Պէտք է յայտնաբերուի Թահիր Էլչիի ոճիրը

Սպանութեան 5-րդ տարիին վերջապէս պատրաստուեցաւ ամբաստանագիր մը, որ մեծ ընդվզում պատճառեց մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու շրջանակներու մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է իրաւաբան Թահիր Էլչի կը վարէր Տիյարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախագահի պաշտօնը։ Ան մամլոյ յայտարարութիւն մը կը կատարէր սոյն քաղաքի պատմական աշտարակի ներքեւ, ուր յանկարծակի կրակոցներու թիրախը դարձաւ ու մահացաւ տեղւոյն վրայ։ 28 Նոյեմբեր 2015-ի այդ դէպքէն ետք մինչեւ օրս չէր կատարուած որեւէ հարցաքննութիւն: Իրաւական մարմիններու այդ թերացումը յաղթահարելու համար Փաստաբաններու Կաճառն էր, որ իր միջոցներով փաստեր հաւաքեց, վկայութիւններ լսեց, ի մի բերաւ դէպքի պահուն զանազան լրագրողներու հաւաքած տեսանիւթերը եւ այդ բոլորը ուսումնասիրելու պահանջով դիմեց միջազգային կարգ մը հաստատութիւններու։ Այդ հաստատութիւններուն առջեւ դրուած հարցականը հաւանական ոճրագործի յայտնաբերումն էր։ Մասնագէտները բծախնդիր աշխատեցան իրենց տրամադրուած նիւթերուն վրայ եւ պատրաստեցին դէպքի վերակենդանացումը ցոլացնող տեսաերիզ եւ այդ տեսանիւթով ալ յստակօրէն ճշդեցին սպանեալ իրաւապաշտպանը զգետնող կրակոցը։ Այսպէս կ՚ակնկալուէր երեք ոստիկաններու որպէս ոճիրի հաւանական մեղադրեալներ դատուիլը։ Սակայն դատարանը անտեսած է միջազգային մասնագէտներու տեղեկագիրը եւ մատնանշուած երեք ոստիկանները իր պատրաստած ամբաստանագրի մէջ ներկայացուցած է իբրեւ «ականատես»։ Փոխարէնը ցարդ փախուստի դիմած եւ չյայտնաբերուած ՓՔՔ-ական գործիչը ներկայացուցած է իբրեւ կասկածելի։

Ոճիրէն վերջ հիմնուած «Թահիր Էլչի Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկ»ը այս բոլորը կը գնահատէ ոճիրը անլուծելի դարձնելու փորձեր ըլլալով։

Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ մօտ անցեալի պատմութեան մէջ բազմաթիւ են հեղինակը անյայտ ոճիրները։ Թահիր Էլչի իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր նման ոճիրներու զոհերու իրաւունքները պաշտպանելու։ Այժմ ինք եւս զոհը դարձած է նման բնոյթի ոճիրի մը եւ պաշտօնակիցներն են, որ կը պայքարին արդարութիւնը հաստատելու համար։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ