ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Իտարբերութիւն իսլամներու մարգարէի Յիսուս Փրկչի կեանքը եւ տառապանքը ընդմիշտ ներշնչման աղբիւր եղած է արուեստի համար։ Թերեւս այստեղ կարեւոր գործօն մըն է վերածնունդի գաղափարը, որ իր առաջին դրսեւորումները ունեցաւ սրբանկարներու միջոցաւ եկեղեցիներու կամարներուն տակ։ Անշուշտ կար աւելին։ Նկարչութեան ասպարէզէ ներս շատ աւելի ազատ ոճով արտադրող նկարիչներ եւս անհաղորդ չմնացին այս թեմային։ Նոյնիսկ մերթ ընդ մերթ իրենց մեկնութիւնները փորձանքաբեր իսկ եղան։ Իսկոյն կրնանք յիշել Նիքոս Գազանճաքիսը, որ իր վրայ հաւաքեց Կաթողիկէ եկեղեցիի շանթերը եւ երկար ժամանակ դատապարտուեցաւ եկեղեցւոյ հալածանքին։ Շատ պարզ էր այդ հալածանքի տեղի տուող դրդապատճառը, որն էր համարձակիլ Յիսուսի կերպարին մէջ մարդկայինը մտաբերել։ Արդարեւ Գազանճաքիսի վէպի աւարտին Յիսուս պահ մը կը երկմտի իր մատնուած տառապանքը իմաստաւորելու համար եւ մտքովը կ՚անցնէ թէ արդեօք աւելի լաւ չէր ըլլա՞ր կեանքը կապել Մարիամ Մակտաղենացիին հետ եւ խաղաղութեան մէջ ծերանար թոռներով շրջապատուած։ Եկեղեցին պիտի դժուարանար հանդուրժել նման միտքի մը, որ փուլ կը բերէր իր ստեղծած բոլոր այն պատումները, որոնք վերագրուած են Նազովրեցի Յիսուսին։
Բայց եկեղեցւոյ այս բարկութիւնը արգելք չէր կրնար ըլլալ, որպէսզի այս անգամ բեմ ելլէր «Jesus Christ» փոփ օփերան։
Վերջապէս պոլսահայ բեմերու ծանօթ պարուսոյց Լեւան Թապերեան եւս իր ընկալումներով կը նկարագրէ Յիսուսի ծնունդը, հրաշագործութիւնները, տառապանքը Գողգոթայի լերան վրայ եւ խաչելութիւնը։ Արդարեւ Թապերեանի բեմադրութեամբ 17 Փետրուարի երեկոյեան «Զօրլու» կեդրոնին մէջ առիթը ունեցանք վայելելու նոր մեկնաբանութիւն մը, որ իր մէջ ունէր բազմաթիւ խորհուրդներ եւ այդ խորհուրդներով ալ ներկաներուն պարգեւեց պարային խնջոյք մը, շատ լաւ ընտրուած երաժշտական քոլաժի մը ընկերակցութեամբ։
Թապերեան իր նախորդ բեմադրութիւններով ալ նուաճած էր հանդիսատեսի համակրանքը։ Իր արհեստով արժանացած էր գնահատանքի։
Բազմանդամ պարախումբը (24 պարողներ) յաջողութեամբ ներկայացուցին իրենց արուեստը, պարի կողքին օգտուելով նաեւ դերասանութեան շնորհներէ։ Մեծաւ մասամբ նախապէս ալ Թապերեանի բեմադրութիւններուն մէջ պաշտօն ստանձնող անձնակազմը օժտուած էր խնամեալ տարազներով եւ հնարամիտ բեմայարդարումով մը։
Մխիթարեան Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ կայացած կալա համերգին ներկայ էր պատրիարք Սահակ Բ., իր կողքին ունենալով Արամ արք. Աթէշեանը։
Սրբազան պատրիարքը հուսկ բանքը արտասանելու պահուն ինք եւս անդրադարձաւ պարողներու բազմակողմանի շնորհին։ Լեւոն Թապերեանի «Ճամբորդ» բեմադրութիւնը նոր ուրախութիւն մը եւս եղաւ մեր համայնքի համար։