Զրոյց՝ գիտակից քաղաքի գիտակից քաղաքապետին հետ

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Այն օրերուն, երբ հիւանդանոցներէ ներս քաօս ու սարսափ կը տիրէ, ես փառք

կու տամ իմ առողջութեան եւ զաւակներուս հետ միասին մեկուսացած եմ տան

մէջ։ Հեռուստացոյցի լուրերու հաղորդումները, ըլլայ իշխանութեան, ըլլայ

ընդդիմադիրներու յայտարարութիւններով, ձանձրացած եմ։ Մինչդեռ որքան

շատ հարցումներ կան մտքիս մէջ։ Անոնց խօսքերուն մէջ չեմ գտներ այդ

հարցումներուս պատասխանները։ Ըստ երեւոյթի Սերվանթեսի «Տոն Խիշոտ»ին կը կարօտիմ։ Մէկը՝ որ զերծ մնացած ըլլայ այս պաշտօնական սուտերէն։ Մէկը՝ որ կարողանամ

վստահիլ իր խօսքի ճշմարտութեան։ Նազըմ Հիքմեթի նշածին նման, «Անմահ

երիտասարդութեան ասպետն է որ կը փնտռեմ։

Կը ճանչնայի այդպէս մէկը եւ իսկոյն զանգահարեցի։ Ֆաթիհ Մեհմետ Մաչօղլուն

է ան։ Ասպարէզով տարրալուծարանի թեքնիկ եւ պաշտօնական անուանումով

Թունճելիի, մեզի ծանօթ Տէրսիմի քաղաքապետը։ Յօժարեցաւ հարցումներուս

պատասխանել, ինչպէս որ կ՚ակնկալէի, ջերմօրէն ու եռանդով։ Կամ ինչպէս

սովորեցինք վերջերս «Դուխով»։

Լ.Ք.- Որպէս առողջապահական պաշտօնեայ աշխատած էք Քոնիա քաղաքի

Հիսարլըք գաւառին մէջ 1989-1992 տարեթիւերու միջեւ։ Ապա նման պաշտօն

վարած էք Տէրսիմի Պետական Հիւանդանոցի շտապօգնութեան բաժինը։

Համոզուած եմ որ հիւանդի հոգեբանութենէն եւ վարակիչ հիւանդութիւններէն

պաշտպանուելու առումով լաւ փորձառութիւն ունեցած քաղաքապետ մըն էք։

Այս յատկութիւնով ինչպիսի՞ կանխամիջոցներու դիմեցիք Տէրսիմի մէջ։

Ֆ.Մ.Մ.-Ողջոյն ձեզ։ Որպէս քաղաքապետարան կ՚աշխատակցինք Առողջապահական

Նախարարութեան, քաղաքի կուսակալին եւ այլ հասարակական

կազմակերպութիւններու հետ։ Սկսելով հանրաշարժի կեդրոնական կայարանէն.

քաղաքի բոլոր փողոցներուն եւ այգիներուն մէջ կը տանինք հակավարակիչ

մաքրութեան գործեր։ Քաղաքապետարանի կազմին մէջ գործող ծառայութեան

խմբակները կը շարունակեն ժողովուրդը իրազեկ պահել առկայ վտանգի

մասին։ Կը պատմեն կանխելու եղանակները եւ նաեւ կը հոգան անոնց

անհրաժեշտ կարիքները։

Անշուշտ որ այս եղածները անբաւարար են համաճարակը կանխելու համար։

Շնչառութեամբ եւ շփումով փոխանցուող վարակի մը մասին կը խօսինք։ Կոչ

կ՚ընենք փողոց չելլելու մասին է։ Բայց մեր ժողովուրդի մշակոյթը ընդհակառակը

կը թելադրէ։ Մարդիկ նման ճգնաժամերուն իրարու հետ ըլլալու կարիքը կը

զգան։ Յատկապէս տարեցները փողոցի մէջ իրենց բարեկամներով աւելի լաւ

տրամադրութիւն կը ստանան։ Այս երեւոյթը միայն Տէրսիմի յատուկ չէ։ Այն

ամբողջ երկրի ժողովուրդին կարելի է ընդհանրացնել։

Լ.Ք.- Քանի՞ հիւանդանոցներ ունիք քորոնա ժահրը ստուգելու համար։

Տէրսիմի մէջ միայն մէկ հատ պետական հիւանդանոց կայ, ուր նման ստուգում

չենք կրցած ընել։ Հետեւաբար մենք ալ տարածաշրջանի այլ քաղաքներու նման

հիւանդները կ՚ուղարկենք Էրզրում։

Մենք քորոնա ժահրը ստուգելու համար դրութիւն չունենալով հանդերձ ունինք

գերզգայուն առողջապահական անձնակազմ։ Անոնց շնորհիւ մանաւանդ ալ մեծ

քաղաքներէ աւելի ապահով ըլլալու միտումով Տէրսիմ ուղարկուած տարեցները

եւ երախաները դարձեալ մեր ուշադրութեան կիզակէտին են։ Նշեմ որ անոնց

վարակիչ ըլլալու հաւանականութիւնը աւելի բարձր է։ Բայց մենք ամէն գնով՝

յատկապէս Առողջապահական Տնօրէնութեան հետ գործակցելով կը պայքարինք

այդ հաւանականութեան դէմ։ Ճիշդ ալ այդ պատճառաւ է որ ես զրոյցի սկզբին

յատուկ նշած էի հանրաշարժներու կեդրոնական կայարանի միջոցառումները։

Քաղաք եկող եւ քաղաքէն բաժնուող իւրաքանչիւր հանրաշարժի ուղեւորները

բծախնդրութեամբ կը քննարկուին մեր անձնակազմին կողմէ։ Եթէ եկողներու

մէջ կասկածելի դէպքերու հանդիպինք Մնձուր Համալսարանի հանրակացարան

կը փոխադրենք իբրեւ քարանդինայի կեդրոն։

Լ.Ք.- Երկրի ամենաուսեալ քաղաքին քաղաքապետն էք։ Համոզուած եմ որ ձեր

քաղաքացիները աւելի գիտակից ըլլան առկայ վտանգի լրջութեան հանդէպ։

Փողոցի փորձերը կ՚արդարացնե՞ն իմ այս համոզումը։

Ֆ.Մ.Մ.-Եւ թէ ինչպէս։ Տարեցներէն հետաքրքրական պատասխաններ կը ստանանք,

երբ իրենց կը հարցնենք թէ ինչո՞ւ փողոցն են, «Մենք արդէն տարեց ենք, դուք

ձեզ լաւ նայեցէք, թող ձեզ բան մը չ՚ըլլայ», «Այս համաճարակին մէջ խաղ մը

կայ», «Տիւզկիւն Պապան, Խըզըրը մեզ օգնական»եւ այսպիսի պատասխաններ

կը ստանանք։ Նոյնիսկ ըսողներ կան որ այս հիւանդութիւնը բնութեան դէմ

գործուած յանցանքներուն հետեւանքն է։

Կը բաժնեմ ձեր հաստատումը։ Մեր քաղաքացիները բաւական գիտակից են։ Այդ

պատճառաւ ալ հիւանդութեան քաղաքական երեսակին մասին բազմաթիւ

վերլուծումներ կը լսենք։

Լ.Ք.- Տունէն սովորելու խնդրին համար մտահոգութիւններ ունիմ։ Իւրաքանչիւր

տուն օժտուած է համակարգիչով կամ համացանցով։ Իւրաքանչիւր աշակերտ

պիտի կրնա՞յ հետեւիլ առցանց դասընթացքներուն։

Ֆ.Մ.Մ.- Դժբախտաբար չեմ կրնար դրական պատասխանել այս հարցումին։ Մեր

աշակերտները ընդհանրապէս զուրկ մնացին այդ դասընթացքներէ։

Լ.Ք.- Սրտանց կը հաւատամ ձեր խօսքի ճշգրտութեան։ Արդեօք քորոնա ժահրի

պայքարի մէջ ի՞նչ անբաւարարութիւններ ունեցաք։

Ֆ.Մ.Մ.-Քորոնա ժահրի յայտնուած օրէն իսկ պէտք էր Շրջանային վարչութիւնները,

պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, առողջապահական

ոլորտի արհմիութիւնները համատեղ աշխատութիւն տանէին։ Նման

աշխատութեան համար առաջին վայրկեանէն սկսեալ պէտք էր յաւելեալ

նիւթական միջոցներ ապահովել։ Մինչդեռ մենք այդ բոլորին դիմեցինք հազիւ

վարակը մեր դռները թակելէն ետք։ Այս պահուն մը մաղթենք որ շարունակող

աշխատութիւնները արգելք ըլլան աւելի մեծ թիւով մարդկային կորուստներու։

Լ.Ք.- Ինչպէս բոլոր փարատօնները «Հարիւր Ծաղիկ Թող Ծաղկի»մշակոյթի կեդրոնի

եւ ձեր քաղաքապետարանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած

«Եըլմազ Կիւնէյի Գ. Մշակոյթի եւ Արուեստի Փառատօն»ը յետաձգուած է։ Թուական մը ճշդա՞ծ էք։

Ֆ.Մ.Մ.-Մենք նախատեսած էինք մինչեւ 15 Ապրիլ դիտումները ստանալ եւ Մայիսի ու

Յունիս ամիսներու մէջ ալ փառատօնը իրականացնել։ Այս պահուն գործադրման

համար թուական մը ճշդած չենք։ Զարգացումներու հետեւելով կը յուսամ թէ 15

Մայիսին յստակ թուական մը կարենանք յայտարարել։

Լ.Ք.- Շնորհակալութիւն ձեր պատասխաններուն համար

Ֆ.Մ.Մ.-Ես շնորհակալ եմ ձեր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ