Մարալ Այվազի երաժշտական նուաճումը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

Բոլոր անոնք, որ ներ­­կայ էին Մա­­րալ Այ­­վա­­­զի անդրա­­նիկ մե­­նահա­­մեր­­գին կի­­սեցին շնոր­­հա­­­լիի երգչու­­հիի խան­­դա­­­վառու­­թիւնը եւ յու­­զումը բե­­մին վրայ։ Հա­­յերէն եր­­գի խնջոյք մըն էր, որ վա­­յելե­­ցինք շնոր­­հիւ Մա­­րալ Այ­­վա­­­զի եւ իրեն ըն­­կե­­­րակ­­ցող նո­­ւագա­­խումբի։ Յայտնենք թէ Մա­­րալ Այ­­վազ յա­­ջողա­­պէս տի­­րապե­­տեց բե­­մին, առա­­ջին պա­­հէն իսկ ի սպառ բե­­րելով այս մեծ փոր­­ձա­­­ռու­­թեան պատ­­ճա­­­ռած յու­­զումը։ Ար­­դա­­­րեւ հա­­յերէն եր­­գի իս­­կա­­­կան խնջոյք մըն էր ունկնդրին պար­­գե­­­ւուա­­ծը, քա­­նի մենք կը հա­­ղոր­­դո­­­ւէինք ազ­­գա­­­յին եր­­գա­­­ցան­­կի լա­­ւագոյն օրի­­նակ­­նե­­­րէն դէ­­պի ար­­դիաշունչ նոր փոր­­ձեր եր­­կա­­­րող եւ խնամ­­քով պատ­­րաստո­­ւած եր­­գա­­­ցան­­կի մի­­ջոցաւ։ Հա­­մեր­­գը սկսաւ Գրի­­գոր Հա­­խինեանի երաժշտու­­թեան վրայ Սու­­րէն Մու­­րա­­­տեանի խօս­­քե­­­րով հիւ­­սո­­­ւած «Գու­­շա­­­կի երգ»ով։ Այս եր­­գի ար­­դած ու­­րախ տրա­­մադ­­րութեան վրայ եկաւ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցի ան­­մահ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան, Հրանդ Գէոր­­գեանի երաժշտու­­թիւնով կա­­տարո­­ւած «Գի­­շերն անուշ է գի­­շերն հեշ­­տա­­­գին» եր­­գը։

Մա­­րալ Այ­­վազ կամ շատ հան­­գիստ էր բե­­մին վրայ, կամ ալ իր յա­­ճախա­­կի զրոյցնե­­րով կը փոր­­ձէր այդ տպա­­ւորու­­թիւնը թո­­ղել։ Այդպէս կամ այսպէս ան յա­­ջողե­­ցաւ ունկնդրին հետ հա­­ճելի ու հա­­ղոր­­դա­­­կան երկխօ­­սու­­թիւն մը գո­­յաց­­նել եւ այսպէ­­սով իւ­­րա­­­քան­­չիւր երգ ծա­­նօթաց­­նել հա­­կիրճ տո­­ղերով։ Երգչու­­հին ահա այս տրա­­մադ­­րութիւ­­նով է որ ներ­­կա­­­յացուց Սա­­յաթ Նո­­վայի հան­­րա­­­ծանօթ «Նա­­զանի» եր­­գը կրկին ան­­գամ ոգե­­ւորե­­լով բազ­­մութիւն դահ­­լի­­­ճը։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանի «Պին­­կէօլ»ը եւս բո­­լորին կող­­մէ սի­­րուած երգ որ­­պէս, ըն­­դունո­­ւեցաւ ջերմ գնա­­հատան­­քով։ Արա­­մայիս Սա­­հակեանի խօս­­քե­­­րով եւ Առ­­նօ Պա­­պաճա­­նեանի երաժշտու­­թեամբ «Մեր Սի­­րելի Երե­­ւանը» իս­­կա­­­պէս ալ գե­­ղակերտ Երե­­ւանի ձօ­­նուած լա­­ւագոյն եր­­գե­­­րէն կը հա­­մարո­­ւի ու ինչպէս Երե­­ւանի ձօ­­նուած իւ­­րա­­­քան­­չիւր գործ ու­­նի իր հպար­­տութեան ցո­­լացու­­մը։ Կա­­րելի է ըսել թէ հայ ժո­­ղովուրդը եր­­կար տա­­րինե­­րու զրկան­­քէն ետք իրա­­ւունք ու­­նի ձե­­ռակերտ այս գե­­ղեցիկ քա­­ղաքով հպար­­տա­­­նալու հա­­մար։ Ապա յա­­ջոր­­դե­­­ցին «Հո­­վիւ» ժո­­ղովրդա­­կան եր­­գը, «Ան­­վերջ Խա­­ւարը» Արա Տինքճիեանի յօ­­րինու­­մով եւ Մա­­րալ Այ­­վա­­­զի խօս­­քե­­­րով, երաժշտա­­կան գլուխ գոր­­ծոց մը Յով­­հաննէս Շիրազի գերզգա­­ցական տո­­ղերուն վրայ Մա­­ժակ Թո­­շիկեանի գե­­րազան­­ցօ­­­րէն յա­­ջող յօ­­րինու­­մը՝ «Տես­­նեմ Անին ու նոր Մեր­­նեմ»։ Հա­­մեր­­գի առա­­ջին հա­­տուա­­ծը աւար­­տին հա­­սաւ Մար­­դեն Եոր­­կանցի այ­­լեւս ժո­­ղովրդա­­կանա­­ցած «Ոչ Խօս­­քով» անուն եր­­գով։

Նշենք որ հա­­մեր­­գի ըն­­թացքին Մա­­րալ Այ­­վա­­­զին կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր ար­­հեստա­­վարժ երա­­ժիշտնե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող նո­­ւագա­­խումբ մը, ուր կը հան­­դի­­­պէինք Ռո­­պէր Տո­­ղանա­­յի, Արի Հեր­­կե­­­լի, Թա­­յիս Եըլ­­տըզճըի, Ար­­տա Ու­­յա­­­րի, Սա­­րօ Ուստա­­յի, Ռու­­բէն Մել­­քի­­­սեթօղ­­լո­­­ւի, Ռա­­ֆի Տէր Գէոր­­գեանի, Վոլ­­քան Քափ­­լա­­­նի եւ Էլ­­լա Գէոր­­գեանի անուննե­­րուն։

Հա­­մեր­­գի երկրորդ բաժ­­նին մէջ դար­­ձեալ տո­­ղան­­ցե­­­ցին հա­­րազատ եր­­գեր, որոնք ընդմիշտ կա­­պուած են բա­­զում յի­­շատակ­­նե­­­րու հետ։ Մա­­րալ Այ­­վա­­­զի հա­­մեր­­գը հայ եւ հա­­յախօս հան­­դի­­­սատե­­սի հա­­մար կրկին ան­­գամ հա­­յերէն բա­­նաս­­տեղծու­­թեան հետ ալ ոգե­­ւորո­­ւելու առիթ էր։ Ար­­դա­­­րեւ հա­­մեր­­գի երկրորդ բա­­ժինը սկսաւ Վա­­հան Թէ­­քէեանի բա­­նաս­­տեղծու­­թեամբ «Վայ­­րի Ծա­­ղիկ»ով, որուն երաժշտու­­թիւնը կը պատ­­կա­­­նէր Արէն Էմիր­­զէի։ Յա­­ջոր­­դա­­­բար լսե­­ցինք Աշուղ Մե­­ճազի պան­­դուխտի եր­­գը «Բա­­րով Եկար Սի­­րուն Կռունկ»։ Յե­­տոյ դար­­ձեալ քնքուշ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն մը Սիլ­­վա Կա­­պու­­տի­­­կեանէ եւ Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի մեծ ժո­­ղովրդա­­կանու­­թիւն վա­­յելած «Մախ­­մուր Աղ­­ջիկ»ը։

Բե­­մին վրայ Մա­­րալ Այ­­վա­­­զի եր­­թը շա­­րու­­նա­­­կեց նո­­րանոր ոգե­­ւորու­­թեան ալիք­­նե­­­րով, քա­­նի որ այս ան­­գամ հան­­դի­­­սատե­­սը դար­­ձեալ իր ձայ­­նը կը միաց­­նէր բե­­մին, ձայ­­նակցե­­լով այս ան­­գամ Արամ Խա­­չատ­­րեանի եւ կ՚եր­­գէր ու կը փա­­ռաբա­­նէր «Հա­­յաս­­տա­­­նի Կար­­միր Գի­­նին»։ Հա­­մեր­­գի իմաս­­տա­­­լից պա­­հերէն մէ­­կը կ՚ապ­­րո­­­ւէր, երբ Մա­­րալ Այ­­վազ իր խո­­նար­­հումը կը բե­­րէր բե­­մերու վաս­­տա­­­կաւոր երա­­ժիշ­­տին Պար­­թեւ Կա­­րեանին, միաս­­նա­­­բար եր­­գե­­­լու հա­­մար խօսքն ու երաժշտու­­թիւնը Կա­­րէն Սա­­րիպե­­կեանի պատ­­կա­­­նող զու­­գերգը, «Սի­­րոյ Պատ­­մութիւն»։ Կրկին իրար յա­­ջոր­­դե­­­ցին Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանի, Մա­­ժաք Թո­­շիկեանի եւ Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը, որոնցմով վերջ գտաւ այս ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն յա­­ջող անդրա­­նիկ մե­­նահա­­մեր­­գը։ Ինչ մեղք որ Մա­­րալ Այ­­վազ եւս չէր կրցած ձեր­­բա­­­զատո­­ւիլ իր շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնը անի­­մաստ փլա­­քեթի տո­­ւու­­չութիւննե­­րով խան­­գա­­­րելու աղ­­տէն։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար կար­­ճա­­­տեւ եղաւ այս ան­­տե­­­ղի արա­­րողու­­թիւնը, որ­­մէ ետք լսե­­ցինք Պատ­­րիարք Սրբա­­զանի հուսկ բան­­քը։ Սա­­հակ Բ. Ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս ող­­ջունեց Մա­­րալ Այ­­վա­­­զի անդրա­­նիկ մե­­նահա­­մեր­­գը, անոր մաղ­­թե­­­լով իր աղօթքնե­­րով, նո­­ւագա­­ծու­­նե­­­րու յատ­­կութիւ­­նով հան­­դի­­­սատե­­սի գնա­­հատան­­քով լեց­­նել իր առա­­գաս­­տը եւ սու­­զո­­­ւիլ դէ­­պի բար­­ձունքներ հա­­մաշ­­խարհա­­յին բնոյ­­թով խա­­ղաղու­­թեան լե­­զուն դար­­ձած երաժշտու­­թեան ծո­­վուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ