Սուրիա պաշտօնապէս ճանչցաւ ցեղասպանութիւնը


13Փետրուարին կայացած նիստով Սուրիոյ խորհրդարանը պաշտօնապէս ճանչցաւ 1915-ի հայոց ցեղասպանութիւնը։ Խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալեհ առաւօտուան ժամերուն հաղորդած էր, թէ պիտի քուէարկուի Ի. դարու սկզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ մեղադրելու մասին բանաձեւը։ Արդարեւ նիստի ընթացքին բանաձեւը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ։

Սուրիա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակի պետ՝ Նորա Արիսեան յայտնեց, թէ այս մէկը պատմական որոշում մըն է։ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ ալ կարեւորեց բանաձեւի ընդունուիլը դիտել տալով, որ արաբական աշխարհի մէջ միայն Լիբանան էր, որ պաշտօնապէս ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութիւնը։

Նոյնպէս Հայաստանի դիւանագիտական շրջանակները կը կարեւորեն Սուրիոյ խորհրդարանի որոշումը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի առաջնորդարանն ալ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանդեանի միջոցաւ ողջունեց որոշումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի նախագահ Պեշար Էսատին, Խորհրդարանի կազմին եւ բանաձեւին պատրաստութեան մէջ ներդրում ունեցողներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ