Երգչուհի Մարալ Այվազի երաժշտական առաջին աշխատութիւնները սկսած են Լուսաւորիչ երգչախումբի երդիքին տակ հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու կատարումով։ Ան յառաջացող տարիներուն ուշադրութեան արժանացաւ նաեւ իր մենակատարումներով։
Նախորդ տարուայ Յունիս ամսուայ մէջ լոյս տեսաւ երգչուհիի «Մարալի Պէս» ալպոմը, որ կը բովանդակէր ժամանակակից ու աւանդական հայերէն ծանօթ երգերու նոր մշակումով մը մեկնաբանութիւնը։ Երաժշտական ձեւաւորումը Արի Հերկելի ստանձնած ալպոմի առաջին երգին՝ «Գուշակի Երգը»ի համար նկարահանուեցաւ տեսահոլովակ մը։ Պոլսահայ առտնի եւ փողոցային կեանքի երգիծական նկարագրումը կազմող տեսահոլովակին մէջ Մարալ Այվազին ընկերակցեցան բազմաթիւ դերասաններ։ Երգչուհին վայելեց Արա Տինքչեան եւ Արէն Էմիրզէի նման երաժիշտներու զօրակցութիւնը։ Ալպոմը բացի պոլսահայ եւ Թուրքիոյ գրաւոր մամուլի, ուշադրութեան արժանացաւ նաեւ համաշխարհային հայ թերթերու։
Մարալ Այվազ ալպոմի ծանօթացման ծիրէն ներս այցելեց Հայաստան, ուր հարցազրոյցներ տուաւ ու մասնակցեցաւ ռատիօ հաղորդումներու։ Հոն առիթը ունեցաւ նաեւ «Գուշակի երգը»ի խօսքերու հեղինակ Սուրէն Մուրատեանին հանդիպելով իր երախտիքը յայտնելու։
Ան այժմ կը պատրաստուի 11 Փետրուար 2020 երեքշաբթի ժամը 21.00-ին Շիշլի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ Արի Հերկելի գլխաւորած նուագախումբի ընկերակցութեամբ հանդէս գալու։ Բոլորովին հայերէն երգերէ բաղկացած այս համերգը կը խոստանայ նոր երանգ մը աւելցնել մեր բազմաբնոյթ երգացանկին վրայ։ Հրաւիրատոմսերու ապահովման համար դիմել հետեւեալ հեռախօսահամարներուն՝ 0542 534 34 29, 0533 690 77 27, 0537 426 69 35, 0530 117 65 76։