Ի յարգանս Ամենայն Հայոց Բանաստեղծի

Մեծ վաս­տա­կը նոյ­նիսկ դա­րեր անց կը շա­րու­նա­կէ ներշնչման աղ­բիւր դառ­նալ։ Առա­ջին ան­գամ ան­ցեալ տա­րի էր, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը Ամե­նայն Հա­յոց Բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի ծնունդը հռչա­կեց «Գիրք Նո­ւիրե­լու Օր»։ Գա­ղափա­րի վե­հու­թիւնը ար­դէն շու­տով աւան­դութեան մը վե­րածեց այս միտ­քը, որուն ցո­լացու­մը կը հաս­նի մին­չեւ քա­ղաքս։

Ան­ցեալ տա­րի Էսաեան վար­ժա­րանի ու­սուցչա­կազ­մը եւ աշա­կեր­տութիւ­նը օրո­ւան իմաս­տը նշած էին խիստ յա­ջող մի­ջոցա­ռու­մով մը։ Այս տա­րի նոյն միտ­քով Տա­տեան Վար­ժա­րանի անձնա­կազմն է, որ կը ձեռ­նարկէ նման բնոյ­թի մի­ջոցա­ռու­մի մը։

26 Փետ­րո­ւար Չո­րեք­շաբթի օր, Տա­տեան Վար­ժա­րանի Է. եւ Ը. դա­սարա­նի սա­ներ իրենց ու­սուցիչ­նե­րու առաջ­նորդու­թեամբ կէ­սօրէ ետք՝ քոյր վար­ժա­րան­նե­րու ու գի­շերը՝ գրա­սէր ու արո­ւես­տա­սէր հայ հա­մայնքի ներ­կա­յացան հան­դի­սու­թեամբ մը, որ կը բաղ­կա­նար Թու­մա­նեանի մա­սին կեն­սագրա­կան ճոխ բա­ցատ­րութիւննե­րէ, ար­տա­սանու­թիւննե­րէ եւ թա­տերա­խաղէ մը, մինչ այդ պաս­տա­ռի վրայ կը ցո­լանա­յին Թու­մա­նեանի կեան­քէն խօ­սուն դրո­ւագ­ներ։

Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի կեան­քի պատ­մութեան մա­սին լայն տե­ղեկու­թիւննե­րը ան­գիր կեր­պով տո­ւին վար­ժա­րանի Է. դա­սարան­նե­րու տղա­քը, որոնք յի­շեցին Թու­մա­նեանի Թիֆ­լի­սի մէջ ան­ցուցած բե­ղուն օրե­րը, իր ալ մաս­նակցու­թիւն բե­րած «Վեր­նա­տուն» անուն գրա­կան խմբա­կը, իր գլուխ գոր­ծոց բա­նաս­տեղծու­թիւն՝ «Անուշ»ի բո­վան­դա­կու­թիւնը, Հա­յաս­տա­նի մէջ իրեն տրո­ւած յա­տուկ կա­րեւո­րու­թիւնը՝ յոր­ջորջե­լով իր անո­ւամբ թան­գա­րան­նե­րու, հրա­պարակ­նե­րու, թատ­րոննե­րու, փո­ղոց­նե­րու, դպրոց­նե­րու եւ գրա­դարան­նե­րու անուննե­րը եւ նաեւ դնե­լով Հա­յաս­տա­նի թղթադ­րամնե­րէն մէ­կուն վրայ իր նկա­րը։ Տղա­քը յի­շեցին նաեւ Թու­մա­նեանի իմաս­տա­լից խօս­քե­րը՝ կեան­քի, բա­նաս­տեղծու­թեան, գրա­կանու­թեան, ուսման եւ բա­րոյա­կան ար­ժէքնե­րու մա­սին։

Աւար­տա­կան դա­սարա­նի աշա­կերտնե­րուն վի­ճակած էր ար­տա­սանու­թիւններ։ «Մեր Ուխտը» բա­նաս­տեղծու­թիւնը ար­տա­սանե­ցին Գա­րէն Աթաք­լի­կան եւ Արաս Չիթ­ճեան, «Հա­յոց Լեռ­նե­րում» բա­նաս­տեղծու­թիւնը ար­տա­սանեց Թի­նա Էք­մէքճի, «Հին Օրհնու­թիւն» բա­նաս­տեղծու­թիւնը՝ Քէ­վըն Պա­շըպիւ­յիւք, իսկ «Աղ­թա­մար» բա­նաս­տեղծու­թիւնը՝ վար­ժա­րանի թատ­րո­նի ու­սուցիչ եւ յայտնի արո­ւես­տա­գէտ՝ Արամ Կոս­տա­նեան, որուն ար­տա­սանութեան ըն­թացքին բե­մի վրայ ցու­ցադրուեցան Դա­լար պա­րախումբի «Աղ­թա­մար» պա­րէն դրո­ւագ­ներ։ Շրջա­նաւարտ դա­սարա­նի սա­ները ներ­կա­յացու­ցին նաեւ զա­նազան գրա­կան ու արո­ւես­տի նո­ւիրո­ւած դէմ­քե­րու անոր մա­սին կար­ծիքնե­րը յատ­կանշա­կան կէ­տերով։ Հան­դէ­սը իր աւար­տին հա­սաւ Թու­մա­նեանի «Բա­րեկեն­դան» անուն զո­ւար­ճա­լի հէ­քեաթին Արամ Կոս­տա­նեանի բե­մադ­րութեամբ ներ­կա­յացու­մով։

Գրա­կան մի­ջոցա­ռու­մը փակուեցաւ տնօ­րէնու­հի՝ Տի­կին Ալիս Պայ­րա­մի, մի­ջոցա­ռու­մը կազ­մա­կեր­պող ու­սուցիչ­նե­րու եւ աշա­կերտնե­րու ուղղո­ւած շնոր­հա­կալութեան ու­ղերձով։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ