հա­­­մար զիս հե­­­ռացու­­­ցին հայ­­­րե­­­­­­­նիքէն շատ հե­­­ռու, Անի-Կա­­­մախ։ Իսկ Վա­­­հա՞նը... Պա­­­հան­­­ջեր են, որ հրա­­­ժարի քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թե­­­­­­­նէ։ Մեր­­­ժեր է։ Ծան­­­րա­­­­­­­գոյն չար­­­չա­­­­­­­րանքնե­­­րու են­­­թարկեր են եղ­­­բօրս եւ սպա­­­ներ են։* Վա­­­հա՛ն, երա­­­նելի եղ­­­բայր իմ, ահա շա­­­րականս, որ յօ­­­րինե­­­ցի քու ող­­­բե­­­­­­­րուդ ձայ­­­նը հե­­­ռուէն լսե­­­լով։ Այդ հնչիւններդ աւե­­­լի հրա­­­շալի էին ին­­­ծի հա­­­մար, քան հրեշ­­­տակնե­­­րու եր­­­գը.

«Զար­­­մա­­­­­­­նալի է ինձ,

Քան զերգս երաժշտա­­­կանաց,

Ձայնս ող­­­բոց քոց հնչմունք,

Ո՜վ երա­­­նելի տէր Վա­­­հան, ընտրեալ յաս­­­տուծոյ...»

Վա­­­հան, ես պի­­­տի չգրեմ ող­­­բա­­­­­­­գին եր­­­գեր, այլ՝ ու­­­րա­­­­­­­խարար եւ հո­­­գեւոր մե­­­ղեդի­­­ներ եւ ներ­­­բո­­­­­­­ղական­­­ներ։ Քու նա­­­հատա­­­կու­­­թիւնդ այդպէս կը թե­­­լադ­­­րէ հոգ­­­ւոյս մա­­­սունքնե­­­րուն.

«Առա­­­ւել յոր­­­դո­­­­­­­րէ այս զհոգ­­­ւոյս մա­­­սու­­­նըս,

Յօ­­­րինել քեզ երգս ո՛չ զղջա­­­կանըս,

Այլ հո­­­գեւո­­­րըս, եւ ու­­­րա­­­­­­­խարա­­­րըս,

Յոր­­­դո­­­­­­­րակա­­­նըս, եւ ներ­­­բո­­­­­­­ղեանըս,

Ո՜վ երա­­­նելի տէր Վա­­­հան, ծա­­­ռայ Քրիս­­­տո­­­­­­­սի...»

Արիաբար դուն պատ­­­րաստո­­­ւեցար պա­­­տերազ­­­միլ հա­­­րաւա­­­յին­­­նե­­­­­­­րու դէմ եւ նա­­­հատա­­­կուիլ ու դա­­­սուիլ ան­­­մարմնա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու հետ.

«Որ­­­պէս քաջ նա­­­հատակ,

Պատ­­­րաստեալ ի պա­­­տերազմ,

Կա­­­տարե­­­ցէր զըն­­­թա­­­­­­­ցըս քոյ,

Արիաբար՝ յազ­­­գացն հա­­­րաւայ­­­նոյ,

Դա­­­սաւո­­­րեալ ընդ ան­­­մարմնա­­­կանսն.

Ո՜վ երա­­­նելի տէր Վա­­­հան, Գողթնեացն իշ­­­խե­­­­­­­ցող»։

*

Սա­­­հակը դուխտ Սիւ­­­նե­­­­­­­ցիի պատ­­­մութիւ­­­նը, 8-րդ դար

Մեր ծննդա­­­վայր Դո­­­ւինէն տար­­­բեր աշ­­­խարհ է Գառ­­­նին։ Անոր ուղղա­­­հայեաց ժայ­­­ռա­­­­­­­պատե­­­րը եւ ատ­­­րա­­­­­­­շէկ կիր­­­ճը կը հո­­­գեշնչեն զիս ու կը մղեն շա­­­րական­­­ներ, մե­­­ղեդի­­­ներ յօ­­­րինել։ Ես զա­­­նոնք կը ձօ­­­նեմ Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նին։ Եղ­­­բայրս, Ստե­­­փանոս Սիւ­­­նե­­­­­­­ցին, որ ին­­­ծի նման երա­­­ժիշտ է եւ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ շա­­­րական­­­նե­­­­­­­րու հե­­­ղինակ, կը քա­­­ջալե­­­րէ, որ այդ արո­­­ւես­­­տը ու­­­սուցա­­­նեմ տա­­­ղան­­­դա­­­­­­­ւոր աշա­­­կերտնե­­­րուն։ Սի­­­րով կը կա­­­տարեմ այդ ծա­­­ռայու­­­թիւնը, քա­­­րան­­­ձա­­­­­­­ւիս մէջ, վա­­­րագոյ­­­րի ետե­­­ւէն, քան­­­զի մա­­­նուկ հա­­­սակէս ըն­­­դունած եմ կու­­­սութեան ուխտը եւ որո­­­շած եմ ցմահ ճգնիլ այս խորհրդա­­­ւոր կիր­­­ճի մէջ։ Իսկ այժմ, քաղցրե­­­ղանակ մե­­­ղեդի մը երկնա­­­տուր՝ զիս կը մղէ Ծննդեան կցուրդ մը յօ­­­րինե­­­լու ու կրկին փա­­­ռաբա­­­նելու Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­մօր։ Այբբե­­­նական կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւածք ու­­­նե­­­­­­­նայ ան՝ տու­­­նե­­­­­­­րու սկզբնա­­­տառե­­­րը կազ­­­մեն անունս, ահա այսպէս. «Սրբու­­­հի Մա­­­րիամ, Ան­­­դաստան հո­­­գեւոր, Հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւն երկնի, Աս­­­տա­­­­­­­նօր եր­­­կինք, Կե­­­նացն փայ­­­տիւն, Դո՛ւռն երկնից, Ու­­­րա՛խ լեր, հիւ­­­թա­­­­­­­կան, եղա­­­կան, Խոր­­­հուրդ կե­­­նաց, Տո՛ւք զփառս»։

*

Ալիծ Տար­­­սո­­­­­­­նացիի պատ­­­մութիւ­­­նը, 14-րդ դար

«Սքան­­­չե­­­­­­­լի գե­­­ղագ­­­րուհի», «գրա­­­գիր յոյժ հմուտ»։ Այդպէս կը կո­­­չեն զիս պա­­­լատին մէջ...։ Իրա­­­ւունք ու­­­նիք, հա­­­զուա­­­դէպ է, որ 1288 թո­­­ւակա­­­նին ծնած միջ­­­նա­­­­­­­դարեան աղջնակ մը ու­­­սեալ ըլ­­­լայ։ Սա­­­կայն, ես ու­­­նիմ ար­­­քունի ու­­­սուցիչ­­­ներ։ Սի­­­րելի հայրս, Լե­­­ւոն եր­­­րորդը, միշտ կը փա­­­փաքէր, որ ես բազ­­­մա­­­­­­­թիւ արո­­­ւեստնե­­­րու տի­­­րանամ, ընդ որում գե­­­ղագ­­­րութեան։ Այժմ, այդ «սքան­­­չե­­­­­­­լիէ գրի­­­չովս կը յօ­­­րինեմ վեց տող հրա­­­ւէր մը՝ փե­­­սացու­­­նե­­­­­­­րուն։ Իսկ ի՞նչ պէտք է, որ ու­­­նե­­­­­­­նայ թեկ­­­նա­­­­­­­ծուն, որ­­­պէսզի ար­­­ժա­­­­­­­նանայ իմ սե­­­սոյն...։ Ու­­­նե­­­­­­­նայ գե­­­ղեցիկ ձե­­­ռագիր, ինչպէս իմ հրա­­­ւէրս. «Ով ոք որ սմա նմա­­­նեց­­­նէ, նա է իմ տե­­­սոյն ար­­­ժա­­­­­­­նի»։

Ահա եկաւ եր­­­կու թեկ­­­նա­­­­­­­ծու։ Չհաւ­­­նե­­­­­­­ցայ. «Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝ չի նմա­­­նիր գիրն Ալի­­­ծին»։ Դար­­­ձեալ յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­ցի ու­­­զողնե­­­րուն. «Ով որ գրէ զծայրն Ձա-ին, զծակն Ծա-ին՝ նա կու լի­­­նայ փե­­­սայ Ալ­­­ծին»։ Ահա եկաւ մէկ այ­­­լը։ Ի՜նչ շնոր­­­հա­­­­­­­լի ձե­­­ւով կը բռնէ փետ­­­րագրի­­­չը։ Հաւ­­­նե­­­­­­­ցայ. «Ծայրն Ձա-ին, ծակն Ծա-ին՝ կու նմա­­­նի գիրն Ալի­­­ծին»։

*

Անա­­­նուն տա­­­ղասա­­­ցի պատ­­­մութիւ­­­նը, 15րդ դար

Անունս այնքան չէ կա­­­րեւոր, ոչ ալ ծննդեան թո­­­ւականս եւ կեան­­­քի պա­­­րագա­­­ներս։ Այդ բո­­­լորը իմաս­­­տա­­­­­­­զուրկ դար­­­ձան, երբ սի­­­րելիս զիս լքեց ու որո­­­շեց ըլ­­­լալ... աբե­­­ղայ։ Որո­­­շեր է վա­­­լայ հագ­­­նիլ ու վար­­­դա­­­­­­­պետի բակ­­­լայ ու­­­տել։ Զար­­­մանքը զիս պա­­­տեց։ Ան չէ՞ր որ իմ մեղրս կը խմէր, իմ լու­­­սին երե­­­սիս կը զմայ­­­լէր ու վար­­­դի վրայ թա­­­ռած սո­­­խակի նման գի­­­շեր ու ցե­­­րեկ կը դայ­­­լայլէր։ Պատ­­­մեմ ձե­­­զի պատ­­­մութիւնս քոյ­­­րեր ու եղ­­­բայրներ, կար­­­դա­­­­­­­ցէք, ին­­­ծի իրա­­­ւունք տո­­­ւէք ու վշտա­­­կից եղէք.

 

Եկին ու խա­­­բար բե­­­րին,

թէ «Քո եարն եղեր հա­­­բեղայ»։

Փուշ ար­­­մատցքն զիս պա­­­տեց,

թէ նա ո՞նց եղաւ հա­­­բեղայ։

Բեր­­­նիկն էր շա­­­քար սո­­­վոր,

աճապ ո՞նց կե­­­րաւ նա բակ­­­լայ,

Ան­­­ձիկն էր շապ­­­կի սո­­­վոր,

աճապ ո՞նց հա­­­գաւ նա վա­­­լայ։

 

Ահա հայ­­­կա­­­­­­­կան տա­­­ղասա­­­ցու­­­թեան իգա­­­կան ձայ­­­նը։ Յոյժ սա­­­կաւ էին այդ փափ­­­կա­­­­­­­սուն բա­­­նաս­­­տեղծ-երաժշտու­­­հի­­­­­­­ներու կեն­­­սագրա­­­կան գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը։ Ցա­­­ւօք սրտի, մեր պատ­­­միչնե­­­րը այսքանն են մե­­­զի աւան­­­դած։ Բայց աւե­­­լի կա­­­րեւոր, չէ՞ր անոնց պատ­­­մութիւ­­­նը լսել, եր­­­գը եր­­­գել եւ անոնց քաղցր ձայ­­­նով հարստա­­­նալ։

* 28 Մարտն է անոր տօնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ