Ճանապարհագրութիւն փշոտ ճամբու վրայ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Տէրսիմի հա­­յոց հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թեան հիմ­­նա­­­դիր Միհ­­րան Փրկիչ վեր­­ջերս ձեռ­­նարկած է հրա­­տարակ­­չա­­­կան աշ­­խա­­­տու­­թեան։ Ընդհան­­րա­­­պէս այս ան­­տե­­­սուած գա­­ւառի ապ­­րումնե­­րով լե­­ցուած մա­­տենա­­շար մըն է իր հրա­­տարա­­կած­­նե­­­րը, որոնց մէջ բա­­ցառու­­թիւն կազ­­մող եր­­կու գե­­ղատիպ հա­­տոր­­ներ եղան Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի գեր­­մա­­­ներէն եր­­գե­­­րու ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի պատ­­մա­­­կան քար­­տէզնե­­րու հա­­ւաքա­­ծոն։

«Փրկիչ» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարի եօթ­­նե­­­րորդ հրա­­տարա­­կու­­թիւնը նոյն ինքն իր Միհ­­րան Փրկի­­չի գոր­­ծունէու­­թեան մօտ տաս­­նա­­­մեայ ծա­­նօթագ­­րութիւնն է։ Առա­­ջին էջե­­րու վրայ շատ հա­­մառօտ անցնե­­լով իր ման­­կութեան եւ պա­­տանու­­թեան յու­­շե­­­րը, ան գիր­­քի կա­­րեւոր մէկ մա­­սը տրա­­մադ­­րած է հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան դժո­­ւարին գոր­­ծին։ Ոմանց հա­­մար ծպտեալ, ոմանց հա­­մար ազ­­գուռած բա­­ցատ­­րութիւննե­­րով բնու­­թագրո­­ւած ժո­­ղովուրդը իրա­­կանու­­թեան մէջ Միհ­­րան Փրկի­­չի ըն­­տա­­­նեկան պատ­­մութիւնն է։ Ան շատ տե­­ղին դի­­տար­­կումով ու­­սումնա­­սիրած է իր ժո­­ղովուրդի կրօ­­նափոխ ըլ­­լա­­­լու երե­­ւոյթնե­­րը, այդ ըն­­թացքին տե­­ղի տո­­ւած գոր­­ծօննե­­րը, այս բո­­լորին մէջ զինք շարժման մղող ազ­­դակնե­­րը։

Շատ պարզ ու հա­­ղոր­­դա­­­կան պատ­­մե­­­լաոճ մը որ­­դեգրած է Միհ­­րան Փրկիչ, որու շնոր­­հիւ ըն­­թերցո­­ղը առանց վա­­րանու­­մի կրնայ գու­­շա­­­կել թէ ի՞նչ եղած է, ին­­չո՞ւ եղած է եւ ի՞նչ պէտք է ընել։

Դժբախ­­տա­­­բար Տէր­­սիմ յատ­­կա­­­պէս ալ այսպէս յի­­շուած աշ­­խարհագ­­րա­­­կան հա­­տուա­­ծի ներ­­քին մա­­սերը զերծ մնա­­ցած են 1915-ի աղէ­­տէն եւ այդ իրո­­ղու­­թեան վրայ ալ հիւ­­սո­­­ւած է բա­­ւակա­­նին ռո­­ման­­թիկ պատ­­մութիւն մը։ Կաս­­կած չկայ թէ այդ պատ­­մութիւ­­նը բնա­­կանա­­բար շատ հա­­ճելի թո­­ւացած է բո­­լոր տէր­­սիմցի­­ներուն, քա­­նի որ իրենք այսպէ­­սով հիւ­­սած են այն պա­­տու­­մը, ըստ որու Տէր­­սի­­­մի մէջ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն չէ եղած, քա­­նի որ տեղ­­ւոյն ալե­­ւի եւ զա­­զա ժո­­ղովուրդնե­­րը խնա­­յած են իրենց հա­­րեւան բա­­րեկամ ժո­­ղովուրդը։ Սա­­կայն այս պա­­տու­­մը որ­­քա­­­նո՞վ կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ իրաողու­­թեան։ Եթէ այդպէս է ին­­չո՞ւ հա­­մար Տէր­­սի­­­մի մէջ ալ վե­­րապ­­րածնե­­րը միշտ մեծ մայ­­րիկներ են եւ ոչ մեծ հայ­­րիկներ։ Ին­­չո՞ւ հա­­մար այդ նոյն վե­­րապ­­րածնե­­րը տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին ստի­­պուած եղած են իրենց հա­­ւատ­­քը ու­­րա­­­նալու։ Բո­­լոր այս հար­­ցումնե­­րը իրենց պա­­տաս­­խաննե­­րը կը գտնեն Միհ­­րան Փրկի­­չի պա­­տու­­մին մէջ։ Ան ան­­շուշտ որ չու­­րա­­­նար տեղ­­ւոյն զա­­զանե­­րու կամ քիւրտե­­րու հա­­յերու հետ ու­­նե­­­ցած բա­­րեկա­­մական ան­­ցեալը։ Բայց ան­­դին կայ լու­­սա­­­բանու­­թեան կա­­րօտ բազ­­մա­­­թիւ երե­­ւոյթներ եւս։ Իսկ աւե­­լի կա­­րեւոր հան­­գա­­­ման­­քը այն է, թէ տէր­­սի­­­մահա­­յերուն վե­­րայայտնու­­թիւնը ի՞նչ տե­­սակ բեռ մը եւ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն մը կը բե­­րէ հայ ժո­­ղովուրդի ու­­սե­­­րուն։

Վահ­­րամ Մա­­ւեան իր պատ­­մո­­­ւածքնե­­րու հա­­ւաքա­­ծոյի՝ «Ամէն Տեղ Հայ Կայ»ի մէջ կը յի­­շէ կա­­րեւոր ապ­­րումներ, որոնք կը նկա­­րագ­­րո­­­ւին «Ին­­չո՞ւ այ­­լա­­­մերժ էք հա­­յերդ» հար­­ցումով։ Ոչ հա­­յու մը բեր­­նէն կը լսենք այս հար­­ցումը, որուն պար­­տա­­­ւոր ենք հա­­մոզիչ բա­­ցատ­­րութիւն գտնե­­լու։ Թե­­րեւս ալ մենք չենք անդրա­­դար­­ձած նման ազ­­գա­­­յին յատ­­կութեան։ Մտքով իսկ չենք ան­­ցո­­­ւած, թէ մենք իս­­կա­­­պէս ալ այ­­լա­­­մերժ ենք։ Բայց հա­­ւանա­­կանօ­­րէն Թուրք Ազ­­գա­­­յին Շար­­դում կու­­սակցու­­թեան հա­­յազ­­գի հիմ­­նա­­­դիր Ալ­­փասլան Թիւրքէշ ալ մտքով իսկ չէր անցներ, թէ երբ կ՚ըսէ «Թուրքի միակ բա­­րեկա­­մը թուրքն է», նոյն նա­­խադա­­սու­­թիւնը կա­­րելի է կար­­դալ «Թուրքը բո­­լորին թշնա­­մի է» ձե­­ւով եւս։

Ճիշդ է որ տէր­­սի­­­մահա­­յու­­թիւնը այ­­սօր երբ կը փոր­­ձէ իր նախ­­նեաց ար­­մատնե­­րուն վե­­րադառ­­նալ, զինք մեր­­ժո­­­ղը դար­­ձեալ իր ազ­­գա­­­կիցն է։ Միհ­­րան Փրկիչ շատ վառ օրի­­նակ­­նե­­­րով կը պար­­զէ այս իրո­­ղու­­թիւնը եւ ցոյց կու տայ թէ ինչ ար­­գելքնե­­րով եւ խո­­չըն­­դոտնե­­րով դէմ առ դէմ կը մնայ ալե­­ւիացած հա­­յը, երբ մկրտո­­ւելու հա­­մար կը դի­­մէ Պատ­­րիար­­քա­­­րան։

Նշենք որ գիր­­քը Տի­­րան Լոք­­մա­­­կէօզեանի կող­­մէ թարգմա­­նուած է նաեւ արե­­ւելա­­հայե­­րէնի եւ հրա­­տարա­­կուած երկլե­­զու ձե­­ւով։

Խիստ գնա­­հատե­­լի այս հրա­­տարա­­կու­­թեան թե­­րեւս գլխա­­ւոր թե­­րացու­­մը կը ներ­­կա­­­յանայ հա­­յերէն էջե­­րու հա­­մար գոր­­ծա­­­ծուած տա­­ռաչա­­փով։ Դժո­­ւար ըն­­թեռնե­­լի այդ փոքր տա­­ռերը յու­­սանք կ՚ուղղո­­ւին յա­­ջորդ տպագ­­րութիւննե­­րուն։

Վեր­­ջա­­­պէս շատ կա­­րեւոր նիւ­­թի մը ակ­­նարկող գիրք մըն է լոյս տե­­սածը, որուն մէջ հե­­ղինա­­կը ամե­­նայն պար­­զութեամբ հան­­րութեան հետ կը կի­­սէ իր հայ ըն­­կե­­­րային կեան­­քի մէջ ապ­­րած յու­­սադրիչ եւ հիաս­­թա­­­փեց­­նող զա­­նազան երե­­ւոյթնե­­րը։ Կ՚ող­­ջունենք այս աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը, որ իր խօս­­քը կ՚ուղղէ մեր ներ­­կայ կա­­րեւոր խնդիր­­նե­­­րէն մէ­­կուն վերաբերեալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ