Համայնքային զօրակցութեան կարգադրութիւն

«Ակօս»ի կայքէջը հասարակական լրատուութեան առաքելութիւնը յարգելով իր 

Իր ընթերցողները տեղեակ կը պահէ մեր համայնքային ուղղեալ բոլոր

կանխամիջոցներէ։ Այդ սկզբունքով կը փոխանցենք Պատրիարքարանի յայտարարութիւնը, որ 24 Մարտին լոյս տեսած էր իր կայքէջին վրայ:

*

Քորոնա ժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ արդէն իսկ համակարգեալ աշխատանքները սկսած են։

Այս ուղղութեամբ կազմուած օժանդակութեան համակարգիչ յանձնախումբին կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ ստորեւ հաղորդակցական կապերու միջոցաւ։

ԳումգաբուՍ. ԱստուածածինՄայրԵկեղեցի ,Թալին Կալիպօղլու,0212 5162517

ՊագրգիւղՍ. ԱստուածածինԵկեղեցի,         Սիլվա Նույան, 0212 5716575

ՖէրիգիւղՍ. ՎարդանանցԵկեղեցի,            Գարին Չէթին, 0212 2482913

ՍամաթիաՍ. ԳէորգԵկեղեցի,                   Լուսին Էօզապրահամեան, 0212 5850193

ԳատըգիւղՍ. ԹագաւորԵկեղեցի,              Մարի Թէքիր, 0216 3360166

ՕրթագիւղՍ. ԱստուածածինԵկեղեցի,        Թալին Պէրպէրեան, 0212 3277495

ՍկիւտարՍ. ԽաչԵկեղեցի,                      Պայծառ Սօլաք, 0216 5530250

ԵշիլգիւղՍ. ՍտեփանոսԵկեղեցի,              Վրէժ Ներսէսեան, 0212 5730243

Անոնք, որոնք առանձին կ՚ապրին ու օժանդակութեան կարիքն ունին եւ իրենց տարիքին բերմամբ կարող չեն դուրս ելլել, վերոյիշեալ կեդրոններու հետ կապ հաստատելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ իրենց հասնիլ։

Ծանօթ է թէ այս բարեսիրական աշխատութիւնը կը կարօտի կամաւոր օժանդակողներու։ Յանձնախումբի աշխատանքներուն մաս կազմել փափաքող կամաւորներ եւս կրնան նոյն կեդրոններուն հասնիլ եւ արձանագրել տալ իրենց անուններն ու հաղորդակցութեան միջոցները։

Այս ճգնաժամային պահը առիթ է որ հաւատքը գործի վերածուի, Աստուծոյ փառքին եւ կարօտեալներու մխիթարութեան համար։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ