Խտրականութիւնը մահ կը սպառնայ

Քո­րո­նա ժահ­­­րի վա­­­­րակի կա­­­­րեւո­­­­րագոյն թի­­­­րախ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­սանան բան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րը, ուր մար­­­­դիկ կը գտնո­­­­ւին հա­­­­ւաքա­­­­բար եւ շատ խնդրա­­­­յարոյց է ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­տական կան­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­միջոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Այս իրո­­­­ղու­­­­թիւնը նկա­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալով զա­­­­նազան եր­­­­կիրներ որո­­­­շած են ժա­­­­մանա­­­­կաւոր կեր­­­­պով տուն ղրկել բան­­­­տարկեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, մին­­­­չեւ վա­­­­րակի աւար­­­­տին հաս­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­լը։

Թուրքիա ինչպէս զա­­­­նազան գե­­­­տին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու վրայ այս նիւ­­­­թին մէջ ալ փոր­­­­ձեց վա­­­­րակը առի­­­­թի մը վե­­­­րածե­­­­լու եւ այսպէ­­­­սով ալ իր ծրագ­­­­րած, բայց ցարդ կեան­­­­քի չկո­­­­չած զա­­­­նազան խնդիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն լու­­­­ծում մը գտնե­­­­լու հա­­­­մար։ Ծա­­­­նօթ իրո­­­­ղու­­­­թիւն է, որ Ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին Շար­­­­ժում կու­­­­սակցու­­­­թեան առա­­­­ջար­­­­կած ներ­­­­ման օրէն­­­­քը բա­­­­նավէ­­­­ճերու առիթ տո­­­­ւած էր Խորհրդա­­­­րանի մէջ։ Այժմ իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւնը առի­­­­թէն կ՚օգ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւի նոյն ծրա­­­­գիրը բո­­­­լորո­­­­վին տար­­­­բեր պատ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով կրկին ան­­­­գամ օրա­­­­կար­­­­գի բե­­­­րելու հա­­­­մար։ Այս ան­­­­գամ խօս­­­­քը ոչ թէ ներ­­­­ման մա­­­­սին է, այլ բան­­­­տարկեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կեան­­­­քի անվտան­­­­գութիւ­­­­նը ապա­­­­հովե­­­­լու մա­­­­սին։ Սա­­­­կայն հոս եւս կը յայտնո­­­­ւի խտրա­­­­կանու­­­­թեան պատ­­­­կերներ, քա­­­­նի որ կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թիւնը պա­­­­տիժ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու զեղչման մի­­­­ջոցաւ կ՚ու­­­­զէ ազատ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կել սո­­­­վորա­­­­կան յան­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­գործնե­­­­րը, զանց առ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով քաղ­­­­բանտար­­­­կեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Այս ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­ւասա­­­­րու­­­­թիւնը բնա­­­­կանա­­­­բար ընդվզում յա­­­­ռաջա­­­­ցու­­­­ցած է հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան մօտ եւ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ հա­­­­սարա­­­­կական կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւններ իրենց առար­­­­կութիւ­­­­նը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցած են կա­­­­տարո­­­­ւածին հան­­­­դէպ։

Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ նոր կա­­­­նոնագ­­­­րութիւ­­­­նը կը մի­­­­տի բան­­­­տի պայ­­­­մաննե­­­­րուն տակ պա­­­­հել բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ քաղ­­­­բանտար­­­­կեալ­­­­ներ երբ ան­­­­դին ազա­­­­տու­­­­թիւն կը շնոր­­­­հէ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ յան­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­գործնե­­­­րու, որոնք մե­­­­ղադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էին ծանր յան­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րով։

Բա­­­­նաձեւ նոյ­­­­նութեամբ ան­­­­ցած է Խորհրդա­­­­րանի ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան յանձնա­­­­խումբէն եւ եկած է ընդհա­­­­նուր ժո­­­­ղովի օրա­­­­կար­­­­գին։

Ըստ երե­­­­ւոյ­­­­թին այս հանգրո­­­­ւանն ալ դիւ­­­­րաւ պի­­­­տի յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­հարո­­­­ւի շնոր­­­­հիւ իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան տի­­­­րացած ձայ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մե­­ծամասնութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ