Արծրունի տուրք կը մատուցէ Ալան Յովհաննէսի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Շահան Արծրունի իբ­րեւ հայ արո­­ւես­­տա­­­գէտ, կա­­մաւոր կեր­­պով ստանձնած է բազ­­մա­­­թիւ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան երե­­ւոյթներ, որոնք ձե­­ւաւո­­րած են նաեւ իր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան ու­­ղին։ Կա­­րելի է են­­թադրել թէ Արծրու­­նի իր կամ­­քով հե­­ռու մնա­­ցած է դա­­սական երաժշտու­­թեան առա­­ջատար անուննե­­րու գոր­­ծե­­­րէն, իր վրայ պար­­տա­­­կանու­­թիւն հա­­մարե­­լով հօ­­րաք­­րոջ՝ Սիր­­վարդ Գա­­րամա­­նու­­կի յօ­­րինումնե­­րը նո­­ւագել։ Հրա­­տարա­­կու­­թեան պատ­­րաստել անոր ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը, օժան­­դա­­­կել անոնց վե­­րամ­­շակման կամ խմբեր­­գա­­­յին գոր­­ծե­­­րու բազ­­մա­­­ձայնման։ Ան նաեւ հե­­ռու մնաց իր հա­­մար այնքան հե­­տաքրքրա­­կան ամե­­րիկեան ար­­դի եր­­գա­­­հան­­նե­­­րու յօ­­րինումնե­­րէն։ Անոնց փո­­խարէն լծո­­ւեցաւ Կո­­միտա­­սի դաշ­­նա­­­մու­­րա­­­յին ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը հան­­րութեան մա­­տու­­ցե­­­լու նո­­ւիրեալ գոր­­ծին։ Նո­­ւագե­­լու կող­­քին դա­­սախօ­­սու­­թեան բնոյ­­թով ծա­­նօթա­­ցուց Կո­­միտա­­սի ժա­­ռան­­գի այս խիստ կա­­րեւոր երե­­սակը։

Շա­­հան Արծրու­­նի այս ան­­գամ երախ­­տի­­­քի տուրք կը մա­­տու­­ցէ ամե­­րիկա­­հայ անո­­ւանի եր­­գա­­­հան Ալան Յով­­հաննէ­­սի։ Կը նո­­ւագէ անոր ցարդ չձայ­­նագրո­­ւած դաշ­­նա­­­մու­­րա­­­յին ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը։ Արծրու­­նիի բա­­ցատ­­րութեամբ կտակ մըն է որ կ՚իրա­­կանաց­­նէ։ «Զիս հրա­­ւիրեց իր տու­­նը եւ յանձնեց ձե­­ռագիր­­նե­­­րու հսկայ տրցակ մը, ըսե­­լով թէ մին­­չեւ օրս չեն նո­­ւագո­­ւած»։ Այդ պա­­հուն իսկ զգաց իրեն վի­­ճակած պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը եւ լծո­­ւեցաւ աշ­­խա­­­տու­­թեան։ Այսպէս Արծրու­­նիի դաշ­­նա­­­մու­­րով կեն­­դա­­­նու­­թիւն ստա­­ցան Յով­­հաննէ­­սի «Աղեր­­սանք առ Վա­­հագն», «Ենովք», «Լա­­լեզար», «Շա­­րանո­­ւագ յու­­նա­­­կան մե­­ղեդի­­ներով», «Խորհրդա­­ւոր սրինգ», «Ու­­ղե­­­ւորու­­թիւն դէ­­պի ար­­շա­­­լոյս», «Լէ­­յոնա», «Վա­­նայ լճի հա­­տանո­­ւագ», «Վի­­ճակ» եւ «Հաղ­­պատ» գոր­­ծե­­­րը, որոնց հա­­րուա­­ծային գոր­­ծիքնե­­րով կը նո­­ւագակ­­ցէր Էտըմ Ռո­­զէն­­պատ։

«Երաժշտու­­թիւն՝ բա­­ցառիկ տա­­ղան­­դա­­­ւոր, ինքնա­­տիպ, զօ­­րեղ ու առ­­նա­­­կան»։ Այսպէս կը բնու­­թագրեր ամե­­րիկեան մա­­մու­­լը Ալան Յով­­հաննէ­­սի արո­­ւես­­տը։ Իսկ ան իր ճա­­նապար­­հը կը նկա­­րագ­­րեր հե­­տեւեալ տո­­ղերով՝. «Ես կ՚առա­­ջադ­­րեմ ստեղ­­ծել դիւ­­ցազնա­­կան,կո­­թողա­­յին ոճի յօ­­րինում մը, որ միեւ­­նոյն ժա­­մանակ ըլ­­լայ մատ­­չե­­­լի՝ ոգեշնչե­­լու բո­­լորը։ Այն ձեր­­բա­­­զատո­­ւած պէտք է ըլ­­լայ ամէն քմայ­­քէ, արո­­ւես­­տա­­­կան ձե­­ւակա­­նու­­թիւննե­­րէ եւ շին­­ծու նրբու­­թիւննե­­րէ։ Պէտք է ըլ­­լայ շի­­տակ, ան­­կեղծ, միշտ բնա­­կան՝ բայց եր­­բեք ար­­տա­­­ռոց»։

Շա­­հան Արծրու­­նիի այս խտա­­սալի­­կը հրա­­տարա­­կուած է «Քա­­լան» ըն­­կե­­­րու­­թեան կող­­մէ, եռա­­լեզու ծա­­նօթագրութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ