Եըլմազ Կիւնէյ Մշակոյթի եւ Արուեստի Գ. Փառատօն

Անո­ւանի բե­մադ­րիչ եւ դե­րասան Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յի անու­նով յի­շուած «Եըլ­մազ Կիւ­նէյ մշա­կոյ­թի եւ արո­ւես­տի Գ. փա­ռատօն»ը կազ­մա­կեր­պո­ւած է «100 ծաղ­կունք մշա­կոյ­թի կեդ­րոն»ի եւ Տէր­սի­մի քա­ղաքա­պետա­րանի հա­մատեղ ջան­քե­րով եւ Եըլ­մազ Կիւ­նէյ հիմ­նարկի աջակ­ցութեամբ։

Փա­ռատօ­նի շրջագ­ծին մէջ պի­տի ներ­կա­յացո­ւի կար­ճա­մեթ­րաժ գե­ղարո­ւես­տա­կան ու վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մեր, ֆիլ­մե­րու սցե­նար­ներ, պատ­մուած­քի, բա­նաս­տեղծու­թեան, եր­գի­ծան­կա­րի եւ լու­սանկար­չութեան ար­տադրու­թիւններ։ Պատ­մո­ւածքնե­րու եւ բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու հա­մար բա­ցի թրքե­րէնէ, քրտե­րէն, զա­զաերէն եւ հա­յերէն լե­զու­նե­րով ալ դի­մումներ պի­տի ըն­դունո­ւին։

Դի­մումնե­րը կը սկսին 1 Փետ­րուարէն ու կը տե­ւէ մին­չեւ 15 Ապ­րիլ։ Իսկ փա­ռատօ­նը կը կա­յանայ 15 Ապ­րիլ 1 Յու­նիս 2020 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ Իս­թանպուլ, Տէր­սիմ եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած մի­ջոցա­ռումնե­րով։

Ձեռ­նարկը աւար­տին կը հաս­նի 7 Յու­նի­սի Իս­թանպու­լի եւ 14 Յու­նի­սին ալ Տէր­սի­մի մէջ տե­ղի ու­նե­նալիք մրցա­նակա­բաշ­խութեամբ։

Փա­ռատօ­նի մաս­նակցե­լու հա­մար ման­րա­մաս­նութիւննե­րը կա­րելի է լսել՝ www.yilmazguneyksf.org կայ­քէ­ջի մի­ջոցաւ։

Այս մա­սին հրա­պարա­կուած մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշո­ւի նաեւ փա­ռատօ­նի գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը։ «Շու­կա­յի գե­ղարո­ւես­տա­կան ար­տադրու­թիւնը մրցակ­ցութեան նիւթ դարձնող եւ ան­հա­տական կիր­քե­րը գրգռող մեր­ձեցման դէմ մենք կը ներ­կա­յանանք հա­մատեղ ար­տադրու­թիւնը, հա­մագոր­ծակցու­թիւնը խրա­խու­սող մեր­ձե­ցու­մով մը փա­ռատօն կազ­մա­կեր­պե­լու։ Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յի արո­ւես­տի հաս­կա­ցողու­թեան հիմ­քը ժո­ղովուրդին ի նպաստ արո­ւես­տա­կան ար­տադրու­թիւն ընող սի­րողա­կան կամ ար­հեստա­վարժ բո­լոր արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը հա­սարա­կական հար­թա­կի մը վրայ մէկ­տե­ղել է։ Ար­դա­րեւ Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յի վե­րանո­րոգո­ւած ֆիլ­մերն ալ շրջուն ցու­ցադրու­թիւննե­րով կրկին ան­գամ պի­տի փո­խադ­րուի հան­դի­սատե­սին»։

«Ակօս» փա­ռատօ­նի մա­մու­լի մի­ջոցաւ զօ­րակ­ցե­լու նա­խադ­րութեամբ իր յա­ջորդ թի­ւերուն մէջ ալ պի­տի ար­ձա­գան­գէ «Եըլ­մազ Կիւ­նէյ մշա­կոյ­թի եւ արո­ւես­տի Գ. փա­ռատօն»ի լուրերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ