ՄԱՅԻՍ 1

Թրքերէն ասացուածքը. «Թմբուկին ձայնը հեռուէն հաճելի է» կ՚ըսէ։ Ճիշդ է անկասկած, բայց դուք բնաւ թմբկահարը եւ զուռնայ փչողը մօտէն դիտա՞ծ էք։ Ես դիտած եմ։ Եւ թէ «Մայիս Մէկ»եան պայծառ օր մը։ Անհաւատալի էր։ Թմբուկի ու զուռնայի ձայնը քանի կը բարձրանար ալ աւելի կը կախարդէր զիս։ Այդ պահուն կը ցանկայի թէ ամէն ինչ մէկ կողմ դնեմ ու պարեմ։ Արդէն ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր։ Եւ այդ բոլորին մէջ ականջները խլացնող զուռնան կը կրկնապատկէր գոյացած ոգեւորութիւնը։ Բոլորը շուրջպար բռնած էին, իսկ ես անընդհատ կը նկարէի։ Ութը տարի անցեր է այս դէպքի վրայէն, բայց այդ թմբուկն ու զուռնան…։

Պէյրութ փոխադրուելէ ետք առաջին անգամ կ՚երթայի Ղամըշլը։ Ինը տարեկան էի ի՞նչ։ Մեծ հրճուանք կը զգայի ծննդավայրս վերադառնալու խորհուրդով։ Այդ ամառուայ օրերէն մէկը դրոշմուեցաւ մտքիս մէջ։ Չեմ յիշեր թէ ինչպ՞ս պատահեցաւ ամբողջ օրը անցուցի հօրեղբօրս Սուրէնին բեռնատար ինքնաշարժին վրայ գիւղերը շրջելով։ Մեր ընտանիքի ցորենի բերքի հոգը Սուրէն հօրեղբօրս վրայ էր։ Բերքահաւաքի ժամանակ համարեա բնաւ տուն չէր գար։ Այդ օր բազմաթիւ գիւղեր հանդիպեցանք։ Ուր որ կանգ կ՚առնէինք հօրեղբայրս մարդկանց հետ արաբերէն կամ քրտերէն բաներ մը կը խօսեր եւ յետոյ կը շարունակէինք մեր երթը։ Ամբողջ օրը այդպէս անցաւ։ Իսկ մեր հանդիպած վերջին գիւղին մէջ քրտական հարսանիք մը կար։ Օրը լաւ մը մթնած էր։ Հօրեղբայրս բազմութենէն քիչ մը հեռու կանգնեցուց ինքնաշարժը։ Ես ալ կը պատրաստուէի իր հետ իջնելու, առարկեց. «Դուն հոս սպասէ» ըսելով։ Մեծ հիասթափութիւն էր։ Հեռուէն կը լսուէր թմբուկի եւ զուռնայի երաժշտութիւնը։ Խրախճանքի վայրը մութին մէջ պարաններէ կախուած գունաւոր լոյսերը երազի մը տպաւորութիւնը կը գոյացնէին։ Հօրեղբայրս մօտաւորապէս ժամ մը վերջ վերադառնալով առանց բան մը ըսելու աշխատցուց շարժակը։ Այդ պահուն ատած էի զինք։ Այդ օրէն ինծի մնացող միակ յիշողութիւնը մութին մէջ լսուած թմբուկի եւ զուռնայի մեղեդին է։ Աչքս չէի կրցած առնել այդ պատկերէն։ Բեռնատար ինքնաշարժի ետեւի լուսամուտէն հետեւած էի պատկերին մինչեւ որ ամբողջովին անտեսանելի դառնայ։ 

 


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ