Մամուլը իր բաժինը կը ստանայ ճգնաժամէն

Քորոնա ժահրի համաճարակը պատճառ դարձաւ, որ բազմաթիւ ընկերութիւններ, յատկապէս գրասենեակային բնոյթ ունեցողները իրենց աշխատանքը փոխադրեն տուներէ ներս, կարելի եղած նուազագոյնի հասցնելու համար հասարակութեան հետ շփուելու պայմանները։ Արդարեւ «Ակօս» այս շաբաթ ընդհանրապէս պատրաստուեցաւ խմբագրատունէն դուրս, տուներու մէջ։

Նոյն երեւոյթը ի զօրու է հայ մամուլի համար, քանի որ ԱՄՆ-ի կարեւորագոյն թերթերէն «Ասպարէզ» կրճատեց իր հրատարակութեան պարբերականութիւնը՝ լոյս տեսնելով շաբաթը միայն երկու թիւ։ Նման կանխամիջոցի կը դիմէ նաեւ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը դադրեցնելով իր տպագիր հրատարակութիւնը։ Թերթը 18 Մարտի թիւով ընթերցողներուն կը հաղորդէ, թէ միջոցի մը համար ան պիտի հրատարակուի միայն համացանցի վրայ։

Միւս կողմէ որոշ հեռուստակայաններ ալ սկսած են յատկապէս հեղինակային բնոյթով հաղորդումները փոխանցել տնային պայմաններու, օգտուելով «Սքայփ»ի դրութենէն։

Անշուշտ հոս ալ կայ ինքն իր հերթին ծիծաղաշարժ երեւոյթներ, քանի ամէն օր որոշ պաշտօնականութեան մը մէջ հեռուստադիտողին ներկայացող դէմքեր, հիմա նոյն էգրանին կը ներկայանան բոլորովին հանգիստ տնային տարազներով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ