Վստահութեան հաւատքը բուժիչ է

Քորոնա ժահրը համաշխարհային ճգնաժամի մը պատճառ դարձած պայմաններուն տակ սպառնալիք մըն է նաեւ անհատներու հոգեբանութեան վրայ։ Այս մասին ուզեցինք հոգեբոյժ տոց տոք. Նուրհան Ֆըսթըքչըի խորհուրդները լսել։

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

Ինչպէս զանազան երկիր­­ներ, Թուրքիոյ մէջ ալ օրէ օր կ՚աւել­­նայ քո­­րոնա ժահ­­րէն վա­­րակո­­ւած­­նե­­­րու թի­­ւը։ Մար­­դիկ ինչպէ՞ս պէտք է յաղ­­թա­­­հարեն գո­­յացած վախն ու սար­­սա­­­փը։

Կար­­ծե­­­ցեալ չէ, այլ իրա­­կան սպառ­­նա­­­լիք մը կայ մեր դի­­մաց։ Բնա­­կանա­­բար մար­­դիկ վա­­խի մէջ են։ Սար­­սա­­­փի զգա­­ցու­­մը կ՚ազ­­դէ ու­­ղե­­­ղի աշ­­խա­­­տան­­քին։ Մար­­մի­­­նը կը սկսի հա­­կասթրէ­­սային հոր­­մոններ ար­­տադրել։ Այդ հոր­­մոններն ալ կ՚ազ­­դեն մեր մարմնի դի­­մադ­­րութեան։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ շատ կա­­րեւոր է պահ­­պա­­­նել հո­­գեկան խա­­ղաղու­­թիւնը։ Միայն լուրջ եւ վստա­­հելի լրա­­տուու­­թիւննե­­րուն պէտք է հե­­տեւիլ։ Եթէ հա­­մացան­­ցի վրայ շրջող բո­­լոր լրա­­տուու­­թիւննե­­րը լուրջի առ­­նենք, սար­­սա­­­փը կ՚աճի։ Առող­­ջա­­­պահա­­կան Նա­­խարա­­րու­­թեան, Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառի, Առող­­ջա­­­պահու­­թեան Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան տո­­ւեալ­­նե­­­րը պէտք է լուրջի առ­­նել եւ ըստ այնմ վա­­րուիլ։

Ու­­ղե­­­ղը ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թիւնը որոշ չա­­փերով կրնայ յաղ­­թա­­­հարել։ Բայց մի­­ջոց մը վեր­­ջը ան ալ կը տա­­րուի այս յար­­ձա­­­կումնե­­րէն եւ սթրե­­սի տե­­ղի կու տայ։

Մարմնի եւ հո­­գեկան առող­­ջութեան հա­­մար կա­­րեւոր է կա­­նոնա­­ւոր քու­­նը եւ սնունդը։ Ոմանք սթրե­­սէն խու­­սա­­­փելու հա­­մար կրնան դի­­մել ալ­­քո­­­լի։ Բայց պէտք չէ մոռ­­նալ, որ այս վեր­­ջինիս ալ չա­­փազանց սպա­­ռու­­մը յոգ­­նութեան պատ­­ճառ կ՚ըլ­­լայ եւ կրկին ժխտա­­կան կ՚ազ­­դէ մարմնի դի­­մադ­­րութեան։

 

Ինչպէ՞ս խու­­սա­­­փիլ սար­­սա­­­փէն։

Այս մեր ձեռ­­քը եղած բան մը չէ։ Բո­­լորս մտա­­հոգ ենք։ Ոմանք ան­­տարբեր մնալ կը փոր­­ձեն։ Այդ ալ վտան­­քա­­­ւոր է։ Մտա­­հոգու­­թիւնը եւ սար­­սա­­­փը մարդկա­­յին զգա­­ցումներ են։ Եթէ վտանգ մը առ­­կայ է ու­­ղե­­­ղը ինքնա­­բերա­­բար պաշտպա­­նուիլ կը հրա­­հան­­գէ։ Կ՚արա­­գանայ սրտի բա­­բախու­­մը, կը դժո­­ւարա­­նայ շնչա­­ռու­­թիւնը եւ թմրա­­ծու­­թիւն կրնանք զգալ մարմնի վրայ։ Մար­­դիկ այս հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ սար­­սա­­­փի կը մատ­­նո­­­ւին եւ այս ալ ձիւ­­նեգնդա­­կի մը նման կը մեծցնէ խնդի­­րը։ Պէտք է մտա­­հոգու­­թիւննե­­րը բնա­­կանաց­­նել։ Անոր եղա­­նակն ալ կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րը դա­­սաւո­­րելն է։

Ինչպէ՞ս պա­­հենք ան­­դորրը։

Բնա­­կան է, որ մեր հա­­րազատ­­նե­­­րուն, զա­­ւակ­­նե­­­րուն կամ ծնող­­նե­­­րուն հա­­մար մտա­­հոգո­­ւինք։ Մտա­­հոգու­­թիւնը բնա­­կան երե­­ւոյթ մըն է եւ մար­­դուս կ՚ազ­­դա­­­րարէ կան­­խա­­­միջոց­­ներ։ Ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րը ան­­շուշտ, որ պի­­տի աւելցնեն այդ մտա­­հոգու­­թիւննե­­րը։ Հասկնա­­լի է, որ մար­­դիկ պի­­տի մտա­­հոգո­­ւին ժահ­­րէն վա­­րակո­­ւելէ։ Բայց երբ այդ պա­­հը սար­­սա­­­փի վե­­րածո­­ւի հոն ար­­դէն հո­­գեբու­­ժա­­­կան խնդիր մը ծա­­գած է։

 

Սոց­­ցանցե­­րը մար­­դիկ դէ­­պի փա­­նի՞ք կը յա­­ռաջաց­­նեն։

Քիչ առաջ նշած էի վստա­­հելի աղ­­բիւրնե­­րը։ Պէտք չէ ար­­տօ­­­նենք, որ ան­­հիմն լրա­­տուու­­թիւննե­­րը մեր միտ­­քը պղտո­­րեն։ Ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թիւնը ընդհան­­րա­­­պէս խնդրի հսկո­­ղու­­թե­­­նէ դուրս մնա­­ցած ըլ­­լա­­­լու տպա­­ւորու­­թիւնը կը գո­­յաց­­նէ։ Մարդ երբ որ խնդրի մը անհսկե­­լի դար­­ձած ըլ­­լա­­­լուն հա­­մոզո­­ւի, ինքնա­­բերա­­բար սար­­սա­­­փի կը մատ­­նո­­­ւի։ Մար­­դիկ ան­­չափ ու անի­­մաստ առեւ­­տուրի մղող, դէ­­պի հի­­ւան­­դա­­­նոց­­ներ խու­­ժե­­­լուն պատ­­ճառ դար­­ձողն ալ ահա այս ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թիւնն է։ Մար­­դիկ այդ ապա­­տեղե­­կատո­­ւու­­թեան հե­­տեւան­­քով տու­­ներնին սննդե­­ղէնի շտե­­մարա­­նի կը վե­­րածեն։ Այդ խու­­ճա­­­պը կա­­սեց­­նե­­­լու եղա­­նակն ալ պե­­տու­­թեան եւ պե­­տական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն կա­­նոնա­­ւոր լրա­­հոսքն է։ Այդ լրա­­հոս­­քը կ՚ապա­­հովէ նաեւ վստա­­հու­­թեան զգա­­ցու­­մը։ Վստա­­հու­­թեան բա­­ցակա­­յու­­թեան պա­­րագա­­յին մար­­դիկ խու­­ճա­­­պի աւե­­լի դիւ­­րաւ կը մատ­­նո­­­ւին։

 

Ըն­­տա­­­նիք­­ներ ժահ­­րի դէմ ինչպէ՞ս պէտք է դաս­­տիարա­­կեն իրենց զա­­ւակ­­նե­­­րը։

Տղա­­քը մին­­չեւ տա­­սը տա­­րեկան կը դժո­­ւարա­­նան ան­­նիւթա­­կան բա­­ները ըն­­կա­­­լելու։ Անոնց ու­­զա­­­ծը տե­­սանե­­լի, շօ­­շափե­­լի բա­­ներն են։ Հե­­տեւա­­բար տղաք պէտք է ակա­­նատե­­սը ըլ­­լան տան մէջ ձեռ­­նարկո­­ւած կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րուն։ Գի­­տենք որ հի­­ւան­­դութիւ­­նը այնքան ալ չաս­­տէր երա­­խանե­­րու վրայ։ Ու­­րեմն իրենք այս ուղղու­­թեամբ իրա­­զէք դարձնե­­լը անոնց մտա­­վախու­­թիւններն ալ պի­­տի նո­­ւազեց­­նէ։ Պէտք է ար­­գելք ըլ­­լալ ան­­չա­­­փահաս­­նե­­­րուն ամէն տե­­սակ տե­­ղեկու­­թեան հաս­­նե­­­լուն։

Հա­­պա այս բո­­լորը ինչպէ՞ս պի­­տի ազ­­դեն մարդկանց յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն։

Մար­­դիկ ժահ­­րի հե­­տեւան­­քով իրար­­մէ պի­­տի հե­­ռանան։ Ասի­­կա ան­­մարդկա­­յին է։ Մար­­դը ըն­­կե­­­րային էակ մըն է եւ ու­­րիշնե­­րու հետ ըլ­­լա­­­լով աւե­­լի վստա­­հու­­թիւն կ՚ապ­­րի։ Ըն­­կե­­­րու­­թիւնը սթրե­­սը նո­ւազեց­­նող յատ­­կութիւն ու­­նի։ Իտա­­լիոյ մէջ մարդկանց պատշգամբ ել­­լա­­­լով միաս­­նա­­­բար եր­­գե­­­լը այս իրո­­ղու­­թեան ապա­­ցոյցն է։ Թէեւ շատ գան­­գատ ու­­նինք սոց­­ցանցե­­րէն, բայց այս պա­­հուն անոնք եւս դրա­­կան յատ­­կութիւններ կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն։ Ամ­­բողջա­­կան մե­­կու­­սա­­­ցու­­մը լուրջ վտանգ մըն է։ Հե­­տեւա­­բար գո­­նէ հե­­ռախօ­­սակա­­պով պէտք ու­­նինք հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը վառ պա­­հելու։

 

Այս վեր­­ջին վա­­րակի եւ նա­­խորդնե­­րու մի­­ջեւ հո­­գեբու­­ժա­­­կան առու­­մով տար­­բե­­­րու­­թիւններ կը տես­­նէ՞ք։

ԶԻԱՀ (AIDS) պա­­րագա­­յին որոշ խմբակ­­ներ ռիս­­քա­­­յին էին։ Հի­­ւան­­դութիւ­­նը կը փո­­խան­­ցո­­­ւէր սե­­ռային ճամ­­բով եւ մար­­դիկ կրնա­­յին այդ տե­­սակ արարքնե­­րէ հե­­ռու մնալ։ Քո­­րոնա ժահ­­րի պա­­րագա­­յին երե­­ւոյ­­թը բո­­լորո­­վին տար­­բեր է։ Մար­­դիկ տե­­ղեակ չեն թէ որ եղա­­նակով կրնան վա­­րակո­­ւիլ։ Թռչնակ­­րի­­­պի օրե­­րուն մար­­դիկ թռչնազ­­գի սնունդնե­­րէ հե­­ռու մնա­­լով որոշ ապա­­հովու­­թիւն մը, անվտան­­գութիւն մը ձեռք բե­­րած կ՚ըլ­­լա­­­յին։ Բայց քո­­րոնա ժահ­­րի պա­­րագա­­յին այս բո­­լորը ի զօ­­րու չեն։ Հե­­տեւա­­բար մար­­դիկ աւե­­լի մեծ սար­­սա­­­փի մատ­­նո­­­ւեցան։

 

Այս պայ­­մաննե­­րու տակ դե­­ղերը օգուտ մը կրնա՞ն ու­­նե­­­նալ։

Առօ­­րեայ կեան­­քը խան­­գա­­­րելու աս­­տի­­­ճան ծանր տանողնե­­րը կրնան բժշկա­­կան օգ­­նութեան դի­­մել։ Բժիշ­­կի ցուցմունքնե­­րով կա­­րելի է հա­­կատեբ­­րե­­­սան դե­­ղատոմ­­սե­­­րէ օգ­­տո­­­ւիլ։ Այդ տե­­սակի դե­­ղերու յատ­­կութիւ­­նը մարմնի դի­­մադ­­րութիւ­­նը տեբ­­րեսյո­­նի դէմ ու­­ժե­­­ղաց­­նելն է։ Բայց անոնք ան­­պայման պէտք է բժիշ­­կի մը հսկո­­ղու­­թեան տակ օգ­­տա­­­գոր­­ծել։ Պէտք չէ մոռ­­նալ թէ բո­­լոր քի­­միական դե­­ղերը ան­­պայման քովնտի ազ­­դե­­­ցու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նան։ Այս ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը նշմա­­րելի կ՚ըլ­­լայ միայն բժիշ­­կի հսկո­­ղու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն մէջ։

Վեր­­ջա­­­պէս կրնանք ըսել թէ պի­­տի ընենք մեր ձեռ­­քէն եկա­­ծը եւ այս մտա­­հոգիչ երե­­ւոյթն ալ իր աւարտը պիտի ունենայ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ