Հոգեհանգիստ՝ մահուան Ա. տարելիցի առթիւ

8Մարտ կիրակի Գումգաբու Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Մեսրոպ Ս. Պատրիարքի մահուան Ա. տարելիցի առթիւ յաւարտ Ս. Պատարագի Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի՝ ձեռամբ Սահակ Բ. Պատրիարքի։

Երջանկայիշատակ պատրիարքը երկարատեւ հիւանդութեան աւարտին անցեալ տարի այս օրերուն կնքած էր իր մահկանացուն, խոր սուգի մատնելով տիրամայր Մարի Մութաֆեանը եւ համայն պոլսահայութիւնը։ Իսկապէս ծանր կորուստ մըն էր այս, ամբողջ համայնքի հաշւոյն, քանի ժողովուրդը տակաւին մեծ ակնկալիքներ ունէր իրմէ։

Մեսրոպ Բ. կը ննջէ իր հոգեւոր ծնողին՝ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքին կողքը։ Նոյն օր ժամը 15.00-ին Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը, հողակոյտին վրայ եւս պիտի կատարուի շիրիմօրհնէք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ