ՔԸՐՔՓՈՒՆԱՐԻ ՓԱՀԼԵՒԱՆԸ

Սթատիոմէ ներս, մարզադաշտի վրայ ըլլալէ յոգնած էի։ Առաջին անգամ է որ եկած էէ Քըրքփունարի իւղոտ ըմբշամարտի մրցումները դիտելու։ Առաւօտուայ կանուխ ժամերէն ի վեր կը լուսանկարէի։ Մրցման հերթը սպասող փահլեւաններ, համազգեստաւոր նուագախումբը, դիտողներ, մրցումներ... բաւականին նկարած էի։ Սակայն նկարներս հետզհետէ կրկնութիւն կը դառնային։ Ձանձրացած էի, եւ աւելին, շատ լուսանկարիչ կար։ Իրականութեան մէջ իմ հետաքրքրութիւնը բուն դէպքէն աւելի զարտուղիի անցուդարձներուն ուղղուած է։ Օրինակի համար բեմի վրայ կատարուածներէն աւելի կը զբաղիմ բեմի ետեւի նախապատրաստական աշխատանքները ցոլացնել։ Արուեստագէտին հանդիսատեսէն անկախ, բոլորէն մեկուսացած իր ներքնաշխարհին մէջ ապրումները աւելի շահեկան կը գտնեմ։ Այդ օր ալ սթատիոմի մուտքին կուտակուած բազմութիւնը դժուարաւ ճեղքելով դուրս եկայ։ Սկսայ շրջիլ մարգագետնի վրայ եւ շատ աւելի ուշագրաւ տեսարաններու հանդիպեցայ, քան ներսը։ Խուռներամ բազմութիւն կը տիրեր։ մարգագետնի վրայ նստածներ, շրջուն վաճառորդներ...Ներսը որքան փահլեւան որ կար, այդքանը կամ աւելին կար նաեւ դուրսը։ Ամէն տարիքէ, նիհարակազմ կամ հսկայ փահլեւաններէն ոմանք իրենց մարմինը, մկանները տաքացնող շարժումներ կ՚ընէին, ոմանք ալ կը հանգստանային զրուցելով իրենց մրցակիցներուն հետ։ Իւրաքանչիւրը շրջապատուած էր երկրպագուներով, որոնք հիացումով ու երկիւղածութեամբ կը դիտէին իրենց կուռքերը։ Այս հատուածի մէջ ամենաուշագրաւը մրցումը աւարտածներուն կողքի դռնէն արագօրէն դուրս գալու պահն էր։ Պոռում կոչումներէն յայտնի կը դառնար թէ որ մէկը յաղթանակած կամ որ մէկը պարտուած է։ Յաղթողները ուսամբարձ դուրս կը բերուէին մրցավայրէն։ Պարտողներու կողքին կ՛ըլլայի իրենց մարզիչները։ Պարտուած ըմբիշը գուրգուրանքով մխիթարել կը ջանային։ Բայց անոնցմէ մէկը բաւականին տարբեր էր։ Չէր հասկցուեր պարտա՞ծ է թէ պարտուած։ Պոռում- գոչումներով երկրպագուներու խումբ մը կը հետեւէր իրեն։ Ինք լուռ ու մունչ կը քայլեր, մարզիչն ալ կողքին, նոյնպէս լռութեան մէջ։ Մինչեւ որ տեղ մը նստի, ոսպնեակովս հետեւեցայ իրեն։ Հերակլէսի նման մարմինը կը ծփար իւղի եւ քրտինքի մէջ, իսկ ինք ճգնած քահանայի մը տպաւորութիւնը ունէր։ Յաղթած է՞ր թէ պարտուած, նշանակութիւն չունէր։ Կը յիշեմ թէ միջավարը յանկարծակիօրէն անձայնացաւ։ Բոլորը գիտէին թէ առանձնացման կարիք ունի։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ